Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Խմբագրական Ազդ

Քորոնաժահրի հետ պայմանաւորուած արգելափակումներու նուազումով, յարմար գտանք վերականգնել ատենէ մը ի վեր կանգ առած մեր տպագիրի լոյս ընծայումը:

Հետեւաբար եւ մինչեւ ամբողջական վերականգնում, ուրախ ենք յայտարարելու, որ մեր տպագիրը այսօրուընէ կը վերսկսի լոյս տեսնել պարբերաբար:

Յոյսով ենք, որ մեր այս կարգադրութիւնը կ՛արժանանայ մեր տպագիրի ընթերցողներուն գնահատանքին, որոնք անհամբեր սպասեցին իրենց սիրած օրաթերթին տպագիր ձեւով վերահրատարակման: Տեղին է նշել, որ մեր ելեկտրոնային տարբերակն, կայքէջը եւ ընկերային համացանցի էջերը, ինչպէս միշտ կը շարունակեն հրապարակուիլ անխափան:

Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ԶԱՐԹՕՆՔ-ին հաւատարիմ բարեկամներուն, որոնք բնաւ չեն զլանար նիւթապէս եւ բարոյապէս կանգնելու մեր կողքին:

Խմբագրութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին