Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Աւետիս Ալեքսանեան

Աւետիս Ալեքսանեան (10 Մայիս 1910, Կ.Պոլիս – 20 Սեպտեմբեր 1984):

Մաս կը կազմէ Պոլսոյ 1925-1950 թուականներուն գրական-հրապարակագրային կեանքին մէջ հասունցած գրողներու դասուն,- անո՛նց՝ որոնք Հայու իրենց ապդումներով ու երազներով, գրի եւ գրականութեան ազնիւ կիրքով, բայց մանաւանդ ընկերային եւ գաղափարական հակումներով չէին կրնար լայն թոքերով շնչել թրքական միջավայրի մէջ՝ որովհետեւ ամէն օր կը զգային թէ կասկածոտ աչք մը կը սեւեռի իրենց վրայ, լրտեսող շուքեր կը դեգերին իրենց շուրջ, ոստիկանութեան քաղաքականութեան մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կը հալածէ զիրենք…

Անոնք որ ապրած են այդ օրերու Պոլիսը, ասկէ աւելին լսելու պէտք չունին, ըմբռնելու համար թէ գիրքի, թերթի, հանրային եւ ազգային ապրումներու տրամադիր մարդը ի՛նչ երկութեամբ մը կրնայ անցնիլ խմբագրական սեղաններու առջեւ կամ յանձնուիլ մտքի լարումներու։

Աւետիս Ալիքսանեան մէկն է եղած անոնցմէ՛, որոնք աւելի քան քսանհինգ տարի…խեղդակապով մը ապրած են՝ գրաշարական սեղաններ մինչեւ շաբաթաթերթերու խմբագրութիւնը եւ հրապարակագրային-գրական իրենց աշխատանքը մտաւոր ու հոգեկան բաւարարութեան մը,- ապաւէնի՛ մը վերածելուման համար։ Զինք ճանչցած ենք պատանութեան մեր օրերուն, երբ ինք երիտասարդ էր արդէն եւ կը խմբագրէր «Պատկեր» շաբաթաթերթը «1932-1940-: «Սեւ աշխատանք»ի ընդունակ, դժուարութիւններու առջեւ աննուաճն, նպատակ մը իրագործելու իր կամքին մէջ վճռական՝ յանձնառո՛ւ մարդ մը, մեծ յատկութիւններէ զերծ՝ սակայն իր համեստութեան մէջ առաւել սիրելի, աշխատունակ, գուրգուրոտ՝ նորածիլ արժէքներու եւ երէց թէ կրտսեր գրչի մարդոց:

Գրական նախափորձերը ընելէ ետք 1926-1927 տարիներուն, պոլսահայ մամուլի մէջ, յաջորդաբար ձեռնարկած է շաբաթաթերթերու, կիսամսեայ եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութեան,- «Կիթառ» (1928), «Ամսուն գիրքը» (1930), «Պատկեր» ամսագիր (1930), ապա համանուն շաբաթաթերթը (1932-1940), «Նոր Օր» եւ «Այսօր» (1947-1948): Միայն նիւթական անձկութիւնը չէ եղած պատճառը անուններու այս յաջորդականութեան եւ բազմազանութեան,- Պոլսոյ մէջ թերթերու կեանքը կախում ունի մանաւանդ խափանումի եւ արգելքի մշտական վտանգէն, հետեւանք՝ ոստիկանութեան քաղաքական ճիւղերու կասկածանքին կամ դիւրին վերագրումներու…

Կը թուի որ 1950-ական թուականներուն Ալիքսանեանի համար անկարելի դարձած է շնչել գոյութիւն ունեցող մթնոլորտին մէջ ու հարկադրաբար անցած է Փարիզ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին