ԶԱՐԹՕՆՔ-ի շատ սիրելի ընթերցողներ եւ բարեկամներ,
Դժուար տարի մը եւս բոլորեցինք միասին եւ շնորհիւ Ձեր վստահութեան եւ ազնիւ զօրակցութեան յաղթահարեցինք մեր թերթին դէմ ցցուած ամէն դժուարութիւն:
2022 տարուան ընթացքին ԶԱՐԹՕՆՔ պիտի բոլորէ իր 85-ամեակը: Ժողովուրդ մը առանց արմատի չի կրնար գոյատեւել, ինչպէս` առանց արմատի Ծառը: Իր 85-րդ տարին խրոխտաբար թեւակոխող ԶԱՐԹՕՆՔ-ը իր համեստ մասնակցութիւնը ունեցած է Հայ Ժողովուրդին արմատներու ոռոգման կարեւոր գործին մէջ՝ մշտադալար ու կանգուն պահելով ԾԱՌԸ:
Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հանդէպ յանձնառու ծառայութեան իր առաքելութեան մէջ ԶԱՐԹՕՆՔ տակաւին շատ բան ունի տալիք:
Օգնե՛նք ԶԱՐԹՕՆՔ-ին, որպէսզի ան կարողանայ անխոնջ շարունակել իր ուղին:
Ամանորի առիթով Ձեր ազնիւ նուիրաբերումներու ցանկին մէջ մի՛ մոռնաք Ձեր թերթը:
Ձեր բարոյական եւ նիւթական նեցուկը տուէք ազգային արժէք հանդիսացող թերթին: Տուէ՛ք Ձեր սրտին չափով եւ վստահ եղէք, որ քաջալերական Ձեր իւրաքանչիւր ազնիւ խօսքն ու լուման խթան պիտի հանդիսանան ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գոյերթին դէպի իր հարիւրամեակը եւ աւելին:
Ձեր սրտաբուխ նուիրատուութեան համար ստորեւ կը գտնէք ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հաշուեհամարը.
STE DE PRESSE CHIRAC SARL
BANK AUDI S.A.L.
SWIFT code: AUDBLBBX
IBAN: LB06005600000000008648590008
Փափաքելու պարագային կարելի է նաեւ նուիրաբերել պանքային քարտով, սեղմելով հետեւեալ կապը.
https://www.paypal.com/donate/?hosted_button_id=XLA5CLRM33TEN
Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առիթով կը խնդրենք ընդունիք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ
