Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Այո՛, Որոշա՛ծ Ենք Ապրիլ

ՍՏԻՒ  ՆՈԽՈՒՏԵԱՆ

Հայ-թրքական դարաւոր պատերազմի 2021-ի աշնանային փուլին արդիւնքը եղաւ այն ինչ եղաւ: Այսօր մենք մեր առջեւ ունինք կատարուած փաստ մը, որ պարտաւոր ենք հաշուի առնել: Չենք կրնար հաշուի չառնել, պատրանքներու մէջ նորէն իյնալու իրաւունքը չունի՛նք: Սակայն անմիջապէս յստակացնեմ՝ հաշուի առնել բնա՛ւ չի նշանակեր հաշտուիլ կատարուած իրողութեան հետ: Իսկ եթէ տարածաշրջանային ու միջազգային տէրութիւններ ու կառոյցներ մեր ազգին կը փորձեն պարտադրել այդ իրողութիւնն ընդունիլ, ապա մենք այդ կրնանք, յոռեգոյն պարագային, կատարել միմիայն ժամանակաւորապէս, մինչեւ որ իսկապէ՛ս դասեր քաղենք մեր այս ու նախորդ պարտութիւններէն, ուժ հաւաքենք եւ կշիռքին նժարը հետագային փոխենք ի նպաստ մեզի:

Մենք միշտ պէտք է գիտակցինք, որ հայ-թրքական պատերազմը դարերու պատմութիւն ունի ու դեռ շարունակութիւն պիտի ունենայ, այդ ուզենք թէ չուզենք, որքան ալ արտաքին ուժեր ու անոնց ներքին գործակալներ փորձեն հաշտեցում ու խաղաղութիւն քարոզել: Մեզի համար՝ այդ պատերազմը գոյապայքար է, ըլլալ-չըլլալու կռիւ, վերջին հաշուով՝ ան գոյապայքար է նաեւ թուրքիզմին համար: Ու այս երկու՝ զիրար բացառող գոյապայքարները կը հատուին Հայաստանի տարածքին վրայ:

Այսօր հայկական միջավայրին մէջ կը տիրէ համատարած յուսալքութիւն, նուազագոյնը՝ անտարբերութիւն այսօրուան ու ապագային նկատմամբ: Յուսալքուածներուն եւ յոռետեսութիւն տարածողներուն յիշեցնեմ ընդամէնը վերջին 100-105 տարիներու կարգ մը իրողութիւններ.

– Ցեղասպանութեան աղէտէն ետք, երբ հարցական էր նոյնիսկ հայ ազգին գոյութիւնը, ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ զայն ճանչցող առաջին պետութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնը եղաւ՝ ՀՀ-ի հետ կնքելով Պաթումի 4 Յունիս 1918-ի պայմանագիրը: 1918-ի Մայիսի սարդարապատեան հերոսամարտերը թուրքին պարտադրեցին մեր գոյութեան իրաւունքը այս արեւի տակ:

– Ըստ յիշուած պայմանագիրին, ՀՀ-ը գոյութիւն առաւ շուրջ 12 000 քառակուսի քիլոմեթրի վրայ: Մէկ տարի ետք, այդ տարածքը հասած էր շուրջ 75 000 քառ. քմ.ի, այսինքն ընդարձակուած էր աւելի քան ՎԵՑ ԱՆԳԱՄ:

– 1920-ի աշնանային պարտութենէն ետք, Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրով, ՀՀ-ի տարածքը վերստին սահմանափակուեցաւ շուրջ 12 000 քառ. քմ.ով:

– Մոսկուայի ու Կարսի 1920-ի պայմանագիրներով, Խորհրդային Հայաստանի տարածքը դարձաւ 30 000 քառ. քմ.էն քիչ մը աւելի: Ի դէպ, Կարսի պայմանագիրով հայոց տրուեցաւ Նախիջեւանի սահմանին գտնուող Արազդայան (հետագային՝ Երասխաւան) գիւղը, որու ռազմագիտական կարեւորութիւնը այսօր, աւելի քան երբեւէ, հսկայական է:

– Արցախեան ազատամարտին շնորհիւ, հայկական գերիշխանութեան տակ գտնուող տարածքը հասաւ 42 000 քառ. քմ.ի:

– 2020-ի աշնանային պարտութեան ու այս տարուան ատրպէյճանական թափանցումներուն հետեւանքով, այսօր այդ տարածքը կը կազմէ ընդամէնը 33 000 քառ. քմ., այն ալ՝ ռուսական բանակի հետ բաժնեկցուող գերիշխանութեամբ:

– Կը թուի, թէ մոռցած ենք 1992-ի մայիսին Շուշիի փառաւոր յաղթանակէն ետք, նոյն տարուան երկրորդ կէսին մեր ծանր պարտութիւնները, երբ Արցախի տարածքին կէսը ատրպէյճանական բանակը գրաւած էր եւ համատարած խուճապ էր Արցախի մէջ: Շնորհիւ ազգային ներուժի կեդրոնացման, այդ վիճակը ոչ միայն գլխովին շրջեցինք 1993-ի գարնան, այլեւ յաջողեցանք շուրջ 8 000 քառ. քմ. հայրենի տարածք ազատագրել ընդամէնը 1,5 տարուան ընթացքին:

Վերի թուային ու պատմական օրինակները ցոյց կու տան, որ պէտք չէ տրուինք յուսալքութեան: Ընդհակառակը, վերստին պէտք է խելք գործածել, գոնէ մեր գոյապայքարի հարցին մէջ ունենալ ազգային համախոհութիւն եւ վիճակը շրջել ի նպաստ մեզի: Ըսածս երազային չէ, այլ շատ իրատեսական է: Այսօր ՀՀ-ի մէջ կը կազմաւորուի մարմնապէս, ռազմապէս ու հոգեբանութեամբ պատրաստուող աշխարհազօր, որ կրնայ իրականացնել այդ բեկումը: «Ողջ մնալու արուեստը» (ՈՄԱ), «Ազգային Լեգէոն», «Նեմեսիս», «Ատան» եւ այլ կամաւորական աշխարհազօրայիններ կը պատրաստուին հայ-թրքական պատերազմի նոր փուլին:

Թունուզցի արաբ բանաստեղծ Ապու Կասեմ ալ-Շապպին ունի պայքարաշունչ քերթուած մը, որ կը սկսի այս երկտողով.

«Եթէ ժողովուրդը օր մը որոշեց ապրիլ, ճակատագիրը ստիպուած պիտի ըլլայ անոր ենթարկուելու,

Եւ խաւարը պիտի ցրուի, եւ շղթաները պիտի փշրուին»:

Մեր ազգը որոշա՞ծ է ապրիլ:

Պատասխանը վերնագիրին մէջ է:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին