Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Լսարանական Առցանց Ձեռնարկ – Դասախօս՝ Դոկտ Հրայր Ճէպէճեան

Առաջնորդարան Աւստրալիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին – Սիտնի Լսարանական Առցանց Ձեռնարկ – Դասախօս՝ Դոկտ Հրայր Ճէպէճեան Նիւթ՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը Քրիստոնեայի Յարափոփոխ Կեանքին Մէջ

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

27 Հոկտեմբերիերեկոյեան ժամը 7.00-ին տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Լսարանական Երեկոյ» ծրագրին առցանց չորրորդ դասախօսութիւնը հովանաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազան հօր: Դասախօս՝ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Նիւթ՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը Քրիստոնեայի Յարափոփոխ Կեանքին Մէջ»: Երկլեզու դասախօսութիւնը եկած էին ակնդրելու նիւթով հետաքրքիր 55 անձիք, որոնցմէ 8-ը՝ Աստուածաշունչի Ընկերու-թեան զանազան երկիրներու ոչ Հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Նորվեկիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Անգլիայէն, Նոր Զելանտայէն եւ այլ երկիրներէ: Թէքնիք հարցերու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս միշտ, ստանձնեց Արժ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեան:

Հանդիսավարուհի Տիկին Լօրա Արթինեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Սրբազան Հօր աղօթքով մեկնարկուեցաւ ձեռնարկը: Ապա, Տիկին Արթինեան, երկու լեզուներով՝ Հայերէն եւ Անգլերէն, ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ զայն հրաւիրեց արտասանելու իր խօսքը:

Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ կազմակերպողներուն, ըսաւ որ ինք անքակտելի կապով կապուած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին, ուր եղած է երկու առիթներով եւ ուր իր երկրորդ այցելութեան՝ 2018ին, տեղի ունեցած է իր մեծածաւալ յուշագրութեան՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» հատորին շնորհահանդէսը, կազմակերպուած Առաջնորդարանին կողմէ:

Ի՞նչ է Աստուածաշունչը, ի՞նչ կը հասկնանք «Յանձնառութիւն» բառով, ի՞նչ է Աստուածաշունչի պարգեւած յոյսը, ինչպէ՞ս կարդալ, հասկնալ, մեկնաբանել եւ իւրացնել Աստուածաշունչի պատգամը: Այս ընդհանուր հասկացողութեան բացատրութիւնն էր դասախօսութեան առանցքը:

Փաուըր Փոյնթի միջոցաւ սահիկ առ սահիկ, երկու լեզուներով, Դոկտ Ճէպէճեան յստակ դարձուց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ լեզուամշակութային եւ լեզումտածողութեան գործօններուն, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին Աստուածաշունչը հասկնալու եւ մեկնաբանելու գործընթացին մէջ: Ասոր ցայտուն օրինակը բազմաթիւ Քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առկայութիւնն է սակայն բոլորին աղբիւրը Աստուածաշունչն է իր երկու կտակարաններով: Բանախօսը հերքեց այն թիւր հասկացողութիւնը, որ իբր թէ Հին Կտակարանը Հրեաներու պատմութիւնն է միայն եւ անոնց քաղաքական նպատակներուն սկզբունքներու ներշնչման աղբիւրը, եւ իբրեւ թէ երկու կտակարանները կապ չունին իրարու հետ: Ան ըսաւ որ այս վկայութիւնները յերիւրածոյ են եւ այսօրուան քաղաքական հակամարտութիւնները օգտագործելով երկու կտակարանները իրարմէ անջատելու փորձեր են: Երկու կտակարանները իրար ամբողջացնող գիրքեր են, եզրակացուց դասախօսը:

Դասախօսը անդրադարձաւ ընկերային փոփոխութեանց, որոնք յարատեւ տեղի կ’ունենան մարդու կեանքին մէջ եւ լայն բացատրութիւն տուաւ անոնց մասին:

Աստուածաշունչի յանձնառութեան ծիրէն ներս Դոկտ Ճէպէճեան անդրադարձաւ զանազան հարցերու եւ հետեւեալ պատգամներուն՝ «Սիրէ դրացիդ քու անձիդ պէս» (Մատթ. 22:39)ի եւ «Բայց կ’ըսեմ բոլոր անոնց որ կը լսեն, սիրեցէք ձեր թշնամիները» (Ղուկաս 6:27): Ան վերլուծեց զանոնք մարդկային նաեւ հայկական տեսանկիւններէ դիտուած: Այս նիւթերուն շուրջ եղած հարցումներուն լայն բացատրութիւն տուաւ դասախօսը շեշտ դնելով ներողամտութեան գործօնին բայց նաեւ արդարութեան ունեցած կարեւորութեան վրայ:

Դասախօսութեան աւարտին Դոկտ Ճէպէճեան պատասխանեց ակնդիրներու բոլոր հարցումներուն:

Տիկին Լօրա Արթինեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին բանախօսութեան շահեկանութեան ինչպէս նաեւ այն ժեսթին համար, որով Դոկտ Ճէպէճեան իր նոր պատրաստած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»էն 30 օրինակ, իսկ հեղինակած գիրքէն՝ “Bible Engagement: The Discovery of Faith, Hope and Self” 10 հատոր պիտի նուիրէ Առաջնորդարանին:

Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Դոկտ Ճէպէճեանի արժանիքները եւ անոր Աստուածաշունչի տարածման աշխատանքը: Սրբազանը խիստ կարեւոր նկատեց Աստուածաշունչը կարդալը, զայն թարգմանելը եւ զայն մեկնաբանելը, աշխատանք մը որ Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը կը կատարէ եւ այդ աշխատանքներուն մէջ իր հսկայ ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Պարոն դասախօսը:

Խիստ հետաքրքրական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով:

«Փարոս»
Լրատու Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Առաջնորդարանին
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին