Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Հայեացք Եւ Կեցուածք Ունեցող Գլխագիր Մարդը

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Գասպար Տէրտէրեանի նման «հայեացք» եւ «կեցուածք» ունեցող իրաւ մտաւորականի մը մասին դիւրին չէ վկայութիւն տալ։ Բարեբախտութիւն մըն էր տարագիր հայութեան «ծոց»ին մէջ ունենալ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի նման լուսաւորող ներկայութիւն մը, երբ ամէն օր, ամէն առթիւ, մի քիչ աւելի ցայտուն կը դառնայ սփիւռքահայ տխուր իրականութիւնը։

Անփառունակ կացութիւն մը, ուր անիմաստ դարձած է հարցադրումը, թէ սնանկացումի ո՜ր աստիճանին հասած է հաւաքական անգոյ քաղաքականութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, նաեւ կրթական համակարգը։         

Իր ամբողջ իմացական կեանքը եւ հրապարակային գործունէութիւնը հայոց պատմական եւ քաղաքական իրաւունքներու տիրացման եւ սփիւռքահայերու իրաւական հարցերուն նուիրաբերած, կեցուածք, ջիղ ու տեսլական ունեցող իրաւ մարդուն եւ մտաւորականին արժէ յարգանքի նուազագոյն տուրքը վճարել, հատորներու մէջ հաւաքելով Գասպար Տէրտէրեան, թէ՝ Ժըպրան Խուրի, Ոզնի Թոնտրակի, Դաւիթի Կապարճակիրը անուն-գրչանուններով գրած յօդուածները, ինչպէս նաեւ հրատարակելով հայերէն թէ արաբերէն լեզուներով լրացուցած անտիպ հեղինակութիւնները, եւ մանաւանդ՝ իր քաղաքական եզրաբանութիւններու գրեթէ աւարտուն բառարանը։

Գասպար Տէրտէրեան մտաւորականի վաստակին համազգային եւ համամարդկային արժեւորումը հարկ է կատարել ազգովին, ուսումնասիրելով եւ արժեւորելով ազգային, գաղափարական, քաղաքատնտեսական, իրաւական, եւ՝ անխուսափելիօրէն մարքսեան տիալեկտիկային ենթահողի վրայ հիմնաւորուած իր տեսութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին