spot_img

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարքին

 Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին շնորհաւորելու վերջինս, իր գահակալութեան առիթով:

Հանդիպումը առիթ մըն էր Հոգեւոր Տիրոջ հետ քննարկելու Հայ ժողովուրդն ու Լիբանանը յուզող հարցեր:

Ընկ. Գասարճեան համապարփակ կերպով Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկութիւն տուաւ Պէյրութի պայթումէն մեծապէս տուժած Թէքէեան Կեդրոնի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի վերակառուցման ու վերաշինութեան աշխատանքներուն մասին, որոնք տակաւին իրենց ամբողջական լռումին հասած չեն ինչ կը վերաբերի Թէքէեան Կեդրոնի կարգ մը բաժիններուն:

Ներկաները, վերջերս Հայաստան այցելած նորօծ Կաթողիկոս –Պատրիարքէն տեղեկացան Հայաստանի կրօնական եւ հասարակական կեանքի զարգացումներուն մասին:

Հոգեւոր Տէրը մեծապէս գնահատելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան դերը Հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները սերունդներուն փոխանցելու առաքելութեան մէջ, ուժ եւ կորով մաղթեց ընկ. Յակոբ Գասարճեանին եւ իր գլխաւորած վարչութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին