Շարունակելով Լիբանանի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն փայլուն յաղթանակներու արշաւը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի աղջիկները, կիսաւարտական փուլի մրցումներուն՝ 47-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Չեմփսը եւ հասան աւարտականին:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 փետրուար 2022, կէսօրէ ետք ժամը՝ 5.30-ին, Քահրապա Զուք մարզադաշտին մէջ:
Չեմփս կը նկատուի Լիբանանի տարիքային «ակադեմի»ներու լաւագոյն կազմերէն: Անոր պատասխանատուն է հանրածանօթ մարզիկ Ֆետի Խաթիպը:
Նշենք, թէ քառորդ աւարտականին մեր աղջիկները պարտութեան մատնած էին Ռիատին: Աւարտականին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփսը:
Աղջկանց կազմին մարզիչն է Ճիլպեր Սալիպա, վարչական պատասխանատուն՝ Նայիրի Սուէյտի – Հայրապետեանը, խմբապետուհին՝ Էրիքա Խուրին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի աղջկանց կազմին: