Նոյեմբերի 26-ին կայանալիք եռակողմանի գագաթաժողովին լոյսին տակ ՌԱԿ-ի համադրուած մամուլի պատասխանատուները քննարկեցին հայրենիքն ու հայ Ժողովուրդը յուզող հարցեր
Չորեքշաբթի 24 Նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի պատասխանատուներուն հերթական առցանց հանդիպումը։
Հանդիպման մասնակցեցան «Ազգ»-ի, «Ապագայ»-ի, «Զարթօնք»-ի, «Պայքար»-ի, «Սարդարապատ»-ի եւ «The Armenian Mirror-Spectator»-ի խմբագիրները։
Նախորդ օրակարգերէն բխած հարցերուն լուծումներուն հետ կապուած գնահատականներէն ետք, ժողովը ծանրացաւ Նոյեմբերի 26-ին կայանալիք Ազրպէյճան-Հայաստան–Ռուսիա գագաթաժողովին մութ եւ անհասկնալի ծալքերուն, ինչպէս նաեւ անոր օրակարգին կողմնակից, թէ հակադրուող ուժերուն աշխատանքներուն վրայ։
Ընդհանուր եզրակացութեամբ հաստատուեցաւ, որ իրավիճակը կը մնայ անորոշ ու խիստ մտահոգիչ։
Քննարկուեցան նաեւ այլ հարցեր։