(Ռուս-Ուքրանական Պատերազմին Առթիւ)
Անդրանիկ Տագէսեան
Փետրուար 24էն իվեր ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ Ուքրանիա ներխուժումին: Պիտի ջանամ ի՛մ հասկցածիս ու խորհրդածութիւններուս մէկ մասը բաժնեկցիլ ընթերցողներուս հետ: Պիտի ջանամ անդրադառնալ հարցին խորքին, եւ որպէսզի ըսելիքս հաւաստեմ, համառօտակի պիտի վկայակոչեմ անցնող աւելի քան երեսնամեայ մեծ դէպքերէն ու իրադարաձութիւններէն դրուագներ: Աւելորդ է ըսել, թէ նպատակս լուսաբանել եւ հարցադրումներ կատարել է …միմիայն:
Աշխարհի նոր համակարգը
Վարշաւիոյ Ուխտին դադրեցումով եւ Խորհրդային Միութեան տարանջատումով վերջ գտաւ աշխարհի երկբեւեռ համակարգը, որ ձեւաւորուիլ սկսած էր Բ. աշխարհամարտի մայրամուտին, Եալթայի վեհաժողովով: Այն ատեն աշխարհը բաժնուեցաւ ազդեցութեան երկու գօտիներու՝ մին վերահսկուող Մ. Նահանգներու, իսկ միւսը՝ Խորհրդային Միութեան կողմէ: Սակայն, երբ այս համակարգին երկու հիմնասիւներէն մին դադրեցաւ գոյութենէ, բնականաբար, այդ համակարգն ալ դադրեցաւ գործելէ: 1990ականներէն սկսեալ, աշխարհի այն մասը զոր կը վերահսկէր Խ. Միութիւնը, մնաց անտէր ու գրգռեց ախորժակներ: Ո՞վ պիտի վերահսկէր եւ հետեւաբար տնօրինէր այդ «ժառանգ’ը:
Ու քանի որ առկայ միակ գերուժը Մ. Նահանգներն էր, աշխարհը վերածուեցաւ միաբեւեռ համակարգի: Մ. Նահանգները ձգտեցաւ առանձինն , ինքնուրոյն եւ իր շահերուն համեմատ վերահսկել ու տնօրինել ոչ միայն արդէն իր բաժին աշխարհը այլ «անտէր» մնացած Խ. Միութեան ժառանգը: Այդ շրջանին ականատես եղանք Ծոցի պատերազմներուն, Եւրոպայի մէջ Եուկոսլաւիոյ տարանջատման, Ատլանտեան Ուխտին Արեւելեան Եւրոպա ծաւալման, Մ. Նահանգներու ազդեցութեան գօտիներու առաւել ընդարձակման:
(Փակագիծի մէջ ըսեմ, թէ այստեղ յանցանքի, մեղաւորի կամ սխալի հարց չկայ, որովհետեւ քաղաքականութիւնը ունի խաղի իր կանոնները):
Այս միաբեւեռութիւնը երկար չտեւեց. ի յայտ եկան համաշխարհային ուժեր, որոնք նկատելով իրենց շահերուն վտանգուիլը, ձեռնոց նետեցին կամ յաւակնեցան փոխակերպել միաբեւեռ համակարգին օրինաչափութիւնները: Այդ ուժերէն մին Եւրոպական Միութիւնն էր, միւսը Չինաստանը, Ռուսաստանը եւն.:
Սկսաւ խուլ քաղաքական/ռազմական/տնտեսական/փափուկ ուժի միջոցներով յառաջմղուող գզուըտուք մը յաւակնորդներուն եւ Մ. Նահանգներուն միջեւ: Բոլորն ալ կը փափաքէին բարելաւել իրենց դիրքերը-շահերը: Իւրաքանչիւր յաւակնորդ տարբեր պատրուակներ, խաղամիջոցներ, նպատակներ ի գործ դրաւ հասնելու համար իր ուզածին:
Քաղաքագիտական առումով քաշքշուքի այդ շրջանը անուանուեցաւ անցումային: Անցումային այս շրջանը դրսեւորեց մեծ անկայունութիւններ, խախտումներ, գործող եւ համաձայնեցուած նորմերէն դուրս ընթացակարգեր…:
Անցումային վիճակը Խորհրդային Միութեան արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան եւ արեւելեան ծայրամասերուն (կամ անոնց մօտիկ) շրջաններուն մէջ ռազմական տեղաշարժեր յառաջացուց: Եուկոսլաւիոյ դիակին վրայ բուսան նոր պետութիւններ: Ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ հիմնուեցան Աբխազիոյ, հարաւային Օսեթիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի, Մերձտնիէսթէրի, Տոնպասի հանրապետութիւնները: Այլ ճակատի վրայ ձեւաւորուեցան ու հռչակուեցան շրջանային կամ միջցամաքամասային տնտեսական թէ ռազմաքաղաքական նոր ուխտեր կամ եղածները ձեւափոխուեցան (Եւրոպական Միութիւն եւն.): Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ վերարծարծուեցան Խաղաղական Ովկիանոսին վերահսկումը եւ Չինաստան-Թայուան տագնապը, մինչ կարելի եղաւ խաղաղ կարգաւորումի տանիլ Հոնկքոնկի վերակցումը Չինաստանին: Եւ իվերայ այսր ամէնայնի՝ Արաբական Գարունը աշուն բերաւ ու տակաւին չծլեցաւ արաբական որեւէ շրջան…:
Կ’ակնկալուէր որ անցումային շրջանը չերկարի այսքան, այլ խորունկ ու մեծ ցնցումներէ ետք, յարաբերական խաղաղութիւն մը գոյանայ, յաւակնորդները համաձայնին ընդհանուր յայտարարի մը շուրջ, իսկ այնուհետեւ համաձայնեցուած պայմաններու պարունակին մէջ մանր վերաշտկումներ տեղի ունենան ու մենք մտնենք 1945-1980ականներուն նման «խաղաղ» ժամանակաշրջան մը:
Այդպէս չեղաւ ու անցումային շրջանը տակաւին կը յամենայ:
Կը թուի առնուազն հինգ պատճառ կայ անոր երկարաձգման.- ա) Ի տարբերութիւն Եալթայի, հիմա յաւակնորդները երկուքէն աւելի են. իսկ քաղաքաքական բորբոքումը կը սկսի … երբ դերակատարները (յաւակնորդները) երկուքէն աւելի կ’ըլլան (քաղաքական տեսութեան մէջ երկու դերակատարներու միջեւ եղած յարաբերութիւնը քաղաքականութիւն չի նկատուիր…), բ) ի տարբերութիւն Եալթայի, ուր երկու յաւակնորդները ռազմական լեզուով կը խօսէին, այսօր յաւակնորդներէն ոմանք կը խօսին ժողովրդագրական, տնտեսական, ռազմական կամ այլ լեզուներով, գ) Եալթայի մէջ երկու գերհզօրները իրենց ուզածը պարտադրեցին ստորադաս պետութիւններուն, այսօր սակայն, այդ ստորադաս պետութիւններէն շատեր գլուխ ցցած են եւ իրենք ալ կը ձգտին աշխարհի նոր համակարգի ձեւաւորման մասնակցիլ (օրինակ Թուրքիա, Իսրայէլ): դ) Այն ատեն, ոչ մէկ պետութիւն ասպարէզ կարդաց Եալթային դէմ, իսկ այսօր որեւէ երկու յաւակնորդներու միջեւ կայացուած որեւէ «Եալթա»յի դէմ միւս յաւակնոդները (երբեմն նոյնինքն մասնակիցները) ասպարէզ կը կարդան, ե) Ի տարբերութիւն Եալթայի՝ ներկայ բոլոր դերակատարները աննախընթաց փոխկախեալութեան մէջ են իրարմէ:
Արդ, առայժմ համոզուած կը մնամ որ նոր Եալթան տակաւին պիտի ուշանայ եւ հետեւաբար, կարեւոր է որ «փիղերուն կռիւին» ոտնատակ չերթանք, կամ ջանանք առաւելագոյնը շահիլ (նուազագոյնը կորսնցնելն ալ շահ պէտք է նկատել): Ասոր համար պարտինք աչալուրջ ըլլալ, կանխատեսել կարելի բոլոր տարբերակները եւ լաւագոյնս պատրաստուիլ, խոհեմ եւ իմաստուն գործել, տինամիք, աշխուժ եւ նպատակամէտ ընել մեր ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը: Այսպէս կը վարուին բոլորը պետութիւնները եթէ կ’ուզեն ջուրի երես մնալ կամ նուազագոյն թրջուածութեամբ դուրս գալ այս հեղեղէն:
Արդ, ժամանակակից իրադարձութիւնները պէտք է դիտել աշխարհի նոր համակարգին համար յաւակնորդներուն միջեւ մղուած ուղղակի թէ միջնորդուած, քօղարկուած թէ բացայայտ եւ բազմաբնոյթ պայքարներուն ծիրին մէջ:
Երկու՞ չափ երկու՞ կշիռ… ուրեմն ի՞նչ կշիռ
Եւ քանի որ ներկայ կացութեան մէջ ձեւաչափ չկայ, 1945-80ականներէն աւանդուած միջազգային համաձայնութիւններուն մէջ առկայ երկսայրութիւնները աւելի ցցուն ձեւով կ’օգտագործուին, եւ լուծումները կ’ուշանան:
Երկսայրութեան լաւագոյն նմուշներէն է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որ սակայն ունի նաեւ հողային ամբողջականութեան դրոյթ մը:
Տեսէք թէ Ռուսաստանը ի՛նչպէս վարուեցաւ ազգերու ինքնորոշման հինգ պարագաներու հանդէպ.- 1) ան ճանչցաւ Աբխազիան, 2) «ազատագրեց» Հարաւային Օսեթիան եւ ապա զայն գրեթէ կցեց իրեն, 3) Հակառակեցաւ Քոսովոյի անկախութեան, 4) Որձեւէգ վարուեցաւ Արցախի հանրապետութեան խնդրով, 5) Տոնեցքի ու Լուկանսքի խնդրով ոչ միայն թիկունք կը կանգնի անպջատողականներուն, այլեւ…:
Արդար ըլլալու համար ըսենք, թէ միայն Ռուսաստանը չէ որ նման բազմաչափ եւ բազմակշիռ քաղաքականութիւն կը վարէ ա՛յս խնդրով. նման ընթացքի մէջ են թէ՛ գերհզօրները (Մ. Նահանգներ եւն.) եւ թէ՛ շրջանային պետութիւնները, օրինակ Թուրքիան:
Արդ, եթէ բազմաթիւ չափեր ու բազմաթիւ կշիռներ կան, ի տարբերութիւն երկու չափ երկու կշիռ հասկացութեան, ի՞նչ կը մնայ մեզի ընել: Պարզապէս պիտի կրկնեմ վերի խօսքս՝ «պարտինք աչալուրջ ըլլալ, կանխատեսել բոլոր տարբերակները եւ լաւագոյնս պատրաստուիլ, խոհեմ եւ իմաստուն գործել, տինամիք, աշխուժ եւ նպատակամէտ ընել մեր ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը»:
Պատերազմը Եւրոպայի մէջ
Ռուսաստան-Ուքրանիա այս օրերու պատերազմին իբրեւ ականատես շատ բան ունինք սորվելիք Միջանկեալ ըսեմ, թէ վերջին երեք տարիներու ղարաբաղեան զարգացումները զիս կը մղեն պնդելու թէ շատ քիչ բան սորվեցանք ու հաշիւի առինք մեր քիթին տակ զարգացող սուրիական տագնապի դասերէն…:
Յիրաւի, պատմութիւնն ալ մեզի շատ բան կը սորվեցնէ եթէ ուզենք տեսնել, սորվիլ: Լաւ կ’ըլլայ որ վերյիշենք թէ առաջին աշխարհամարտի գլխաւոր դրդապատճառը տնտեսական էր. Բրիտանական եւ Ֆրանսական կայսրութիւնները իրենց գաղութարարութեամբ գրեթէ իւրացուցեր էին երկրագունդին բարիքները եւ չուզեցին տնտեսական բաժին հանել տակաւ հզօրացող Գերմանիոյ, որ ստիպուեցաւ կռիւի դիմել: Երկրորդ աշխարհամարտն ալ (իմիջիայլոց) աշխարհի տնտեսութեան վերաբաժանում կը նպատակադրէր:
Վերը գրեցի 1945-80ականներու «խաղաղութեան» մասին: Չակերտեցի խաղաղութիւն բառը, որովհետեւ եթէ Եւրոպան պատերազմ չտեսաւ (բացի ներպետական խռովութիւններէ, պետական հարուածներէ) ատիկա թերեւս – ըստ ոմանց – որովհետեւ իր պատերազմները փոխադրել կրցաւ արտաԵւրոպա…: Իսկ հիմա այդ «ճենթըլմէն’՝ պատերազմ արտածելու լուր համաձայնութիւնը վտանգուած է: Հիմա պատերազմը Եւրոպայի գիրկն է:
Կրնա՞յ ըլլալ որ այս պատերազմը վերաճի համաշխարհայինի՞: Եթէ Բ. աշխարհամարտին նախամուտ եղան Հիթլէրի կողմէ Սուտէթի գրաւումը եւ նման պզտիկ բռնակցումներ: Հիթլէրն ու Փութինը իրար նմանցնել չեմ մտածեր. բայց դէպքերու նմանութիւն մը չէ՞ք տեսներ. պատմութեան կը մնայ որոշել. պիտի կրնկէ՞ ինքզինք, նոր դերակատարները հի՞ն խաղը պիտի խաղան:
Այն՝ ինչ կը տեսնենք, մտածել կու տայ թէ Արեւմուտքը, նաեւ աշխարհն ընդհանրապէս, ուղղակիօրէն միջամուխ պիտի չըլլայ ռուս-ուքրանական պատերազմին, բայց … կը հրահրէ, կը քաջալերէ զինամթերքով եւ այլ բարոյամիջոցներով ու պատժամիջոցներով: Մանաւանդ Արեւմուտքը, աշխարհի միաբեւեռ համակարգի պահպանման մեծագոյն յաւակնորդն ու շահառուն հաւանաբար պիտի փափաքի երկարած տեսնել այս պատերազմը, որ առիթ կ’ընծայէ նոր զինատեսակներու փորձարկումին, Ռուսաստանի վարկին (սոֆթ փաուըր) անկումին, Ռուսաստանի աւազախրումին (թէեւ գէթ առայժմ չի թուիր Աֆղանիստանի կամ Իրաքի սենարիոյին կրկնումը, մանաւանդ որ պատերազմին երկարաձգումը իվերջոյ վնաս է Եւրոպային…), ռուսական յաւակնոտութեան վնասումին, Չինաստանն ու այլ յաւակնորդ եւ ոչ յաւակնորդ երկիրներ վստահաբար հիմա կը մշակեն նոր կացութենէն օգտուելու ձեւեր ու ծրագրեր (չէ՞ք կարծեր որ Թայուանը կուլ տալու առիթի քննարկումներ ու վերլուծումներ կը կատարուին Չինաստանի որոշումնառու շրջանակներուն մէջ)…: Ասիկա խաղին օրէնքն է:
Իրանեան պատկերը
Զարմանալի չի թուիր չէ՞ եթէ ըսեմ թէ պատմութեան մէջ քաղաքական դէմքեր կան, որոնք չեմ սիրեր, բայց ինձմէ թաքուն կը նախանձիմ անոնց տաղանդին, իրագործումներուն, անոնց պատկանած ժողովուրդին: …Ըսեմ…անոնց մէկը Մուսթաֆա Քեմալն է, որ յոյներու, հայերու եւ քիւրտերու ջարդերուն միջոցով յառաջացուց իր Թուրքիան եւ գրեթէ համաձուլեց 1920ականներու Թուրքիոյ մէջ գոյատեւող բազմաթիւ իսլամ ու այլացեղ խմբաւորումներ՝ չերքէզները, թրքախօս արաբները եւն.:
Ուրիշ «նախանձ» մը, »բարի» «նախանձ» մը ունիմ Իրանին հանդէպ: Այս մարդիկը քաղաքականութիւն կ’ընեն գորգ հիւսելու պէս (եւ ըսել – ըստ ոմանց – թէ հայերս գորգ հիւսած ենք եթէ ոչ իրենցմէ առաջ, գէթ նոյն ժամանակ…):
Տեսէք հիւլիական բանակցութիւնները որոնք անոնք կը վարեն այսօր – արդէն քանի տարի է – Եւրոպայի մէջ: Գորգի պէս, հանգոյց առ հանգոյց: Լսեցի՞ք (կամ կարդացի՞ք) իրենց վերջին յայտարարութիւնները՝ երբ նոյնիսկ երբեք այսքան մօտ չէր եղած բանակցութիւններու եւրոպական հանգրուանը իր դրական աւարտին…: Անոնք պարզապէս յայտարարեցին թէ իրենք յոյս կը դնեն իրենց – այսինքն Իրանին եւ իրանցիին – վրայ:
Եւ ըսել թէ մենք ալ իրանցիներուն պէս հնուց հիւսած ենք գորգ…:
Պիտի սորվի՞նք…ե՞րբ:
Հայկական խորքով մտահոգութիւններ
Ռուս-ուքրանական պատերազմը ուրիշ, հայկական խորքով մտահոգութիւններու հարցարան մը բացաւ ինծ: Ահա միքանին.-
1) Եթէ Ուքրանիա բնակութիւն հաստատած հայերը տագնապին բերմամբ ստիպուին արտագաղթել, ու՞ր պիտի երթան. Հայաստան կրնա՞յ ընդունիլ զիրենք: Արագ պատասխանս այս հարցումին պիտի ըլլար օրինակը իրաքահայերուն եւ սուրիահայերուն…: …Բայց կը կարծեմ որ քանի որ ասոնց մեծամասնութիւնը վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն արտագաղթած հայեր են, հաւանաբար տուն ու տեղ, կամ հարազատներ ունին Հայաստանի մէջ եւ հետեւաբար նուազ դժուարութիւններ կրնան դիմագրաւել քան իրաքահայերն ու սուրիահայերը: Այս ըսածներս մարդկային ու ժողովրդային մակարդակի վրայ են. իսկ պետական մակարդակո՞վ մենք սորվեցա՞նք իրաքահայերուն եւ սուրիահայերուն խնդիրներէն:
2) Վերը ընդգծեցի Ռուսաստանի որդեգրած բազմախաչաձեւ քաղաքականութիւնը՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ: Մենք իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ պետութենատէր հայեր համապատասխան աշխատանք կը տանի՞նք թէ՞ արխային ենք: (Փակագիծի մէջ ըսեմ թէ այս բառը թրքերէն կը նշանակէ վերջին, իսկ ռուսերէն՝ անմտահոգ. յամէնայն դէպս, երկու իմաստներն ալ հայկական չեն…): Նորէն, պիտի հարցնեմ վերի հարցումս. «մենք սորվեցա՞նք…»:
3) Ռուս-ուքրանական պատերազմին կարիքը չկար որ մենք նայէինք մեր վիճակին.-
ա) Հայաստանի մէջ գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ յառաջացնող եւ այդ փոթորիկին մէջ խեղդուողները քիչ չեն:
բ) Սփիւռքի մէջ հայկական կազմակերպութիւններուն բաժանուածութիւնը կարծէք թէ երբեք այսքան թանձր եւ ծանր չէր: Եթէ միջկուսակցական խոթութիւնը քիչ է, հիմա ներկուսակցական խոթութիւնը աննախադէպ է եւ աննախընթաց…: Ասիկա շատ վտանգաւոր է. կուսակցականներէն շատերուն մէջ եղած ուժը կը վատնուի ներկուսակցական պայքարին: Կարգ մը տեղեր ներկուսակցական այս պայքարը վերածուած է …կուսակցական գործունէութեան…:
գ) Կուսակցական, կրօնական, քաղաքական թէ այլատեսակ կամ որեւէ բնագաւառի մէջ հայկական առաջնորդութիւն յաւակնող անձերուն չեմ նախանձիր. անոնց ընելիքը շատ շատ է, բայց անո՛նցն է ընելիքը: Առաջնորդները անո՛նք են…:
դ) Այս պատերազմին մագլցումը մինչեւ ու՞ր կրնայ հասնիլ, կրնա՞յ կոհակաւորուիլ, անցնիլ ուրիշ շրջաններ…:
ե) Կրնա՞յ այս պատերազմը մեզ տանիլ պաղ պատերազմի օրերուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հանդէպ Սփիւռքի երկատման եւ…
զ) Կրնա՞յ այս պատերազմը շուքի մէջ ձգել կամ «խմբագրել» հայ-թրքական կասկածելի բանակցութիւնները՝ բովանդակային կամ ճնշումներու տարողութեան եւ կշռոյթի առումով:
է) Համահայկական առումով շա՛տ տեսանելի են հայկական անհատապաշտ-եսապաշտութիւնը, չմահաւանութիւնը, մեծամտութիւնը, միւս հայը մրցակից տեսնելով զայն հեղինակազրկելը, մակերեսայնութիւնը, խօսքը իբրեւ գործ մատուցելը… եւ մենք որ տէրերն ու հեղինակներն ենք այս բոլորին, կը հաւատանք մեր յօրինած այս սուտերուն, ձախողանքներուն ու կ’ապրի՛նք ալ …:
Հայկական իմաստաբանութեամբ «ջուր ծեծել» կը նշանակէ անօգուտ, անպիտան, անպէտք, ապարդիւն բանի վրայ ուժ վատնել: Ինծի կը թուի թէ ասիկա մաս կը կազմէ մեր ինքնախաբէութեան քաղաքականութեան: Ատով մենք կը ձգտինք մնալ մեր comfort zone՝ հանգստեան գօտիին մէջ, ու չխանգարուիլ…: Իբր թէ գործ կ’ընենք – եւ կարեւոր գործ – բայց գիտենք որ բան չենք ըներ, կամ շատ քիչ բան կ’ընենք, բայց մանաւանդ՝ ներկայ պահանջներուն անհամապատասխան կը գործենք: Երանի ոչինչ ընէինք: Հիմա ոչ թէ սանդին մէջ մե՛ր լեցուցած ջուրը կը ծեծենք, այլ սանդին մէջ ինքնակայ – երբեմն ալ ուրիշներու եւ մեր կողմէ աւելցուած – «օդ կը ծեծենք»:
Արդեօ՞ք ասիկա համազգային անձնասպանութիւն չէ՞:
Ռուս-ուքրանական պատերազմի այս օրերուն, եւ իտես այդ պատերազմին հաւանական ու անհաւանական զարգացումներուն, դարձեալ վերի հարցումս կը ցցուի՝ «մենք սորվեցա՞նք»: Պիտի չուզէի որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ: Պիտի չուզէի նաեւ որ մենք ալ մեր սխալները կրկնենք…:
Ռուս-ուքրանական համացանցային պատերազմը
Շահեկան էր համացանցի նորագոյն փորձառութիւնս. շատ էին արտայայտութիւնները որոնք կը մեղադրէին Ուքրանիան, որ 44օրեայ պատերազմին քաջալերեր ու թիկունք կանգներ էր Ազրպէյճանին:
Կար տեսակէտ թէ՝ եթէ 44օրեայ պատերազմի օրերուն աշխարհը հակադրուէր Ազրպէյճանին, չէինք ունենար այսօրուան հարցը: Այս արտայայտութիւնը դուռ բացեր էր այլ օգտատէրերու հարցումներուն: Եւ բազմատեսակ էին այդ հարցադրումները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը «իր ցաւը կու լար»:
Յիրաւի, փանտորայի սնտուկ մը բացուած տեսայ առջեւս: Իւրաքանչիւր օգտատէր կը մեղադրէր աշխարհը՝ իր ազգին-հաւաքականութեան հանդէպ հզօր երկրի մը խժդժութիւններուն ատեն աշխարհի լռութեան համար: Ու այսպէս, իւրաքանչիւրը կը բարձրաձայնէր իր կսկիծը՝ Պաղեստինէն, Քաշմիրէն, Թայուանէն, Հոնկքոնկէն, Քաթալոնիայէն, Արցախէն, Կիպրոսէն, Նեփալէն, Պանկլատէշէն, եզիտիներէն, Թուրքիա-Իրաք-Իրան-Սուրիոյ քիւրտերէն, ույղուրներ, Րոհինկաներ…: Իւրաքանչիւրը իրը կը տեսնէր ամէնաարդարը…: Պատկերը աւելի բարդացաւ երբ օգտատէրերը սկսան արդարացնել-պաշտպանել-հակադրուիլ իրարու. պաղեստինցիք-հրեաները՝ Պաղեստինի խնդրով, փաքիստանցիք-հնդիկները՝ Քաշմիրի խնդրով եւն.: Այնպէս թուեցաւ որ ռուս-ուքրանական պատերազմը փոխակերպուեցաւ բազմախաչաձեւ այլ պատերազմներու… թէեւ լաւ էր որ այս պատերազմները համացանցային ոլորտին վրայ էին…:
Ամփոփեմ կամ եզրայանգիմ բանի մը:
Պիտի չուզէի որ պատմութիւնն ինքզինք կրկնելով ռուս-ուքրանական պատերազմը վերաճի երրորդ համաշխարհայինի:
Պիտի չուզէի նաեւ որ մեզի համար ալ պատմութիւնը ինքզինք կրկնելով մենք դարձեալ դասեր չքաղենք, չսորվինք, քաղաքականօրէն չսթափինք, չարթննանք:
Գիտեմ որ իմ ու մեր հայերուս ուզել-չուզելէն կախեալ չէ երրորդ համաշխարհայինի (չ)վերաճումը այս պատերազմին:
Բայց չէ՞ք կարծեր որ իմ ու մեր հայերուն ուզել չուզելէն կախեալ է պատմութենէն ու ներկայէն դասեր քաղելը, սորվիլը, քաղաքականօրէն սթափիլը, արթննալը…:
Ինքզինք հայ պետութենատէր դաւանող որեւէ անձ, եւ ինքզինք հայ պետութենատէր դաւանող այս զանգուածին ղեկավարութիւնը յաւակնող բոլոր անհատները, բոլորս, մեր մեծ ու փոքր հանգամանքներով առաւելագոյն պատասխանատութիւնը կը կրենք ներկայ վիճակին եւ անոր բոլոր զարգացումներուն:
Իսկ ո՞վքեր պիտի նախաձեռնեն մեր պատմութեան չկրկնուելուն:
Ո՞վ գործի պիտի անցնի երբ մերօրեայ հայկական արդիւնքը շեշտակիօրէն անբաւարար է ներկայ պահանջքներուն:
Պատասխանս շատ աներկբայ է. իւրաքանչիւ՛րս: