Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Սիտնի Փուաթիէ, Թու Սըր(վ) Ուիտ Լաւ

Ձայնաւոր Զրոյց – 1

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Միքանի օր առաջ, իննսունականներուն մէջ իր մահկանացուն կնքեց նշանաւոր Սիտնի Փուաթիէն՝ հաւասարութեան, ասպետականութեան, մարդկայնական, ազնուական պատգամներ փոխանցող  սեւամորթ դերասանը:

Քաջածանօթ եմ  իր Guess who’s coming to dinner tonight ֆիլմին: Դիտած եմ իր այլ ֆիլմերը եւս: Բայց քանի որ կ’ուզէի իրմէ յիշատակելի պատգամներ վերակենդանացնել, երէկ նորէն դիտեցի իր To sir with love ֆիլմը:

Երկրաչափութեան նորաւարտ երիտասարդ սեւամորթն է ան, որ 18 ամիս իր մասնագիտութեամբ անգործ մնալէ ետք, կ’որոշէ ուսուցչութեամբ զբաղիլ Լոնտոնի արուարձանային Իսթ Էնտ շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ, որուն աշակերտները անյոյս են, ու պարզապէս ժամանակ կ’անցընեն որ հասնին կեանք մտնելու համար անհրաժեշտ տարիքին:

Սկզբնական անյաջողութիւններէ ետք, սեւամորթ այս ուսուցիչը կը յաջողի իրեն վստահուած դասարանին աշակերտութիւնը յեղաշրջել, կարգի բերել եւ զիրենք՝ իրենց ապագային հանդէպ վստահութեամբ ներշնչել ու կեանքին պատրաստել:

Բայց, ուսուցչական միամեայ շրջանի աւարտին, երբ իր համալսարանական մասնագիտութեամբ աշխատանքի կը հրաւիրուի, դաստիարակութեան արժէքը արդէն խորապէս գիտակցող այս մշակը, միառժամանակ տատամսումէ ետք կը հրաժարի իր մասնագիտական ասպարէզին վերադառնալէ ու կ’որոշէ  շարունակել նուիրուիլ ուսուցչութեան, բու՛ն առաքելութեան:

1960ականներու կէսին հրապարակ դրուած այս ֆիլմին բազմաթիւ պատգամներէն մին սերունդներու դաստիարակութեան խնդիրն է: Դաստիարակութիւն, որուն Պէյրութի մէջ զանազան յորջորջումներ տուած ենք՝ հայեցի, ազգային, մրցունակ… իսկ ատենին՝ տոհմիկ:

Այն կարծիքին չեմ, որ դպրոցին պարտինք լիուլի բարդել սերունդներու դաստիարակութեան երախտաշատ առաքելութիւնը, ռազմավարական պարտականութիւնները: Դպրոցին կողքին կարեւոր դեր ունին ծնողքը, միջավայրը, փողոցը… լիբանահայ սերունդներու յառաջացման մէջ այդ դերակատարները վճռական գործօններ էին:

Խորքին մէջ, դպրոց-ծնողք-միջավայր-ուսուցիչ-աշակերտ-սերունդ փոխգործակցութեամբ ստանձնուեցաւ Լիբանանի հայօճախին գոյացում, կազմակերպումն ու գոյատեւումը՝ Ցեղասպանութեան յաջորդական տասնամեակներուն: Այստեղ զանց չեմ ըներ տեղական-շրջանային-միջազգային ազդակներու անուղղակի բայց ազդեցիկ դերը եւս:

Այսօր, յետադարձ քննական հայեացքով կրնանք մեր դժգոհութիւնը յայտնել լիբանահայ կրթական ասպարէզին մէջ իրագործուածին հանդէպ, պնդելով թէ աւելի լաւ իրագործումներ՝ կարելիութիւն էին, եւ թէ հնձեցինք ա՛յն՝ ինչ ցանեցինք:

Այս գնահատումը չի՛ նսեմացներ տարուած անձնուէր աշխատանքները, բայց նաեւ չ’անտեսեր բացթողումները:

Նման ելակէտէ մեկնելով, մեր ակնարկները կ’ուղղենք Հայաստանի եւ Արցախի երեսնամեայ հանրապետութեանց եւ կը սպասենք որ պատկան մարմինները պետականակերտման իրենց գործառոյթներուն մէջ, ռազմավարական նշանակութիւն տալով կրթութեան, սկսին ցանել ա՛յն՝ ինչ պիտի ուզէին հնձել յառաջիկային…:

Յիրաւի, հայութիւնը ի՞նչպիսի հայութիւն կ’ուզէ տեսնել ասկէ երեսնամեակ մը ետք: Լիբանանի հայօճախը, հայօճախները  առանձինն, Սփիւռքը իր ամբողջութեան մէջ, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները ինչպիսի՞ հայութիւն կ’ուզեն ունենալ ասկէ երեսնամեակ մը ետք… եւ ատոր համար ի՞նչ սերմնացանութիւն կ’ընենք…:

Համոզուած եմ որ ազնիւ եւ խելամիտ սերմնացանութեան ամէնալաւ արդիւնքներու կարելիութիւնը կրթական մշակումն է, դաստիարակութիւնը:

Հայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ խիստ կարիքն ունի կրթական նոր, համապարփակ ճարտարապետումի… եթէ որոշած է … ազգի վերածնունդ հնձել:

Ահա՛ հայութիւնը առաջնորդել յաւակնողներուն օրակարգային նախապատուութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին