Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Պզտիկ Կարմրուկ «Խնձորներ»

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Հին պազարի ծայրին, խանութի մը պատին տակ սեւ մլայայով պպզած կին մը, շաբաթը երկու կամ երեք օր «Զէնպիլ»ով եղանակի թարմ պտուղներ կը ծախէր:

Բաց գոյնով «Զէնպիլ»ները , բարակ եւ ճկուն բոյսով հիւսուած կողովներ էին, որոնք աժան եւ դիմացկուն ըլլալով ատենին շատ կը գործածուէին Եգիպտոսի մէջ:

Այդ թեթեւ կողովներուն մէջ դիւրին էր տեղէ տեղ ապրանքներ փոխադրելը, եւ այդ պատճառով ալ, շրջուն վաճառորդները, գրեթէ միշտ բերնէ բերան կը լեցնէին, ու յետոյ ալ բեռնաւորուած, օրօրուն եւ ծանր քայլերով կ’անցնէին փողոցներէն :

Բայց սեւ մլայայով կինը անոնց մէջ բացառութիւն կը կազմէր, որովհետեւ իր «Զէնպիլ»ները , մինչեւ բերան լեցուն չէին ըլլար:

Ան բեռի ծանրութիւնը հաշուի առնելով, միայն չափաւոր քանակութեամբ եղանակի պտուղներ կը լեցնէր կողովին մէջ, եւ երբեմն ալ, անոր մէկ անկիւնին մէջ հաւաքուած, շատերու անծանօթ Ալոճաներ ալ կը բերէր հետը:

Ալոճաները կլոր, փայլուն երեսով , եւ կեռասի չափով ու անոր շատ ալ մօտիկ գոյնով , կարմրուկ պտուղներ էին, որոնցմէ յատկապէս ողորկ երես ունեցողները, երբ թուխ դէմքով կինը «Զէնպիլ»ին լաթը վերցնէր, արեւի լոյսին տակ յաճախորդներուն ուրախ կը ժպտէին:

Բարակ կոթով, եւ երբեմն ալ առանց կոթի Ալոճաները համեղ էին:

Ես կը սիրէի դանդաղ ծամել եւ պտուղին հիւթը բերնիս մէջ երկար զգալ, եւ ամէն անգամ երբ մայրս գնումներու համար Մուսքիի պազարը երթալու խօսք ընէր,

-Մա՛, երբ հոն հասնինք, դուն ինծի կարմրուկ խնձորներէն կ’առնե՞ս,- կը հարցնէի…

-Կ’առնեմ… բայց դուն ալ անոր կուտերուն պէտք է ուշադրութիւն ընես,- կը պատասխանէր մայրս միշտ …:

Բայց կուտերը շատ չէին ըլլար թիւով, եւ այնքան ալ կարծր չէին :

Անոնք նոյնիսկ խնձորներու կուտերէն աւելի պզտիկ էին եւ դիւրին կը փշրուէին ակռաներուս տակ:

Ես պզտիկ էի այն ատեն չէի գիտեր խնձորները ալոճաներէն զանազանել եւ կը խորհէի , որ բոլոր ալոճաները պզտիկ խնձորներ էին…: Սակայն կ’ուզէի որ մօրս գնած «խնձորներ»ը բոլորն ալ կարմրուկ ըլլային, որովհետեւ կարմրուկ չեղածները հիւթեղ չէին ըլլար…: Երբ շատ պնդէի,

-Լաւ,-կ’ըսէր մայրս զիս հանդարտեցնելու համար,- երբ հոն հասնինք ես քեզի խնձորներուն ամենէն կարմրուկները կը զատեմ ու կ’առնեմ…:

Բայց երբ Մուսքիի պազարը հասնէինք, եւ կինը կողովին վրայի լաթը ետ քաշէր , յաճախ յուսախաբուելու մօտ կը զգայի, որովհետեւ մէջի պտուղներուն բոլորն ալ կարմրուկ չէին ըլլար ու ես անոնց տակ պահուըտած, եւ միւսներէն աւելի պզտիկ ու կէս կարմրածներ ալ կը տեսնէի:

Երբեմն ես կը գանգատէի, բայց օգուտ չէր ունենար որովհետեւ այդ պտուղները միշտ չէին գտնուէր եւ կլիմայական պայմաններու բերումով ալ, քիչ կը բուսնէին…:

Վստահ չեմ բայց դեռ ասկէ զատ, թերեւս ուրիշ ալ պատճառներով, պտուղ ծախող կնոջ համար միշտ դժուար էր կողովին մէջ միայն կարմրուկ ալոճաներ ունենալը:

Սակայն կինը դիւրին կը ծախէր բերածները: Ան փողոցին ծայրը նստած, ամէն անգամ երբ իր կողմը յառաջացող մէկը տեսնէր, պտուղը ճանչցնելու համար , կողովի երեսին գոց լաթը կիսովին կը բանար, եւ եկողին ուշադրութիւնը գրաւելու համար, մէջի առողջ պտուղներուն գովքը բարձրաձայն կը հիւսէր:

Ես չէի գիտեր թէ կինը ուրկէ կը բերէր այդ կարմրուկ, հիւթեղ եւ մօրս խօսքին համեմատ ալ «Մայխոշ» ալոճաները:

Գիտէի միայն՝ որ այդ կէս անուշ եւ կէս թթու պտուղները, միշտ եւ ամէն տեղ չէ որ կը գտնուէին Գահիրէի մէջ: Անոնք հազուագիւտ էին, եւ եղանակի տաք օրերուն անգամ դժուար կը տեսնուէին պտղավաճառներուն մօտ: Սակայն գնողները գիտէին անոնց եւ կնոջ բերած միւս պտուղներուն համը ու թերեւս ալ այդ պատճառով, կինը ամէն անգամ կողովին բոլոր պարունակութիւնը ծախած տուն կը դառնար:

Պատին տակ իր սովորական տեղը կեցած կամ պպզած՝ ան միշտ յաճախորդներու կը սպասէր:

Պարապ ժամերուն, «Զենպիլ»ին մէջի ալոճաներուն ամենէն աղուորները միւսներուն վրայ կը շարէր եւ զիլ ձայնով , աժան գինի գաւաթ մը լեցուն ալոճա կը ծախէր անցորդներուն:

Սակայն յաճախորդները երբեմն գինը կը սակարկէին եւ կնոջմէն աւելի պտուղ կը պահանջէին:

Դժուար էր կնոջ եւ իրեն պէս շրջուն վաճառորդներու կեանքը այն օրերուն, եւ կնոջ ծախած պտուղներուն շահն ալ մեծ բան մը չէր արդէն: Բայց ան երբեմն առաւօտեան առաջին վաճառումը «Սիֆթահ» ով սկսելու , եւ օրուայ մնացեալ մասն ալ նոյն ձեւով յաջող շարունակելու համար, երբեմն առանց երկար սակարկելու, բաց ափը պտուղներուն վրայ կը պտըտցնէր եւ ոլորուած թուղթէ գաւաթի մը մէջ լեցուցած ժամանակ , երկու կամ երեք աւելի ալոճա ալ «նուէր» կը նետէր:

Սակայն միշտ այդպէս չէր ըլլար, եւ ուրիշ օրեր երբ յաճախորդին պահանջածը ձեռնտու չըլլար, կամ ալ երկու կողմերուն կարելի չըլլար գինի մասին համաձայնութեան գալ, կինը դիմացինին

-«Մին ղէյր ֆլուս եա մատամ» կը պատասխանէր, եւ կողովին բաց մնացած երեսը, լաթով դարձեալ կը գոցէր:

Այդպէս էր «Մին ղէյր ֆլուս»ը Եգիպտոսի մէջ այն օրերուն:

Ան տառացիօրէն «առանց վճարումի» կամ ալ «ձրի»ի իմաստը ունէր, եւ երբ վաճառորդը այդ խօսքերով վերջացնէր սակարկելը, կը նշանակէր թէ ապրանքին գինը արդէն իր նուազագոյնին հասած էր ու կարելի չէր այլեւս իջեցնել ու աւելի աժան ծախել:

Այն ատեն յաճախորդները այլընտրանք չունենալով, կամ կը համակերպէին եւ պտուղներուն փոխարժէքը վճարելով կը գնէին, կամ ալ կը հրաժարէին գնելէ եւ կ’երթային շուկային մէջ ուրիշ վաճառորդներու մօտ փնտռելու իրենց ուզածները:

Անոնց հեռանալէն յետոյ, կինը ամէն անգամուայ ըրածին պէս, մնացած ալոճաներուն ամենէն աղուորները դարձեալ կը զատէր, «Զէնպիլ»ին մէջ գեղեցիկ եւ նոր ձեւով նորէն կը շարէր, եւ յետոյ կողովին առջեւ կեցած՝ աչքով անցորդներուն մէջ մօտեցող նոր յաճախորդներ կը փնտռէր…

Անցորդները սովորաբար խանութներ մտնող-ելլող յաճախորդներ, կամ ալ տեղէ մը ուրիշ տեղ ապրանքներ փոխադրող բեռնակիրներ կ’ըլլային, որոնք կնոջ պէս համեստ, երբ քովէն անցնէին, օրուայ տաք ժամերուն չէին դիմանար եւ «Զէնպիլ»ի տիրուհիէն պտուղ կը գնէին:

Սակայն այն օրը երկինքը տարբեր էր եւ արեւը առտուընէ ի վեր երեսը ցոյց չէր տուած: Օդը ամպոտ էր , լալկան եւ թեթեւ կը ցօղար:

Կինը պատին տակ տխուր կեցած յաճախորդներու կը սպասէր:

Յանկարծ զգաց, որ ցօղի պաղ կաթիլներ գլուխը եւ ուսերը կը թրջէին: Վեր նայեցաւ եւ տեսաւ որ անոնք հիմա աւելի արագ ու խոշոր կ’իջնէին :

-Ի՛նչ գէշ օ՜՜դ ,- խորհեցաւ եւ պատին տակ ետ քաշուեցաւ ու աւելի կծկուեցաւ:

Յետոյ յիշեց, որ այն օրը հետը բերած պտուղներուն հազիւ կէսը ծախած էր, եւ ձեռնտու չէր իրեն պարապ ձեռքերով, կամ ալ միայն կէս պարունակութեամբ ծախուած «Զէնպիլ»ով տուն դառնալը:

Ան կողովին բերանը բացաւ, եւ պտուղներու գովքի իր սուր ձայնը, շուտով փողոցի ուրիշ վաճառորդներու կանչերուն միացաւ եւ անձրեւի կաթիլներուն խառնուելով օդին մէջ կորսուեցաւ:


Կինը գաւաթի ձեւով ոլորուած թուղթէ «Օրթաս»ին մէջ «Զէնպիլ»էն առատ ալոճաներ լեցուց, եւ մտահոգ նայուածքով երկինքը դիտեց:

-Այս անձրեւը արդեօք ե՞րբ պիտի դադրի,- հարցուց մայրս խօսակցութիւն մը սկսելու համար:

Բայց կինը տրամադիր չէր խօսելու: Ան նեղուած էր, չպատասխանեց եւ միայն ձեռքով օդին մէջ անորոշ շարժում ըրաւ:

-Կը կարծե՞ս դեռ երկար տեւէ,- պնդեց մայրս կնոջ տխրութիւնը փարատելու համար:

-Չեմ գիտեր, հոս շատ չ’անձրեւեր,- պատասխանեց կինը վերջապէս, եւ յետոյ ցուցամատը երկինք բարձրացուցած,- միայն թէ Եարէյթ երկնքի մեր Րապպենա հայրը, այս անձրեւը ինշալլահ շուտ վերջացնէ,- շարունակեց…:

Ճիշտ էր կնոջ ըսածը: Գահիրէի մէջ հազուադէպ էին անձրեւները եւ երբ գային քիչ կը թրջէին փողոցները, իսկ արեւն ալ տարուան մէջ չանձրեւած ուրիշ շատ օրերուն, հին պազարներու մէջ քալող բազմութիւններուն կ’ընկերանար, եւ խանութներու առջեւ կախուած ապրանքներու, բաց սրճարաններու մէջ նստած յաճախորդներու, եւ ասֆալտին վրայ ալ խայտաբղէտ գոյներով տողանցող մարդոց հոսանքին, գեղեցկութիւն եւ կեանքի ջերմութիւն կու տար:

Գեղեցիկ էր տեսարանը: Գեղեցիկ էր մանաւա՛նդ վերէն դիտուած, եւ Աստուած իսկ, երբ այդ ժամերուն բարձրէն նայէր, կը հիանար իր ստեղծագործութեան վրայ, ու կը խորհէր, թէ արեւը կեանք ըլլալէ զատ, դեռ ամէն շարժող բանի ալ կեանք կու տար…:

Սակայն տարբեր էր այն օրը, եւ երկնքի տէրը երբ պահ մը աշխատանոցի իր պատուհանէն վար նայեցաւ, Մուսքիի սովորաբար արեւոտ հին պազարին տեղ, միապաղաղ գոյնով, թրջած տարածութիւն մը տեսաւ:

Շուկային մէջ չկար ուրիշ օրերու արեւը, ու չկար նաեւ, ասֆալտին վրայ երփներանգ հագուստներով քալող մարդոց հոսանքը…:

Աստուած նեղուեցաւ ու չհաւնեցաւ տեսածը:

-Ո՞ւր էին ամէն ատենուայ միշտ տաքուկ արեւը եւ պազարին մէջի անպակաս ուրախութիւնը,- խորհեցաւ …:

Բայց Աստուած ամենակարող էր, ուրախութիւն կը սիրէր եւ

վայրկեանին որոշեց անմիջապէս վերականգնել վարի զուարթ տեսարանը:

Կանչեց իր մօտ արեւը, զատեց անոր ճառագայթներու եօթը գոյներուն մէջէն, ուրիշ օրեր վարը քալող մարդոց հագուստներու երփներանգ գոյները , եւ խոշոր կտաւի մը վրայ ծռած սկսաւ վրձինով ներկել:

Դիւրին չէր գործը բայց երկար աշխատելի յետոյ, պահ մը արեւի ճառագայթներուն գոյները դեռ աւելի վառ եւ հարազատ դարձնելու համար, հոս ու հոն թեթեւ հպումներով ճշտումներ ըրաւ, յետոյ որոշ գոյներ մեղմացուց, ուրիշներ ալ զօրացուց եւ երբ տեսաւ, որ ուրիշ ընելիք չէր մնացած այլեւս, հաւաքեց գործի ժամանակ արեւի ճառագայթներու գետին ինկած քանի մը կտորները, ափին մէջ խուրձ կազմեց եւ անոնցմով մաքրեց ու փայլ տուաւ նկարի գունաւոր երեսին:

Հիմա իսկապէս գեղեցիկ էր կտաւը: Ան արուեստի հիանալի գլուխ գործոց էր եւ գին չունէր: Արդէն ծախու ալ չէր:

Աստուած անկէ ետք կտաւին վարի անկիւնը թուագրեց, նոյն վրձինով ալ « Ծիրանի Գօտի» մակագրեց ու յետոյ գունաւոր խոշոր կտաւը երկնքի կապոյտ պատէն վար կախեց…:


Վարը անձրեւը արդէն դադրելու եւ երկինքն ալ բացուելու վրայ էր:

Կինը ալոճայով լեցուն, գաւաթի ձեւով ոլորուած թուղթէ «Օրթաս»ը մօրս երկարեց եւ ցուցամատը քիչ առաջուայ պէս դարձեալ երկինք բարձրացուց , եւ ուրախ ժպիտով, այս անգամուն

-Րապպենա Քերիմ ,-ըսաւ

-Փը՛թ…Փը՛թ…Փը՛թ

Անձրեւի վերջին կաթիլները հիմա ուշ եւ համրանքով կ’իջնէին փողոցի ասֆալտին վրայ, եւ ամէն կաթիլի մէջ ալ կարծես Ծիրանի Գօտիին գոյները կային ….:

Հին շուկային մէջ մարդիկ արդէն քալել սկսած էին, եւ կեանքն ալ կամաց-կամաց աշխուժանալու վրայ էր:

Մայրս պազարէն դեռ քանի մը պզտիկ գնումներ ալ ունէր ընելիք:

Ես քովէն քալելով եւ «Օրթաս»էն ալոճաներ ուտելով, արդէն վերջինին հասած էի, երբ հեռուէն կնոջ սուր ձայնը լսեցի:

Դարձայ, կինը «Զէնպիլ»ին երեսը բացած, շուրջը հաւաքուած յաճախորդներու հետ կը խօսէր:

Մայրս արդէն ինծի գնած էր կնոջ ծախած կարմրուկ « խնձոր»ներէն մտածեցի, եւ «Օրթաս»ին մէջի վերջին ալոճան բերանս նետելով, դանդաղ ծամեցի եւ «Մայխոշ» հիւթը երկար ատեն բերնիս մէջ պահեցի:

Քամփինաս, Պրազիլ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին