Մեծ Եղեռնի 106րդ տարելիցին տխուր առիթով Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Եկաւեան գրադարանին մէջ, Ուրբաթ 23 Ապրիլ 2021ի երեկոյեան կազմակերպեց Հսկումի Պահ մը նուիրուած մեր անմահ նահատակներու յիշատակին:
Բացման խօսքին մէջ Տք. Յարութիւն Նազարեան շեշտեց կարեւորութիւնը նոր սերունդներուն մէջ բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը վառ պահելու եւ պահանջատիրութեան հարցի հետապնդման հարցին:
Ներկայացուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր պատրաստուած Ընկ. Րաֆֆի Քէչէճեանի կողմէ, Մասնակցութեամբ` Տարօն Գասպարեանի, Փաթիլ Քէչէճեանի, Արփի Գրտանեանի, Լիլիթ նազարեանի, Միրէյ Աթոքեանի, Ռոզալի Պարտիզպանեանի, Էլի Նազարեանի, Սագօ Քէչէճեանի, Աննա Մարիա Քէչէճեանի, Սէրա Աթոքեանի և Լեւոն Քէօսէեանի:
Մասնակիցները ասմունքով, երգով եւ նուագով ոգեկոչեցին մեր նախնիներու յիշատակը:
Խունկ ու ծուխ անշիրիմ նահատակներու յիշատակին:
Փառք ապրողաց: