Մինչ Լիբանանի իրավիճակը կը մնայ անհեռանկարային հակառակ խաբուսիկ կիսապայծառ լուրերու, օդերեւութաբանական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այսօր եւս մինչեւ կէսօր եղանակը ցուրտ եւ անկայուն պիտի ըլլայ: Ծովու մակերեսէն 1000 մեթր վեր ճամբաները առաւօտուն պիտի ըլլան սառած:
Միւս կողմէ երէկ գումարուած նախարարաց խորհուրդը շարունակեց քննարկել 2022-ի պետական պիւտճէն: Ժողովէն բխած յայտարարութիւնը դասական արտայայտութիւններէ բացի նորութիւն մը չհաղորդեցին քաղաքացիին: