Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Պէյրութ, 1 Մայիս 2021

Երուանդ Ազատեան

Ատենապետ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ  Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան 

Սիրելի Էտմօն,

Խորունկ ցաւով իմացանք Ձեր կողակիցին՝ մեր բոլորին սիրելի Տիկին  Նորա Ազատեան-Իփէկեանի մահուան տխուր լուրը: Դժուարին այս պահուն միտքերով եւ զգացումներով Ձեր հետն ենք եւ կը կիսենք Ձեր վիշտը: Գիտնք թէ որքա՜ն դժուար է հարազատի մը եւ մանաւանդ կողակիցի մը կորուստը:

      Տիկին Նորան մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս բացառիկ  հայուհի  մը՝ իր ազնուական կերպարով, անհատականութեամբ,  անմիջականութեամբ եւ բարի ժպիտով: Արուեստը եւ մշակոյթը իր  տարերքն էր: Եւրոպական կրթութիւնն ու ազգային ջիղը գեղեցկօրէն  միահիւսած հայուհի մըն էր ան իր խօսքով եւ գործով: Որպէս  գեղանկարչուհի, ասմունքող եւ դաստիարակչուհի ան սփիւռքահայ  մշակութային եւ կրթական կեանքին կարեւոր ներկայացուցիչներէն էր,

նուիրուած ըլլալով նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային  դաստիարակութեան նուիրական գործին, Եգիպտոսէն մինչեւ Ամերիկա: Կը բաւէ յիշել որ Տիկին Նորան, որ ծնած էր Իփէքեան  ազնուական ընտանիքին մէջ, թոռնուհին էր Հայ Ազատագրական  Շարժման աննկուն գործիչ եւ ՌԱԿ-ի մեծանուն ղեկավարներէն Միհրան Տամատեանին: Եգիպտահայ գաղութի  ազգային կեանքի փայլուն օրերու մթնոլորտի ծնունդն էր ան, կրելով  այդ  մթնոլորտի կերտիչներուն անմիջական ազդեցութիւնը, որ  իրմէ  անբաժան մնաց մինչեւ վերջ:

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք Ձեր ընտանեկան պարագաներուն, մասնաւորաբար տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ բեմադրիչ՝ Ժիրայր Բաբազեանին, ինչպէս նաեւ հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Մեր աղօթքը կը միացնենք հանգուցեալին հոգիին հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար բարձրացուած աղօթքներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմինի Ատենապետ՝

Յակոբ Գասարճեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին