Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի ընտանիքը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն՝ նկարիչ, ասմունքող, եւ վաստակաշատ ուսուցչուհի՝
ՆՈՐԱ ԱԶԱՏԵԱՆ – ԻՓԵՔԵԱՆ-ի
մահը, որ պատահեցաւ Տիթրոյթի մէջ (ԱՄՆ), 29 Ապրիլ 2021-ի գիշերը, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալին կողակիցին՝ յայտնի մտաւորական եւ ազգային-կուսակցական գործիչ ընկ. Երուանդ Ազատեանին, ինչպէս նաեւ զաւակին՝ նոյնպէս յայտնի դերասան եւ բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեանին: