Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մահուան Դիմաց՝ Կեանքի Իմաց

Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ Նախագահ՝

Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի Պատգամը

                                                                             «Ինչու՞ խռոված էք եւ ինչու՞ սրտերնուդ մէջ  

                                                                  խորհուրդներ կ’ելլեն:  Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս,

                                                                  որ ես ինքս եմ. շօշափեցէք զիս ու տեսէ՛ք…»

                                                                                                                                 Ղուկ. 24. 38-39

Վերջին շրջանի մեր կեանքին մէջ՝ շրջապատուած ենք մահուան անխուսափելի իրականութիւնով:  Մահուան ահազանգը աւելի շեշտակի կը հնչէ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:  Ոչ միայն որպէս կեանքի իրականութիւն, այլ՝ շատերու տարաժամ մահով, մահը «աւելի մօտիկ» եկած է մեզի. Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթիւնով, Արցախի անհաւասար պատերազմով եւ «Քորոնավիրիւս»ի համավարակ սպառնալիքով՝ իրենց «բնական» ժամանակէն առաջ մահացան շատ շատեր, ինչ որ վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտի մէջ դրաւ մեզ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը դարձեալ կը հրաւիրէ մեզ դուրս գալու մահուան ստեղծած մթնոլորտէն, դիմաւորելու կեանքը, որ շատ աւելին է՝ քան ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն:  «Կեանքը իր ճամբով՝ մահը իր ճամբով» ժողովրդական հասկացողութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ այս. այլ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ:  «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». կ’ըսէ Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն:  Եւ՝ Յաղթական Յարուցեալը մեզի կու գայ մահէն անդին:

Մեր հաւատամքին մէջ՝ կը յայտարարենք, «Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ յերկինս նովին մարմնովն՝ նստաւ ընդ աջմէ Հօր»:  Տէր Յիսուսի աշակերտները, իրենց Վարդապետին տարաժամ եւ չարչարալից մահով՝ մատնուած էին վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան:  Հաւաքուած էին տեղ մը, թերեւս՝ զիրար մխիթարելու համար, եւ գոցած դռները՝ վախով (Յովհ. 20. 19), երբ Տէր Յիսուս Քրիստոս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղը, դարձեալ ասպարէզ կարդալով մահուան:  Անոնք տեսան Խաչեալը Իր կենդանի մարմնով, թէեւ ստացած վէրքերով:  Եւ՝ Իր աշակերտներուն ալ ասպարէզ կարդալու պէս, Տէր Յիսուս կը հրաւիրէ զիրենք մօտենալու եւ շօշափելու իր վիրաւոր սակայն յարուցեալ մարմինը:

Մեր բոլոր վիճակներուն մէջ՝ Տէր Յիսուս մեզ եւս կը հրաւիրէ որ Իրեն նայինք եւ տեսնենք թէ մահուան դիմաց՝ կեանքին նշանով, կեանքին լուրով կը հաստատուինք:  Մահուան իրականութիւնը ընդունելու եւ անոր հետ հաշտուելու հրաւէր մը չէ այս. այլ՝ մահէն անդին՝ կեանքին նայելու եւ յաղթանակի յոյսով վերականգնելու գրաւական:  Քանդուած բաները կը վերաշինուին, վէնքերը կը սպիանան, անորոշութիւնները կը փարատին եւ կեանքը կը վերանորոգէ մեզ:  Տէր Յիսուս Քրիստոս, մեր Յարուցեալ Փրկիչը այսօր եւս մեզի հետ է ինչպէս խոստացաւ (Մատթ. 28. 20), իմաց տալու մեզի թէ կեանքը մահէն եւ մեր տեսածներէն շատ աւելին է:  Կեանքը Իրմով է:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

                                                                         Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                 Նախագահ, Մ. Ա. Հ. Ա. Ե. Միութեան

Ապրիլ 2021

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին