Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Իշխող Վարչախումբէն Կ՛ակնկալուի Յօդաբաշխ Պարզաբանում

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 27-ին, Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով տրուած հարցազրոյցի ընթացքին, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, ի շարս այլ հարցերու, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիան կը շարունակէ համարուիլ թշնամի պետութիւն, պատասխանած է՝ «եթէ մենք գնում ենք տարածաշրջանի ապաշրջափակման, ապա մեր մօտեցումներում որոշակի շտկումներ պէտք է լինեն, եւ մենք այդ ուղղութեամբ աշխատում ենք»:

Իսկ օրեր առաջ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը Ազգային Ժողովի ամպիոնէն յայտարարած էր, թէ «մենք գործ ունինք այսօր թուրք-ազրպէյճանական բանակի հետ, որը գնալով միաձուլւում է»:

Բնականաբար՝ հաշուի առնելով երկու պաշտօնատար անձերու հակադիր մօտեցումներու առկայութիւնը, կը յառաջանան հետեւեալ տրամաբանուած հարցադրումները ու հիմնաւոր կասկածները:

Եթէ, ինչպէս պաշտպանութեան նախարարը կը բանաձեւէ, մենք գործ ունինք թուրք-ազրպէյճանական միաձուլուած բանակի հետ, որ Արցախեան վերջին պատերազմին, հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, գերիներ եւ անհետ կորսուածներ պատճառելով, գրաւած է Արցախի մեծագոյն մասը, աւերած է անոր տնտեսութիւնը ու պատմամշակութային հարստութիւնը, տեղահանած խաղաղ բնակչութիւնը:

Եթէ, մենք գործ ունինք տարածաշրջանի մէջ թրքական ծաւալապաշտական ծրագիրի իրականացման առանցքային գործիքակազմի, օրնիբուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան սպառնացող թուրք-ազրպէյճանական միաձոյլ բանակի հետ, ուրեմն, ի՞նչպէս կարելի է բարբառել Թուրքիոյ նկատմամբ մեր մօտեցումներուն մէջ «շտկումներ մտցնելու» մասին:

Եթէ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ժողովուրդի անունով բայց ժողովուրդի թիկունքին, գաղտնագողի, տարածաշրջանի ճանապարհներու ապաշրջափակմամբ շահագրգիռ գլխաւոր շահառուներուն առջեւ ստանձնած են ոչ հայանպաստ յանձնառութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, թող յստակ ու բացայայտ ներկայացնեն Հայ ժողովուրդին, որպէսզի Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, Համայն հայութիւնը տեղեկանայ, գիտակցի եւ հետագայ քայլերու մասին կայացնէ իր սեփական որոշումը:

Ակնյայտ է, որ Ապրիլ 24-էն 28 օրեր առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հայեցակարգի իրականացման գործառոյթի գլխաւոր պաշտօնեայի նման յայտարարութիւնը, հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի տապալման հետամուտ եւ պահանջատիրական պայքարին հակադրուող ուժերու ջաղացքին ջուր հասցնելու խնդիր կը լուծէ միայն:

Իմանալով տուեալ պաշտօնեայի քաղաքական – գաղափարական հայեացքներն ու համոզմունքները, նաեւ անցեալին իր գործունէութեան շրջանակը, մեզի շատ բան կրնայ հասկնալի եւ ընկալելի ըլլալ:

Բայցեւայնպէս, եթէ անոր կեցուածքները կ’արտայայտեն գործող իշխանութեան պաշտօնական դիրքորոշումը, թող անյապաղ, յստակ, ամբողջական եւ առանց աւելորդ աճպարարութիւններու՝ իշխող վարչախումբը տայ յօդաբաշխ պարզաբանում մը:

28 Մարտ 2021

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Կեդրոնական Խորհուրդի (վերակազմեալ)

Մամլոյ եւ Տեղեկատուութեան Բաժանմունք

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին