Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ցեղասպանագիտական Գծով Արժէքաւոր Հաւաքածոյ-Հրատարակութիւն

«Յիշում Ենք Եւ Պահանջում»

Հեղինակ՝ Հրանոյշ Հրանտի Յակոբեան

Երեւան, 2020 (839 էջ)

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Սփիւռքագիտութիւնը տակաւին լիուլի պեղուած չէ, որքան ալ ոմանք յաւակնութիւնը ունենան հակառակը յայտարարելու կամ պնդելու, որովհետեւ մեր խօսքը չի վերաբերիր անցողակի կամ հպանցիկ գրառութիւններու ու սերտողութիւններու, որոնք կրնան իրենց օգտակարութիւնը ունեցած ըլլալ, բայց, ոչ ակնկալուած մակարդակով եւ արժանի պատմա-գիտականութեամբ։

Ո՛չ սփիւռքահայը, ո՛չ ալ հայաստանահայը տակաւին կրցան այս մարզէն ներս հասնիլ յիշարժան կամ հանրօգուտ իրագործումի, պարզապէս անոր համար, որ, իրօք, Սփիւռքը բարդ, հաստափոր ու լայնահունչ իրականութիւն մըն է, իսկ անոր հետ վերաբերուիլը կը կարօտին.

– Լուրջ, հետեւողական ու համակողմ ճիգերու, ուղղակի եւ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնելով զայն, հեռու դիտողական, հեռավար ու զգացական նկրտումներէ։

– Մասնագիտական ու փորձագիտական յատկանիշներով օժտուած տարրերու ներգրաւում, որ՝ կոչումին զուգահեռ, զինուած ըլլայ տեսիլքի եւ արեւելումի ճշգրիտ գործօններով։

– Ակադեմական յղացքի եւ անհատական իրապաշտութեան ուղիներու բացարձակ անհրաժեշտութիւն, որ կը նպաստէ համոզիչ կողմնորոշումի ու պատկերացումի, շօշափելի լծակներու արձանագրութեամբ։

– Պայմաններու, միջոցներու եւ առիթներու հողադաշտի անարգել ապահովում, հուսկ՝ զօրակցական քաջալերանք, համապատասխան նիւթա-բարոյական ու համագործակցական տուեալներով։

– Հայաստան-Սփիւռք պատկան կողմերու պատրաստակամ, մատչելի ու գործնամիտ յարաբերութիւններու գոյառում, որ ըլլայ ծրագրուած եւ յայտագրուած ամրապինդ ու հեզասահ օղակներով։

Անշուշտ, վերոյիշեալ թուումները, ազդու ու նպատակային դառնալու նախանձախնդրութեան համար կը յիշուին, որպէսզի սփիւռքագիտութեան կազմաւորումն ու դրսեւորումը, իրականացումն ու ճանաչումը, մնան իրենց արդիւնաւէտութեան ու նպատակասլացութեան ծիրերէն ներս։

Այն ինչ որ ցարդ կատարուած է (ու կը կատարուի), Հայաստանի մէջ, սփիւռքագիտութեան բնագաւառէն ներս, ցարդ ոչ միայն անբաւարար է, այլեւ՝ անգոհացուցիչ, ուր ոչ մէկ բնորոշիչ քայլ արձանագրուած է, աւելին՝ հրապարակայնօրէն, եթէ կայ ալ, արդեօք ո՞ւր եւ ե՞րբ հանրութիւնը տեղեակ եղած է այդ աշխատանքներէն։

Հետեւեաբար, հեռու պէտք է մնալ հռետորական արտայայտութիւններէ, ինքնագովական զեղումներէ կամ ցուցադրական փորձերէ, որոնք ոչինչ կ’աւելցնեն սփիւռքագիտութեան թղթածրարին վրայ, քանի պահանջուածը այդ չէ, ոչ ալ՝ փնտռուածը, այլ՝ ԻՍԿԱԿԱՆ շրջագիծ մը, որ սփիւռքագիտական դպրոցին կու տայ կեանք, որպէս գիտութիւն, բովանդակութիւն եւ ամբողջականութիւն, միանգամա՛յն։

***

Այս հրատապ հարցին, բազմիցս անդրադարձած եմ եւ արձագանգած, առանց վերահասու ըլլալու որեւէ ԶԳԱԼԻ տեղաշարժի, որ սփիւռքագիտութիւնը կրնայ ձեւաւորուիլ իր անշեղ հունաւորումով, այդուհանդերձ, կը մնանք մեր հետապնդումի դիրքին վրայ։

Սփիւռքի հիմնադիր նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեանի վերջին հրատարակութիւնը՝ «ՅԻՇՈՒՄ ԵՆՔ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ», (Երեւան, 2020) նոր առիթ մը ստեղծեց, թէկուզ թռուցիկ, ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ուսմունքը, գոյավիճակը, դրուածքը եւ, ընդհանրապէս, հեռանկարը՝ լուսարձակի տակ առնելու, սկզբունքով, ասիկա ըլլալով առաջնահերթ ու հիմնարար օրակարգ մը։

Այս մեկնակէտը, հրամայական կարգով, այլ ընտրանք չէր կրնար ունենալ, կրկնութեան գնով իսկ ցոյց տալու, այլեւ՝ հաստատելու, որ սփիւռքագիտութիւնը, իր տարատեսակ կազմութիւններով ու խայտաբղէտութիւններով, ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր, վստահաբար՝ վաղը, դէմ յանդիման կը գտնուի նորագոյն մարտահրաւէրներու, որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ է որդեգրել ՅՍՏԱ՛Կ ՈՒՂԵԳԻԾ մը, ուր ան՝ որպէս հայ ժողովուրդի ընդհանրութեան ցայտուն հայելի մը, ստիպուած է մնալու այդ պայծառ հորիզոնականին վրայ, որովհետեւ ամէն ոք պէտք է հասկնայ եւ ըմբռնէ, որ սփիւռքակեանքը, սփիւռքավիճակը, սփիւռքադիմագիծը, սփիւռքակառոյցը եւ սփիւռքապատկերը, ինքնին սփիւռքագիտութիւն են, որոնց պէտք է համոզուիլ ու հաւատալ, ամենայն հասկացողութեամբ, համապարփակութեամբ ու իրատեսութեամբ։

Գիտնականուհի Հրանոյշ Յակոբեանը, իբրեւ իրատես, առարկայապաշտ ու վերլուծագէտ միտք, յատկապէս վերջին տասնամեակին, Սփիւռքի նախարարուհիի հանգամանքով եւ այլապէս ալ, որոնող եւ արձանագրող, նկատող ու թափանցող, մտաւորական հեղինակութիւն, աչքառու լրջութեամբ, հայեցակէտութեամբ եւ խոհեմութեամբ, փորձած է ուսումնասիրել սփիւռքահայ կեանքը, ապրիլ սփիւռքահայերու հետ, շփուիլ Սփիւռքի համարեա բոլոր շրջանակներուն հետ, իր ՈՒՐՈՅՆ, բայց, նշանակելի յառաջխաղացքները արձանագրելով եւ, ի պատիւ իրեն, կրցած է հասնիլ աւելի քան գոհացուցիչ արդիւնքներու։

Բնական է, ոչ ոք վստահութիւնը կրնայ ունենալ, թէ յաջողած է Սփիւռքը ուրուագծել իր ամբողջութեամբ, լիարժէքութեամբ ու համակողմանիութեամբ, պարզապէս այն պատճառով, որ ատիկա կ’ենթադրէ անսահման նիւթականութիւն, անչափելի կարելիութիւն, անսպառ պատրաստուածութիւն, անդադրում հետեւողականութիւն ու մանաւանդ՝ անաչառ հովանաւորութիւն։

Ճիշդ է, Հրանոյշ Յակոբեանը օժտուած է բազմաթիւ առաքինութիւններով ու ինքնայատկութիւններով, որոնց արդիւնքն է իր այս վերջին (բայց, ապահովաբար, ոչ-վերջնագոյն) գիրքը եւ վստահ պէտք է ըլլալ, որ ան այս մարզէն ներս կրնայ հանդէս գալ նորագոյն այլ իրագործումներով, եթէ պայմանները ստեղծուին, աւելի ճիշդ՝ եթէ յուսադրիչ առիթներ տրուին իրեն, ատոնք ըլլան Հայաստանի պատասխանատու ամպիոններէն, թէ Սփիւռքի ազդեցիկ շրջանակներէն։

***

Գիրքին խորագիրը ինքնին խօսուն ու խօսեցնող է, նաեւ կողքի պերճահաղորդ լուսանկարը, ուր Արարատ սիգապանծ լեռը ու Ծիծեռնակաբերդի երկնասլաք յուշակոթողը, արդէն կը յուշեն հրատարակութեան ամբողջ մտացիութեան իմաստը։

Աշխատութեան մէջ պարփակուած են հեղինակին բազմատասնեակ զեկոյցները եւ ելոյթները, դասախօսութիւններն ու բանախօսութիւնները, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստութեան, ապա՝ կայացման տարբեր առիթներով միջոցառումներուն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, համապետական ու համահայկական առումներով, պատմական ու քաղաքական արժեչափերով տալով անոր գնահատումն ու արժեւորումը։

Կարեւոր է ընդգծել, որ հեղինակը իր բոլոր ելոյթներուն մէջ, պատմագէտի ու քաղաքագէտի խորութեամբ, շեշտած է Ցեղասպանութեան քաղաքական ծրագրաւորումի դատապարտելիութիւնը, ժողովուրդ մը բնաջնջելու միջազգայնօրէն անընդունելիութւնը եւ այս բոլորէն բխած՝ շարունակելու պահանջատիրական վարքագիծը, ամէն մակարդակի վրայ, ի մասնաւորի նոր սերունդը ներգրաւելով հետապնդման շարժումներէն ու ծրագիրներէն ներս։

Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Ինստիտուտի գիտական խորհուրդը, խմբագրութեամբ՝ բանասիրական գիտութիւններու Դոկտ. Վ. Կարվալեանի, իսկ «Առաջաբան»ը գրած է՝ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէն ակադեմիկոս՝ Աշոտ Մելքոնեան, ինչ որ կրկնակիօրէն կը բարացուցէ գիրքի արժէքին ուշագրաւութիւնը, բարձրաստիճան յարգարժան մասնագէտներու կողմէ։

Գիրքը բաժնուած է չորս հիմնական մասերու, հետեւեալ կարգով.

ԳԼՈՒԽ 1

«ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ, ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ,

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՄ» (ԷՋ 16-430)

Փաստօրէն, այս գլուխը ամենէն ընդարձակն է (համարեա գիրքին կէսը), ուր ամփոփուած են 137 զեկուցումներ եւ ելոյթներ, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ «1946-1948ի հայրենադարձութիւնը եւ անոր դասեր»ը, «Ատանա 100»ը, «Ազգային-մշակութային ցեղասպանութիւն»ը, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելից»ը, «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք համագործակցութիւն»ը, «Սփիւռքի հեռանկարները գլոպալացնող աշխարհում»ը, «Լրագրողների 6րդ համահայկական համաժողով»ը, «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ազդեցութիւնը հայոց սփիւռքի ձեւաւորման գործում»ը, «Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 5րդ համաժողով»ը, «Հայ-թուրքական փոխյարաբերութիւնների ազդեցութիւնը…», «Աշխարհն առանց ցեղասպանութիւնների», «Մերձաւոր Արեւելքի հոգեւորականների առաքելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին»ը, «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման ու պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրներ»ը, «Ցեղասպանութիւնը՝ որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն»ը, «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը նոր օսմանականութեան գաղափարախօսութեան համատեքստում»ը, «Սրբօրէն պահենք Մայրենին՝ մեր ինքնութեան ու լինելութեան վկայականը»ը։

Ահաւասիկ մեծկակ փունջ մը, ուր հայրենի պետական գործիչը, հանրագումարի բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան այն սուր ու հրատապ ոլորտները, որոնք զայն կը յատկանշեն իրենց զանազան երեսներով ու ծալքերով, նշանակելիութեամբ եւ արտայայտչականութեամբ, որպէս պատմական անքակտելի առանցք, յիշելով շարժառիթներ, հոլովոյթներ ու գործընթացներ, անոնց ընդմէջէն յանգելով տրամաբանական ու դիպուկ եզրակացութիւններու, թէ՛ հայրենի ժողովուրդը, թէ՛ սփիւռքահայութիւնը, նախ՝ իրազեկ դարձնելով Ցեղասպանութեան հետ առընչուող զարգացումներէն, ապա՝ բոլորը մղելով պատասխանատուութեան համագիտակցութեան եւ աշխատանքի համայանձնառութեան, ամենայն միասնականութեամբ եւ ուժականութեամբ։

ԳԼՈՒԽ 2

«ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՄ,

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ» (ԷՋ 431-594)

Այս գլխուն մէջ տեղադրուած են 27 ելոյթներ, որոնք մեծ մասամբ տարեդարձներու եւ ամեակներու նուիրուած են, դարձեալ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ծիրէն ներս, ինչպէս՝ Վանի ինքնապաշտպանութեան 95ամեակ, Այնճարի 70 եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95ամեակներ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան 80ամեակ, «Յիշում ենք եւ պահանջում» եւ բազմաթիւ ողջոյնի խօսքեր, տարբեր առիթներով։

Յատկանշական է, որ հրապարակախօս Հրանոյշ Յակոբեանը, իր բոլոր ելոյթները յագեցուցած է ոչ միայն այդ զեկուցումներուն առիթով իր ոգեշունչ ճառերու արտասանութեամբ, այլեւ՝ արմատաւորած է հայրենական ոգի եւ հետք, հայրենասիրական սլացք ու լիցք, հայկական պատկանելիութեան դրոշմ ու կնիք եւ, ամենէն կարեւորը, արմատներու ինքնութեան կառչածութիւն, լեզուով, մշակոյթով, արուեստով, գրականութեամբ եւ առ հասարակ այն ամէն ինչով որ հայութիւն կը ներշնչէ, հայութիւն կը բուրէ։

ԳԼՈՒԽ 3

«ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ

ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ» ԳՐՔԻՑ ՀԱՏՈՒԱԾ՝ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԻՑ

100 ՏԱՐԻ ԱՆՑ» (ԷՋ 595-694)

Վերոյիշեալ գիրքը, իր շահեկանութեան, այժմէականութեան եւ ինքնորոշութեան համար, կարեւոր ներդրում մը նկատելով, օրին գրախօսած էի եւ ատիկա լոյս տեսած էր հայրենի թէ Սփիւռքի մամուլին ու համացանցին մէջ, արժանի արձագանգներով։

Սակայն, հոս, երկրորդ մասով, «Հրանոյշ Յակոբեանի արձագանգ»ը (էջ 651-694), ամբողջովին նուիրուած է Արցախեան հերոսամարտին՝ 27 Սեպտեմբեր 2020էն մինչեւ 15 Նոյեմբեր 2020, ուր հեղինակը հրատապօրէն անդրադարձած է անոր, իր յանդուգն, արդարականչ, բայց, զգաստացնող ու սթափեցնող ահազանգներով, մերթ խօսքը ուղղելով միջազգային աշխարհին, մերթ հայրենի իշխանութիւններուն, փրկելու հայրենի հողը, որովհետեւ պէտք է առաջնորդուիլ խիղճով ու համոզմունքներով, որոնց լուծումը Ազգային Ժողովին մէջ է, դիտել տուած է ան։

Այս բաժինը կը կարեւորուի նաեւ անով, որ հեղինակը հայու պարկեշտ քաղաքացիութենէն, հայրենապաշտութեան անսակարկ հաւատարմութենէն, հայրենիքը փրկելու անսակարկութենէն մեկնելով, իր անկեղծ եւ անխառն մտորումները, մտավախութիւններն ու տագնապները սեփականութիւնը դարձուցած է իր ժողովուրդին (ընդ որուն՝ նաեւ անգլերէն ու ռուսերէն լեզուներով)։

ԳԼՈՒԽ 4

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԵՐՈՒՄ

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ ԵՒ

ԱՐՄԵՆՓՐԵՍԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԻՍՏԵՐԻ ՄԱՍԻՆ» (ԷՋ 695-763)

Այս բաժինը վաւերագրական ու փաստագրական է, նկատի ունենալով որ հոն համատեղուած են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստերուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհիին ՎԵՑ ելոյթները (էջ 695-740), ապա՝ նիստերուն մասին տեղեկագրութիւնները (էջ 741-763)։

Այս ելոյթներուն մէջ, ինչպէս նախորդներուն, Հրանոյշ Յակոբեան, ձեռնհասութեամբ եւ իրապաշտութեամբ հանդէս եկած է ազգային բարձր գիտակցութեամբ, պետական պատասխանատուի վեհանձնութեամբ ու քաղաքական գործիչի ներհուն հեղինակութեամբ, որոնք լաւագոյն ապացոյցը կու տան, որ, յանձինս իրեն, օրին, յարմարագոյն թեկնածու մը ընտրուած է այդ պաշտօնին վրայ, ըստ պատշաճի եւ արժանաւորութեան արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը։

***

«ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ» (էջ 764-823) բաղկացած՝ 6 յաւելուածներէ ու կը բովանդակէ.

«100ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԵՐԸ,

ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ, ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ, 100ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ,

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑԱԾ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅԼ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ» (ԷՋ 764-823)

Այս բաժինը վիճակագրական եւ յիշատակագրական է, իր աշխարհագրական, ցամաքամասային, համայնքային, յարանուանական, կուսակցական, բարեսիրական, գաղութային, շրջանային ու միջազգային բեւեռներով, ուր հեղինակը, իրօք, տքնաջան ու հետեւողական ճիգերով կրցած է հաւաքագրել եւ աղիւսակագրել ամբողջ համապատկեր մը սփիւռքահայութենէն, սփիւռքագիտութեան բնագաւառին մէջ արձանագրելով օրինակելի նորութիւն մը, որմէ օգտուելու ու զայն համալրելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուի իւրաքանչիւր սփիւռքագէտ, եթէ կայ կոչումի եւ առաքելութեան պատկանելիութեան ուղիի զարգացում։

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ (ԷՋ 824-839)

Աղբիւրներու առատութիւնը ու ցանկագրումը ցոյց կու տան ոչ միայն այս աշխատութեան գիտականութեան եւ արժանահաւատութեան հաստատումը, այլեւ՝ հեղինակին բծախնդրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը, առաւելագոյն չափանիշներով, ըլլալու ճշգրիտ ու ճշմարտախօս, վաւերագրական եւ արձանագրական, հետազօտական ու պատմական իրողակարգերու անշահախնդիր հետեւողութեամբ։

Հրանոյշ Յակոբեանը, որպէս կոչումնակիր եւ արժանակիր գիտնական, վստահաբար, այլ ընտրանքի կամ ուղիի չէր կրնար հետեւիլ, բացի ըլլալէ անոնց կրողն ու գործադրողը։

Այս առընչութեամբ, ան դիմած է արխիւային նիւթերու, տպագիր սկզբնաղբիւրներու, ուսումնասիրութիւններու, գիտական յօդուածներու, իրաւական աքտերու, պարբերականներու, համացանցային աղբիւրներու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, թրքերէն), որոնք, որոշապէս, աւելի կ’արժեւորեն ու կը գիտականացնեն աշխատութիւնը։

***

Անտարակոյս, Հրանոյշ Յակոբեան, այս երկրորդ գիրքով, սփիւռքագիտութեան կալուածին մէջ, կարեւոր ներդրում մը եւս կատարեց, որ՝ գոնէ արծարծուած կամ անդրադարձուած հարցերուն գծով, կարեւոր «բաց մը» ամբողջացնելու կամ լրացնելու կոչուած է, որովհետեւ երբ ընթերցողը կը ծանօթանայ անոր միտքերուն, տեսակէտներուն ու գաղափարներուն, չի կրնար համաձայն չգտնուիլ անոնց ճշմարտացիութան եւ իրաւացիութեան հետ, ի դէմս գիտականութեամբ, առարկայականութեամբ ու պատմականութեամբ օժտուած հետազօտող հեղինակութեան մը։

Հիմնականը՝ Հրանոյշ Յակոբեանի ազգային-քաղաքական, հանրային-պետական հայեացքներուն եւ ըմբռնումներուն, կայ ողջմիտ աշխարհահայեացքի ու հզօր անհատականութեան հայահունչ կերպար մը, այս հատորը ըլլալով անոր ցայտուն օրինակներէն մէկը, յուսալով որ նորերը կը յաջորդեն, նոյն ուղիով, հարթակով ու կիզակէտով։

(Պէյրութ)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին