Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ԿՈՉ

Փետրուար 12, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Մեր հայրենիքն ու համայն ազգը վիրաւոր դուրս եկան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն. եւ մինչ համայն ազգի ոյժերու լարումներով կը պատրաստուէինք բուժուիլ գոյութենական պատերազմի հետեւանքներէն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները  նոր մարտահրաւէր մը պարզեցին մեր ժողովուրդին դիմաց,  ազգասպանութեան պատերազմը փոխադրելով հոգեւոր մշակոթի ցեղասպանութեան դաշտ:

Սովետական իշխանութեան բոլոր տարիներուն Ատրպէյճան տարաւ անուղղակի արշաւ մը՝ բնաջնջելու համար Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներն ու յուշակոթողները՝ յանգելու համար 2005ի Ջուղայի հայկական խաչերու զանգուածային ջարդին:

Այսօր, սակայն, մշակութային ժառանգութեան ցեղասպանութիւնը զգեցած է տարբեր եւ պաշտօնական տարազ. անցնող տարուան Լահէի դատարանի վճիռը՝ զգուշացնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որ խնայեն հայկական հոգեւոր մշակոյթի կոթողները, իրենց ենթարկուած տարածքներուն մէջ, աւելի խորամանկ միջոցներու առաջնորդած է զանոնք. նախագահ Իլհամ Ալիեւէն սկսեալ մինչեւ մշակոյթի նախարար Անար Քարիմով ձեռնարկած են արշաւի մը՝ հայկական հոգեւոր մշակոյթի կոթողները վերստին պիտակելու, եւ ծածկելով անոնց իսկական ինքնութիւնը՝ զանոնք վերագրելու Ուտի եւ Աղուան փոքրամասնութեանց:

Այս արարքը պատմութեան դասական եղծումն ու աղաւաղումն է եւ մեր ազգին դիմաց նոր մարտահրաւէր մը կը պարզէ ոչ միայն համազգային, այլեւ՝ համաշխարհային պայքար մը բանալու կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, քանի ժամանակը կը գործէ մեզի դէմ:

 Նկատի ունենալով որ այսօրուան մարտահրաւէրին թիրախ հայոց հոգեւոր ժառանգութիւնն է, անխուսափելիօրէն զօրաշարժի նախաձեռնութեան պարտաւորութիւնը կը ծանրանայ մեր հոգեւոր առաջնորդներու ուսին:  Այնպէս, ինչպէս 2015ին ազգային հոգեպարար միասնութեամբ մը Հռոմի Սրբազան Պապի ցեղասպանութեան ճանաչումը դիմաւորեցինք Վատիկանի մէջ, նոյն օրինակելի միասնութեամբ ալ կ’ակնկալուիք նախաձեռնելու պարզուող ներկայ գոյամարտին:

Դուք, իբրեւ իմաստուն հայրապետները հայոց, բնականաբար կարող էք հանդէս գալ յատուկ ճանապարհային քարտեսով մը. ստորեւ խոնարհաբար կը ներկայացնենք մեր առաջարկները, որոնք կրնան սատարել Ձեր որոշումներուն.

Ա. Հանդէս գալ միասնական յայտարարութեամբ մը՝ հարցին վերաբերեալ ստինողական մթնոլորտ մը ստեղծելով աշխարհատարած հայութեան մօտ, ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան շրջանակներէն ներս, Ձեր արշաւին մէջ ընդգրկելով նաեւ Կաթողիկէ Հայոց ինչպէս նաեւ՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մեծաւորները:

Բ. Զինուած պատմագիտական լուրջ տուեալներով՝ անձնապէս ներկայանալ UNESCO-ի ատեանին, ազդանշան մը տալով մամուլի միջազգային օրկաններուն եւ պարզելով իրողութիւնն ու տարողութիւնը վտանգին:

Գ. Զուգահեռաբար դիմել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին եւ կրօնական համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող իշխանութեանց, անոնց տրամադրութեան ներքեւ դնելով գիտական փաստագրումները, քարտեսներ եւ պատմական վկայութիւններ:

Դ. Հայրապետական յատուկ գիրերով հրահանգել Ձեր իշխանութեանց ներքեւ գործող բոլոր թեմերուն որ լուսաբանեն նախ իրենց սեփական համայնքները եւ ապա դիմեն քոյր համայնքներուն, զօրակցութիւն ապահովելու անոնցմէ:  Հասկնալի է որ ամէն թեմ եւ ծուխ հնարաւորութիւն չունի գիտական մակարդակով փաստագրութիւններ եւ պատճառաբանութիւն պատրաստելու, հետեւաբար իբրեւ նախաձեռնող հայրապետներ Ձեր Աթոռներու գիտական կազմերը կրնան ապահովել վերոյիշեալ տուեալները:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, իբրեւ հայ մշակոյթի նուիրուած կազմակերպութիւն, ծայրայեղօրէն մտահոգուած ստեղծուած դրութեամբ, խոնարհաբար կը դիմէ Ձեզի իր համազգային կազմերու այս կոչով եւ կը յուսայ տեսնել զանգուածզյին զօրաշարժ մը, առաջքն առնելու համար սպառնացող աղէտին:

Խոնարհաբար Ձեր ուշադրութեան յանձնելով վերոյիշեալները, կը մնանք՝

Թ.Մ.Մ. ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆ, Պէյրութ, Լիբանան
Թ.Մ.Մ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Թ.Մ.Մ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Թ.Մ.Մ. ԼՈՆՏՈՆ ԹՐԱՍԹ
Թ.Մ.Մ. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, Պուէնոս Այրէս
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին