Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

Կամենալը՝ Կարենալ է . . .

Այս սիրոյ եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած շատ հետաքրքրական պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ճէքսընվիլ քաղաքէն։

Սթիվ Տանիէլ եւ կինը Մէրի ամուսնացած են 24 տարի առաջ եւ շատ ուրախ կեանք մը կ՛ապրէին իրարու հետ, երբ յանկարծ եօթը տարի առաջ՝ Սթիվ կ՛սկսի տառապիլ Ալզհայմըրզի հիւանդութենէն։

Ալզմայմըրզի (Alzheimer’s) հիւանդութեան ախտանշաններն են յիշողութեան կորուստ եւ ապա աստիճանաբար անկարողութիւն՝ ինքզինքին հոգ տանելու։ Հիւանդը կը կարօտի ուրիշի օգնութեան՝ ուտելու, դեղ առնելու, հագուելու, լոգնալու եւ այլ հիմնական պէտքերուն համար։

Մէրի 2019 թուականի Յուլիսին Սթիվը կը տեղաւորէ անկարողներու հոգատարութեան (care facility) հաստատութեան մը մէջ եւ ամէն օր կ՛այցելէ զինք, թէ իր կարօտը առնելու եւ թէ ալ իր անմիջական պէտքերուն հոգ տանելու համար։

Եւ ահա Մարտ ամսուան սկիզբը՝ պսակաձեւ համաճարակը կը փոխէ ամէն ինչ։ Մէրիին չարտօնուիր այցելել իր ամուսինին եւ ան՝ Սթիվի սենեակին պատուհանին ետեւէն միայն կրնայ տեսնել զինք եւ սփոփուիլ, որ ամէն ինչ լաւ է եւ բնականոն։

Բայց Մէրի չի գոհանար այսքանով եւ հետեւեալ ճարպիկութեան կը դիմէ, աւելի մօտէն հետաքրքրուելու Սթիվի իրավիճակին մասին։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ թէ ի՞նչ է այդ սրամտութիւնը որ ի գործ դրաւ ան։

Մէրի կ՛իմանայ որ վերոյիշեալ հաստատութիւնը կարիքը ունի գործաւորներու։ Ան անմիջապէս կը դիմէ եւ կ՛ընդունուի աշխատող խոհանոցին մէջ՝ որպէս պնակ լուացող։ Այսպէսով, Մէրի աշխատանքային իր ժամերը լրացնելէ ետք՝ առիթը կ՛ունենայ այցելելու Սթիվին (տես նկարը) եւ քիչ մը որակաւոր ժամանակ անցնելու անոր հետ . . .

Հոս պէտք է աւելցնեմ որ Մէրի՝ իր ամուսնուն վերջին հանդիպումէն ետք, 114 օր ետք միայն (վեց շաբաթ) կրցաւ նորէն անոր հանդիպիլ, իր յղացած մէկ սխրագործութեան պատճառաւ։

Եզրակացութիւն՝ իրական սէրը կը յաղթահարէ ամէն խոչընդոտ, չէ՞ք խորհիր!

Մարդը Փոխարինել Ծառո՞վ . . .

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ հեռաւոր Իսրայէլէն (գրաւեալ Պաղեստին – Խմբ.)։ Այս մէկն ալ դարձեալ առնչութիւն ունի պսակաձեւ համաճարակին հետ։ Մենք գիտենք որ այդ համաճարակին պատճառաւ՝ ողջագուրումը, ձեռնուիլն ու համբուրուիլը բացարձակապէս արգիլուեցան, տնային կալանքին հետ առընթեր։

Ուրեմն աւանդական ձեռնուիլը փոխարինուեցաւ արմուկներու հպումով, իսկ մարդկանց ողջագուրումն ալ փոխարինուեցաւ ծառերուն փաթթուելով։ Թերեւս անհաւատալի է այս մէկը, սակայն երբ կցուած նկարին նայիք՝ պիտի տեսնէք թէ իրական է եւ մարդիկ լրջութեամբ կը մօտենան այս հարցին։

Այս դէպքը պատահած է Իսրայէլի (գրաւեալ Պաղեստին – Խմբ.) Աբօլոնիա ազգային զբօսայգիին մէջ, որ միայն ինը մղոն հեռու է Թէլ Ավիւէն։ Իսկ միտք բանին այս գործողութեան հետեւեալն է։

Ազատօրէն ման գալ բնութեան ազատ ծոցին մէջ, շնչել մաքուր օդ եւ սէր արտայայտել՝ փաթթուելով ծառերուն, որոնք մարմնական որեւէ վնաս չեն պատճառէր քեզի . . .

Համաճարակին հետեւանքով՝ մարդիկ պէտք է իրարմէ վեց ոտք կամ երկու մեթր հեռու մնան, որպէսզի այդ ախտի վարակումէն զերծ մնան։ Սակայն ծառերու պարագային՝ այդ զգուշութիւնը առնելու պէտքը չկայ, քանի ծառերը անվնաս են եւ այդ ախտը փոխանցելու անկարող, չէ՞ք խորհիր!

Է՜հ, ի՞նչ օրերու մնացինք՝ երբ մարդիկ պիտի փոխարինուին ծառերով եւ կամ կինը լուացարարուհի պիտի դառնայ, ամուսնուն մօտ ըլլալու համար։

Բայց մենք պէտք չէ վհատինք երբեք որովհետեւ պսակաձեւ համաճարակն ալ անցաւոր է եւ մենք համբերութեամբ պէտք է բոլորենք այս նեղ կացութիւնը, որովհետեւ ուրիշ ճար չկայ եւ վերջ։  

Լոս Անճելըս

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին