
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23ին Ամենայն Հայոց Հայրապետը Գարեգին Բ. Մայր Աթոռի վեհարանին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար կազմը:
Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւններ կատարուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, եկեղեցւոյ դերին եւ Թէքէեան տարբեր կազմերու մասին:
Նկարին մէջ (ձախէն աջ) ԹՄՄ Հայաստանի Կեդր. Վարչութեան նախագահ Դոկտ. Ռուբէն Միրզախանեան- ԹՄՄ Լիբանանի Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան, Վեհափառ Հայրապետը եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու Գանատայի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան: