Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն

Երեքշաբթի 4 օգոստոսի Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումին կատարած հետեւանքներուն մօտէն ծանօթանալու միտումով՝ Շաբաթ, 8 օգոստոս 2020-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին Հ. Գարակէօզեան կեդրոն այցելեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ՝ Չարլզ Միշըլ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ ԹարրաֆԻ։

Անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի կողմէ։

Ս. Օհանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ըսելով՝ «թէեւ նիւթական մեծ վնասներ կրեցինք եւ մեր շէնքը գրեթէ կիսաքանդ վիճակի հասաւ , սակայն չընկրկեցանք, չյուսահատեցանք այլ հաւաքական ճիքով եւ մեր առաքելութեան հաւատարիմ, անմիջապէս առաջին հիմնական մաքրութեան գործը կատարեցինք, եւ հինգշաբթի օր արդէն իսկ կրցանք ընդունիլ 341, ուրբաթ 300 եւ շաբաթ 100 պարագաներ՝ անոնց տրամադրելով բժշկական անմիջական խնամք եւ դեղորայք»։

Ապա ներկաները շրջեցան դարմանատան սենեակները, զրոյց ունեցան այնտեղ բուժուող հիւանդներուն, բժիշկներուն եւ բոյժքոյրերուն հետ։

Աւարտին Սերոբ Օհանեան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Չարլզ Միշըլին եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆին նուիրեց հայկական նուռը՝ որպէս կեանքի, ծաղկման եւ առատութեան խորհրդանիշ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին