Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Վկայութիւն Մը Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի (1934—2021) Մասին

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը տեսած եմ իբր երէց աշակերտ Ս. Նշան Ազգային Վարժարանին մէջ 1946-47 տարեշրջանին, 1951ի ամռան ականատես եղած եմ Լեռնալիբանանի մէջ իր օրապահիկը շահելու աշխատանքին, 1953ին՝ ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի առաջին հունձքի վկայականաց բաշխման հանդէսին ներկայ եղած եմ եւ տեսած իր վկայական ստանալը: Ծանօթութիւն հաստատած եմ համալսարանական եղած շրջանիս, յատկապէս երբ ինք ատենապետն էր ՀԵԸի Հայ Համալսարանականներու Միութեան, 1956-58 տարիներուն:

Մեսրոպ Մաշտոցի 1600ամեակին UNESCOի սրահին մէջ տեղի ունեցած մշակութային մեծ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած էր Տ. Խադ արք. Աջապահեանի նախագահութեամբ, կազմակերպիչ յանձնախումբին միատեղ անդամակցած էինք 1960-61 կրթական տարեշրջանին:

1974-75ին Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան գործօն անդամ ըլլալով, միութիւնը կը ներկայացնէր Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 60ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին մէջ: Ինք էր որ պատրաստեց կանոնագիր մը կեդրոնական մարմինին եւ յանձնախումբերու փոխյարաբերութեան մասին: Մամլոյ յանձնախումբին մէջ կեդրոնական մարմինը կը ներկայացնէր. ան էր կապ պահողը միջազգային եւ տեղական մամուլին հետ: Գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Սէն Ժորժ պանդոկի մամլոյ ճաշկերոյթին: 24 Ապրիլ 1975ին ինք ալ մաս կազմած էր վարչապետ Ռաշիտ Սոլհին այցելութիւն տուած կեդրոնական մարմնի պատուիրակութեան: 19 Մարտ 1975ին մարմնին կազմակերպած առաջին դասախօսական երեկոյին, Գալուստ Կիւլպենկեան հանդիսասրահին մէջ, խօսողներէն մէկն էր Հրանդ Գանգրունիի եւ Երուանդ Փամպուքեանի կողքին:

Մեթր Տէրտէրեանի հետ գործակցած էի նաեւ 1987ին, Հայկական Իրաւանց Մարմնէն ներս: Ան տարիներով հետապնդեց տարագիր հայութեան համաշխարհային քոնկրէսի հարցը եւ առ այդ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպեց Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ: 1995ին Արարատեան սրահին մէջ կլոր սեղան կազմակերպեց Գրական Շրջանակի անունով, հրաւիրեց որ ելոյթ ունենամ եւ մասնակցիմ ձեռնարկին, որուն ընդառաջեցի:

Այս բոլոր ձեռնարկներուն բծախնդիր աշխատանք կը կատարէր, պարտաճանաչ եւ միաժամանակ պահանջկոտ էր: Տեղի տալ ու յուսահատիլ չգիտցող անձնաւորութիւն էր: Խիստ էր իր վճիռներուն մէջ, որոնք իր տեսակէտէն կ’արդարացնէր:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի մէջ տեսած եմ իր սկզբունքներուն յամառօրէն կառչած անձը: Հայրենասէր էր եւ մարդասէր: Հաստատակամ էր, ունէր գիտական-վերլուծողական միտք: Մինչեւ խոր տարիքը հետաքրքրուած էր Հայկական Հարցով: Վերջին անգամ հազիւ տարի մը առաջ խնդրած էր Սեւրի Դաշնագրի վաւերագրական քարտէսը:

Յիշատակը վառ մնայ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին