Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Շրջափակին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ապրիլեան Յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատուցեց Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» երգչախումբի , ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի։ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած այս արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պրն. Լէոնարտ Ապաճեան, Լիբանանի պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեան, նախկին նախարարներ Ռիշար Գույումճեան եւ Ժագ Չուխատարեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, կաթողիկէ վարժարաններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք, օրուան խօսքը իր քարոզի ընդմէջէն փոխանցեց Գեր. Անտոն Վրդ. Նորատունկեան։

Վարդապետի քարոզէն ետք, Ապրիլեան Յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ աղօթք, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Աղօթքին յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում, Հայաստանի դեսպանատան, կաթողիկէ վարժարաններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, նաեւ երեսփոխան Ժան Թալուզեանի կողմէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին