Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Առանձնակի Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի աշխարհընկալումի պրիսմակը իրաւական-քաղաքական էր: Քաղաքական իր մեկնաբանութիւնները րէալփոլիթիքի տեսական ելակէտն ունէին, որուն կը հակադրէր սակայն իրաւական մօտեցումը՝ միջազգային օրէնքը ունենալով իբրեւ իր գաղափարապաշտ-իտէալական վերլուծումներուն ելակէտ, իսկ ձախ գաղափարախօսութիւնը՝ իբրեւ այս բոլորին աստառ:

Զօրաւոր հռետոր էր ան: Ազատ եւ անկաշկանդ մտածողութեան տէր էր, մեծ ընդդիմադիրը էսթապլիշմընթին՝ ընդհանրապէս: Կծու էր, խիստ ու անխնայ իր տեսակէտերուն խաչաձեւումներուն հանդէպ:

Ծնունդ եւ հասակ առած էր լիբանահայ ազգային-քաղաքական թէժ պայքարներուն, հայրենասիրական ոգեւորիչ, խանդավառող-ներշնչող ու երբեմն ալ հիասթափեցնող մթնոլորտին մէջ: Միաժամանակ, ան խմորուեցաւ 1960-70ականներու համաշխարհային ձախ ուղղութեան վերելքին ու իրագործումներուն, ապա նաեւ նահանջին դիտարկումներով: Ան վերջին մոհեկաններէն էր լիբանահայ յետեղեռնեան առաջին սերունդի լաւագոյն բերքին:

Տասնամեակներու ընթացքին անոր տեսադաշտը առաւել ընդարձակուեցաւ եւ Մեթրը ձգտեցաւ աւելի համապարփակ ընկալումներու, ընդգրկումներու եւ լուծումներու, մանաւանդ ախոյեանը դարձաւ իր տեսլականին՝ արեւմտահայ քոնկրէսի յառաջացման, որ դժբախտաբար իրատեսական չըլլալով հանդերձ՝ խոհուն եւ մտացի կոչ մըն էր՝ ուղղուած սփիւռքահայութեան՝ դու՛րս գալու իր քիթին սահմաններու տեսադաշտէն, անդի՛ն անցնելու մանրուքներէ, ճղճիմ ու աննշան վէճերէ, եսասիրական նկրտումներէ: Ասիկա կոչ մըն էր որ ուրիշ որակի ու հարթակի պիտի բարձրացնէր սփիւռքահայ առաջնորդութիւնը եւ վերջ պիտի տար ինքնագոհ բաւարարուածութեան ճահճացնող իրավիճակին: Ան անհանգիստ էր եւ չէր սիրեր սփիւռքահայ comfort zoneը, որուն մէջ երկար տեւեր էր տեղքայլը այդ զանգուածին:

Ան կը մարմնաւորէր ցեղասպանուած ու արմատախլուած արեւմտահայութեան  հողային, եւ քաղաքական (եւ ոչ միայն) իրաւունքները: Ինքնակոչ պաշտպան էր եւ աներեր վէմ՝ հայկական գերագոյն շահերուն: Պատնէշի վրայ ու խրամատաւորուած, միշտ պատրաստ հայ զինուոր՝ որ իրեն իրաւունք եւ պարտականութիւն կը նկատէր Հայկական Հարցի բարձրաձայնումը, հետապնդումը:

Իր գիրքերուն վերնագրերը յստակօրէն կը պարզեն իր բռնած կեանքի ուղին եւ արեւելումը, իր կենսագործունէութեան մշակումներու դաշտը, ուր քիչեր կային իր մասնագիտական եւ արհեստավարժ փորձառութեամբ ու գիտելիքով:

Ան խանդավառուեցաւ եւ տառապեցաւ վերջին քառասնամեակի Լիբանանի ճակատագրով …: Լիբանան պետութեան եւ Լիբանանի մէջ ապրող համայնքներուն իրաւական համակարգին լաւագոյն հայ արհեստավարժ գիտակն էր ան, հայկական շահերու եւ ելակէտէն զայն արժեւորողը եւ առ այդ լիբանահայերս ու պատկան մարմինները առաւելագոյն աչալրջութեան հրաւիրողը:

Ան խանդավառուեցաւ եւ տառապեցաւ նաեւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երեսնամեայ իրադարձութիւններով, մանաւանդ երբ իտէալականի տեսլականով կերտեց իր ակնկալութիւնները նորելուկ հանրապետութեան հանդէպ: Իսկ երբ ականատես եղաւ վտիտ հանրապետութեան դառն զարգացումներուն, ան իր յառաջացուցած քաղաքական-գաղափարախօսական ու համամարդկային արժէչափերու համակարգով բուռն եւ անխնայ գտնուեցաւ անոնց հանդէպ՝ որոնք խոտոր կը համեմատէին իր այդ արժէհամակարգին: Եւ ան չծամծմեց բառերը:

Ան զուգորդեց ազգայինն ու լիբանանեանը, հայկականն ու համամարդկայինը, հայ եւ իրաւատէր-պահանջատէր այլ ժողովուրդներու դատերը, երբեք չշրջանցեց պաղեստինեան դատը, եւ ձախ գաղափարախօսութեան հաւասարութեան ու արդարութեան տեսական պահանջքները՝ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ:

Յաճախ կը դիմէի իրեն իրաւական, մանաւանդ դատական եզրերու հայերէններուն խնդրով: Դրական կը վերաբերէր նորահաս սերունդին հանդէպ, կը քաջալերէր ու կ’ոգեւորէր զանոնք:

Ուշ միայն կրցայ համատեղել խոհուն մտաւորականի իր յատկանիշերը իր կարգ մը տեսլականներուն համար ունեցած յախուռն եւ ոչ-գործնական ծրագրերուն հետ: Ուշ ըմբռնեցի թէ այդ ծրագրերը իրատեսական էին իրե՛ն համար, քանի որ ինք այդ ծրագրերուն համար զօրակոչուածները կը տեսնէր իրե՛ն պէս նուիրուածներ գործին, լիահոգի փարածներ… մինչդեռ, ուրիշ էր իրականութիւնը:

Մեթրը շատ լաւ կը գիտակցէր թէ արհեստավարժին մենաշնորհն ու առաւելութիւնը իր մասնագիտութեան գիտական մանրամասնութիւնները իւրացուցած ըլլալն է: Այս առումով ան իր արհեստավարժի մասնագիտական նրբութիւնները լիարժէք օգտագործեց իր վերլուծում-մեկնաբանութիւններուն մէջ, ուրի՛շ լուսարձակի տակ դնելով իր արծարծած խնդիրները եւ ըստ այդմ արժեւորելով զանոնք: Այս առումով ան դարձաւ առանձնակի երեւոյթ՝ վերջին երեսնամեակի լիբանահայ իրականութեան մէջ:

Լիբանահայ մտաւորական երկնակամարին վրայ ան ինծի համար կը մնայ լաւագոյն արհեստավարժ իրաւաքաղաքական տեսաբան, աւելի գաղափարապաշտ քան գործնապաշտ, արեւմտահայ իրաւունքներու հետապնդման խնդրով տեսիլքի տէր մտաւորական:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին