Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Յակոբ Ադամեանի Յիշատակին՝ Հինգերորդ Տարելիցին Առթիւ

Դեկտեմբեր 2016 – 2021 

ՆԱՅԻՐԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ – ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Մեկնում … անսպասելի երթ:

Արդեօք վեր՞ջն է … կա՞յ միթէ աւարտ, ոչ՝ չկայ, որովհետեւ լոկ ֆիզիքապէս պակսած է ձեր ներկայութիւնը  եւ դուք կը մնաք յաւերժ ձեր գործերով:

Հայ մամուլի վաստակաւոր գործիչ, գրող, հրապարակախօս, թարգման եւ ճարտարապետ, ընտանիքիս սիրելի բարեկամ՝ Պրն. Յակոբ Ադամեան, մանկութեանս և պատանեկութեանս ամենատպաւորիչ անձնաւորութիւններէն մին:

Անմոռանալի օրեր. Լաթաքիա՝ ամառ 1979, եւ անոր յաջորդող բազմաթիւ ամառներ, մինչեւ 2009 Պաղճաղազ-Քեսապ: Մեծագոյն հաճոյք եւ կեանքի անջնջելի դասեր պարգեւեցիք զիս մեր միջեւ ստեղծուած անմիջական կապով որ մնաց նաեւ հեռակայ, մինչեւ մեկնումէդ երկու շաբաթ առաջ:

Պրն. Ադամեան՝ երբ օր մը հետեւեալ հատուածը արտասանեցիք ոտքի ձեր տան մէջ,-

«Մայրս գնում է գոմ՝ կովը կթելու:

Գնում է երկա ՜ ր ժամանակ չի վերադառնում:

-Քա՜ ,  աղջի՝ , հարսն ի՞նչ եղաւ,- յանկարծ բացականչում է հօրաքոյրս, – գոմ գնաց ու չեկաւ:

Վազում են գոմ, տեսնում են մօրս՝ կովի մօտ նստած, գրկում՝ մի կապուտաչեայ երեխայ:

Այդ երեխան ես էի»:

 -այնքան հարազատ ու բնական էր՝ որ պահ մը ինձ՝ պատանի հասակիս թուաց թէ դուք էիք այդ երեխան, չ՞է որ դուք ալ կապուտաչեայ էիք՝-…

Այդ օրը, դուք չմեկնաբանեցիք այդ տողերը:

Տարիներ ետք, երբ կարդացի Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» վէպը հասկցայ թէ դուք չէիք այդ երեխան, սակայն եւ այնպէս իմ մտքիս մէջ, դուք մնացիք անբիծ պատկերով, հէքիաթային գրաւչութեամբ անձնաւորութիւն:

Հետագային երբ լոյս ընծայուեցաւ կարճ պատմուածքներու հիանալի հատորդ՝ «Պուպրիկներու հարսանիքը»* արդէն յստակ էր թէ որքան ներշնչած էր ձեզ մեծն Թոթովենցը, որուն ձօնած էիք այդ գործը, զինք համարելով ձեր անուղղակի ուսուցիչը:

Մեր անմոռանալի հանդիպումներուն, զմայլանքով մտիկ կ՝ընէի գրականութեան, սփիւռքահայ գրողներու, հայաստանի արուեստի գործիչներու հետ առնչուող նիւթեր եւ դրուագներ, նաեւ տարբեր գրական թերթերու՝ « Նայիրի», «Շիրակ», «Զարթօնք»,«Երթ» ձեր աշխատակցութիւններու յիշատակութիւնները: Այս մթնոլորտի մէջ բախտը ունեցայ մեծնալու եւ քաջալերուեցայ թարգմանչական փորձեր կատարելու:

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ ձեր խանդավառ ձայնով պատմուած Ուիլեամ Սարոյեանի Լաթաքիա միօրեայ այցի յուշերը, մանաւանդ երբ ճարտարութեամբ կ՛արտայայտուէի՛ք նմանցնելով Սարոյեանի խօսակցական հայերէնին: Երանի կուտայի ձեզ որ ձեր տանը մէջ հիւրընկալած էիք »բարի հսկա»ն: Այդ նկարագրութիւնը մինչեւ այսօր անջնջելի յուշ է:

Ուրիշ պատառիկ մը յուշերէս զիս կը տանի Պաղճաղազ – Քեսապ, երբ առաջին անգամ մասնակցեցայ  սկաուտական բանակումի որպէս Արծուիկ Հ.Կ.Մ.ի:

Այդ տարին՝ մեր խումբը հիւրընկալուած էր ձեր ընտանիքին պատկան հողին վրայ: Իսկ դուք բարձրունքին վրայ գտնուող ձեր տան դիրքէն ամէն օր կը հետեւէիք մեր բանակավայրի յառաջդիմութեան՝ լուսանկարելով իւրաքանչիւր օրուայ համայնապատկերը: Ի վերջոյ, երբ հասաւ վերջին օրը, դուք մեր առջեւ պարզեցիք լուսանկարներու այդ շարքը : Խանդավառութեամբ կը պատմէիք այցելուներուն հանգրուանաբար մեր կազմած յաջողութեան , յիշեցնելով ձեր ասպարէզի տարիներու փորձը որպէս ճարտարապետ՝ շինարար, թէ յաջողութեան եւ կատարելագործումի մը հասնելու միակ գաղտնիքը յարատեւութիւնն ու հանգրուանները յարգելով աշխատիլն էին:

Այդ տարուընէ սկսեալ, դուք անբաժան հիւրը եղաք մեր խարոյկահանդէսներուն, աննման տիկին Ալիսին հետ, միշտ քաջալերեցիք Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ը իր սկաուտական, պատանեկան կամ երգչախումբի կազմերով, դրսեւորելով ձեր ազնուականութիւնը, համեստութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը:

Յետադարձ ակնարկով երբ կը նայիմ, ես ինքզինքս մենաշնորհեալ մը կը զգամ ձեզ խոհեմ խորհրդածութիւնները եւ հարազատ պատմուածքները, եւ բարեկամութիւնը վայելած ըլլալուս:

Դուք սփիւռքի արդի պատմութեան հիմնական մասնիկներէն էք ու կը մնաք:

Ձեր օրինակով միայն կարելի է հպարտանալ. Սուրիոյ ամենադժուարին օրերուն դուք չլքեցիք  այս հիւրընկալ երկիրը եւ անտեսելով ձեր անձնական ապահովութիւնը  մնացիք Լաթաքիոյ գաղութին սիւնը, պայքարեցաք յարատեւող կամքով, նաեւ օգնեցիք Քեսապահայութեան տեղահանման օրերուն, նեցուկ կանգնելով  եւ տրամադրելով ձեր կարելին:

Որքան պիտի ուզէի այս տողերս անձամբ ձեզ կարդայի…, դուք այս երկրի վրայ մեր հետ չէք այսօր, սակայն յաւերժ ներկայ էք ու կը մնաք սրտիս եւ յուշերուս մէջ:

Պրիւքսէլ

*«Պուպրիկներու հարսանիքը»* - Անթիլիաս 2009
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին