Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Յունիս 20-ին Հայ Ազգը Պիտի Յաղթէ

Տեսանկիւն

Հայաստանի մէջ արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգով, այսօր՝ լռութեան օր է: Վաղը՝ ընտրութեան: Իր թմբիրէն զարթնած Հայու՝ գիտակից ընտրութեան օրը:

Հայ ժողովուրդը սեւի եւ սպիտակի բաժնած, պատերազմ պարտուած, հազարաւոր հայորդիներու արիւնահեղումին պատճառ  հանդիսացած եւ հողեր զիջած ու զիջող կողմը պէտք է հասկնայ, որ վաղը հաշուետուութեան օր է: Հայ ժողովուրդը չի կրնար այս մարդոց՝ իր ապագան որոշելու իրաւասութիւն եւ լիազօրութիւն տալ դարձեալ:

Պիտի երթայ այս անբարոյ եւ ապիկար իշխանութիւնը: Իր համար աւելի լաւ է երթալ առանց բախումներու հրահրումի: Առանց յաւելեալ արիւնի եւ քաոսի: Մինչ եկողը՝ պէտք է գայ յաղթողի վեհանձնութեամբ: Հեռու վրիժառութենէ եւ քինախնդրութենէ:

Ի վերջոյ, վաղը պիտի յաղթէ արժանապատիւ Հայ ազգը ու վերջապէս փակուի Հայ ժողովուրդին դառն փորձառութիւն հանդիսացած՝ վերջին երեքամեայ պատմական թիւրիմացութիւնը:

Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ վերջապէս պիտի փակուի «թուխով»-ի անհեթեթ ու կործանարար էջը ու բացուի «խելքով»ի ողջամիտ ու շինարար նոր էջ:

Վասն Հայրենեաց:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին