Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Զատկական Պատգամ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Սիրեցեալ զաւակներ,

         Եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

         Ներկայ աշխարհը վախի աննախընթաց օրեր կˊապրի այս օրերուս․ Ի մէջ այլոց, ահռելի աղէտներ կը հարուածեն մարդկութիւնը, որոնց նմանը չէր տեսնուած ցայսօր, ահ ու սարսափի մատնելով ամէնքը։ Վախը կը տարածուի ամէն կողմ, Գորոնայ կոչուած տիտղոս մը կրելով, ան կը հարուածէ ու կը փճացնէ իր անցքին վրայ ամէն ինչ, մահաշուք հիւանդութեամբ մը  որ արագաքայլ կը յառաջանայ, կործանելով ամէն բան, լեռ ու ձոր, աղքատին տնակն ու հարուստին պալատը, առանց խնայելու ոչ ոք, եւ բիւրաւոր կեանքեր խլելով, ու ողջ մնացողները յուսալքումի մատնելով։ Նորակերպ ջրհեղեղ մըն է կարծէք, որ կը խոյանայ յանկարծ, առանց ազդարարելու, կամ Սոդոմ Գոմոր մը, որ կը խոյանայ, չխնայելով ոչ մի մարդկային էակ, կամ Աստուծոյ մի նոր պատուհասը, որ կˊոչնչացնէ ամէն  ինչ որու հանդիպի․ կարծէք Աստուծոյ բարկութիւնն է որ ծայր տուած է ամենուրեք։

         Այս աղիտալի վիակին մէջ ուր կը խորասուզուի ամբողջ արարչութիւնը, մենք, որ պատրաստուած ենք ցնծութեամբ տօնախմբելու քրիստոնէութեան ամէնէն հրաշալի տօնը, Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը մեռեալներէն, ուրիշ ելք չունինք եթէ ոչ յարել մեր յուսալից նայուածքը դէպի այն Քրիստոսը որ իր մահուանէն առաջ հռչակեց թէ պիտի մեռնի բայց պիտի յաղթէ մահուան․ գիտենք թէ արդէն իսկ ան իրագործեց իր մարգարէութիւնը, որու ուժով վերստին կենդանացուց ինքզինքը եւ խոստացաւ կենդանացնել նաեւ ով որ այդ հաւատքին փարի, իր կեանքն իսկ զոհելով իր վկայութեամբ։

         Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

         Հարց տանք պահ մը մենք մեզի թէ իրենց ատենին, երբ նման օրեր տեսան,     ի‘նչ  դիրք բռնեցին աշակերտները այդ դժուարին պահերուն։ Գիտենք որ անոնց մէջ ամէնէն խիզախըˋ Պետրոսն էր, ինչպէս միշտˋ յառաջ նետուողը։ Ան խոստացաւ ցմիշտ հաւատարիմ մնալ իրեն։ Երբ Յիսուս մարգարէաբար իր չարչարանքներուն ու մահուան մասին խօսեցաւ, Պետրոս, իր խօսելակերպով յայտարարեց թէ պիտի պաշտպանէր իր աստուածային Վարդապետը ամէն գնով եւ պիտի չթոյլատրէր որ դպչին իսկ անոր։ Սակայն կացութիւնը փոխուեցաւ երբ յառաջ եկան Յիսուսի թշնամիները։ Երբ հասաւ վտանգի պահը, Պետրոս ուրացաւ իր Տէրը եւ լքեց զայն։ Կացութիւնը դեռ աւելի սաստկացաւ երբ չարչարեալ Քրիստոսի դէմ իր թշնամիները դիրք բռնեցին առ դէմ եւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

         Սակայն հասաւ Յիսուսի Յարութեան ու փառքի օրը։

         Պետրոս եւ բոլոր առաքեալները յարութեան զօրութեամբ զգեցած, գացին ամբողջ ծանօթ աշխարհը, աւետարանեցին համայն աշխարհը ու հիմնովին փոխեցին, ուսուցանելով Քրիստոսի վարդապետութիւնը։ Գիտակցաբար, անոնք մարտիրոսութիւնը յանձն առին եւ աներկիւղ քարոզեցին մարդկութեան Քրիստոսի աւետարանին աւետիսը։

         Դժոխքի դռները խորտակուեցան եւ երկինքի դռները բացուեցան բոլոր անոնց առջեւ որոնք ընդունեցան Քրիստոսի փրկագործական աւետիսը։ Մահը պարտուեցաւ եւ դժոխքի պարիսպները քանդուեցան․ ու±ր է, մահ, խայթոցդ, պոռաց Պօղոս Առաքեալը․ ո±ւր է, գերեզմանի յաղթանակդ։ Մահը որ մարդկութիւնը իր ճանկերուն մէջ առած էր, Քրիստոսի մահուամբ խորտակուեցաւ։

         Սիրելի հաւատացեալներ, մարդկութիւնը կը շարունակէ կրել արհաւիքի չարչարանքները։ Մահը կը շարունակէ կեանքեր խլել, հիւանդութիւնըˋ չարչարանքները բազմացնել։ Սակայն մեզի ներուած չէ յուսահատիլ, որովհետեւ ըստ իր խոստումին, պայքարին անպայման կը յաջորդէ յաղթանակը, տառապանքինˋուրախութիւնը։ Շարունակենք պայքարը մինչեւ որ իրականանայ իր խոստումը։

         Սիրելի հաւատացեալներ,

         Մենք այսօր, միասիրտ ու միաբերան եւ յոյսով լի, ամէնքս մեր ջերմ աղօթքները կը բարձրացնենք  մեր երկնաւոր Տիրոջ, հայցելով իր գթառատ ողորմութիւնը համայն մարդկութեան եւ յատկապէս մեր սիրելի հայրենիքին, Հայաստանին եւ Արցախին վրայ ու երկրորդ հայրենիքինˋ Լիբանանի, որ տալէ ետք համբերութեամբ կրելու շնորհքը, շնորհէ յարատեւութեան պարգեւը, գիտնալով որ,  իր խօսքին, «որ համբերեսցէ ի սպառ, նա կեցցէ»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին