Բնականաբար Քրեմլինի ուշադրութենէն երբեք չվրիպեցաւ վարչապետ Փաշինեանի բացակայութիւնը՝ գերմանական Ֆաշիստ ուժերուն դէմ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, սովետական կարմիր բանակին յաղթանակը նշող՝ փառահեղ զինուորական շքերթէն: Հայաստանի վարչապետը քորոնա ժահրը մատի փաթթոց ըրաւ: Կարծէք 4 ժամ տեւող Երեւան-Մոսկուա թռիչքը Հայաստանի մէջ տարածուող համաճարակի պայքարին մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի ընէր: Ինչպէս ծանօթ է հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի զինուորական շքերթին, ուր մասնակցեցան 16 երկիրներ ներկայացնող աւելի քան 12 հազար զինուորներ, Պրն Փաշինեան 75 հայ զինուորներ առաքեց, յաղթանակի 75րդ տարեդարձը խորհրդանշող: Ան ընդունած էր նախագահ Փութինի պաշտօնական հրաւէրը մասնակցելու պատկառելի հանդիսութեան: Կացութիւնը փրկելու համար, գէթ նախագահ Արմէն Սարգիսեանը հոն պէտք է գտնուէր, Փութինի կողքին՝ առնուազն յիշեցնելու իր հիւրընկալին թէ սրբազան այդ պանծալի յաղթանակին մէջ աւելի քան քառորդ միլիոն հայորդիներ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին: Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին մասնակցութիւնը անբաւարար էր:
Քանի մը օրեր առաջ, վաղ առաւօտեան, մօտիկ բարեկամ մը Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիէն հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին այլայլած ըսաւ թէ խումբ մը երիտասարդներ կանաչ հրապարակին կից ցոյց կը կատարէին: «Ականջիս Հայաստան բառը հասաւ: Մօտեցայ անոնց, փողոցի ստահակներու երեւոյթը ունէին: Հազիւ յիսունի հասնող խումբին բոլոր անդամները՝ կռահելով իրենց առոգանութենէն, Լիպիացիներէ չէին բաղկանար: Երբ զիս տեսան, խանդավառուած՝ աւելի բարձրաձայն սկսան աղաղակել «կեցցէ» Ազրպէյճանը, անկցի Հայաստանը»»: «Անոնց նմանները» շարունակեց բարեկամս «նոյնիսկ լսած չեն Հայաստանի մասին: Հաւանաբար վարձկաններ են, թրքական սպասարկութիւններու կողմէ վճարուող: Հոս անհրաժեշտ է ընդգծել թէ Լիպիոյ արեւելեան իշխանութիւնները, Զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի գլխաւորութեամբ, անցեալ Ապրիլին պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը ճանչցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ խորհրդարանի նախագահ Սալահ Ակիլա երբ վերջերս պաշտօնական այցելութեամբ մը Փարիզ կը գտնուէր, ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի մը առջեւ:
Ամէն հայու նման, սրտատրոփ ուշադրութեամբ, անդոհանքով եւ անձկութեամբ հետեւեցայ վերջին օրերուն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային զինեալ բախումներուն: Միջազգային մամուլը արեւմուտքի մէջ, առհասարակ անկողմնակալ կերպով ներկայացուց զինուորական գործողութիւնները եւ առարկայական կերպով վերլուծեց այս բախումներուն ծնունդ տուող ազդակները: Նոյնիսկ Ալ Ժազիրան, հակառակ Թուրքիոյ նկատմամբ բարեացակամ իր դիրքորոշումներուն, զուսպ մնաց եւ մանաւանդ հակաՀայաստանեան քարոզչութենէ խուսափեցաւ:
Սակայն այս յօդուածը գրողիս համար մեծապէս կարեւոր էր իրազեկ ըլլալ ռուսական մամլոյ գործակալութիւններու դիրքորոշումով: RT (Russia Today)՝ կիսապաշտօնական խօսնակը ռուսական իշխանութեանց, որուն պատասխանատու տնօրէնուհին հայազգի ռուս քաղաքացի Տիկին Մարկարիթա Սիմոնեանն է, ուշագրաւ կերպով լուռ մնաց բախումներու առաջին քանի մը օրերուն եւ այնուհետեւ թէ անգլերէն եւ թէ արաբերէն լեզուներով հեռասփիւռի հաղորդումներուն մէջ, հպանցիկ ակնարկութիւններ ըրաւ որոնք միայն տեղեկատւութեան հանգամանք ունէին: Սակայն առհասարակ, ռուսական մամուլն ու լրատու գործակալութիւնները, որոնք մեծ համեմատութեամբ կը դրսեւորեն Քրեմլինի ուղեգիծը՝ Ազրպէյճանի ի նպաստ արտայայտուեցան: Յատկապէս Նովոսթի գործակալութիւնը զինեալ ընդհարումներուն պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ուսերուն բեռցուց:
Այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» այդքան ալ դրական ընդունելութեան չէ արժանացած Մոսկուայի կողմէ: Նախկին ապիկար ղեկավարներուն՝ Սերժ Սարգիսեանի եւ Ռոպեր Քոչարեանի տապալումը Մոսկուա ցարդ հաշտարար տրամադրութեամբ չէ ընդունած: Ռուսամէտ որեւէ վարչաձեւի մը անկումը ժողովրդային շարժումի մը իբրեւ արդիւնք, Քրեմլինը խոր կասկածով կը դիտէ: Երբ գեր պետութիւններու միջեւ միջազգային գետնի վրայ մրցակցութիւնը կը սաստկանայ, երբ Փեքին, Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կը ջանան իրենց ազդեցութեան գօտիները ընդարձակել՝ փոքր պետութիւնները կը տուժեն, որովհետեւ իրենց կը պարտադրուի կողմնորոշուիլ այս կամ այն գեր պետութեան հետ:
Անշուշտ մեծապէս ապշեցուցիչ էր պաշտօնական Քրեմլինի սառն լռութիւնը ի դիմաց Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէկ պաշտօնակատարին այն յայտարարութեան թէ Պաքուն իր տրամադրութեան տակ ունի հեռահաս հրթիռներու ցանց մը, որոնք կրնան հարուածել «Ճշգրտօրէն» Մեծամօրի աթոմակայանը: Հայրենի կողին վրայ, Երեւանէն ոչ շատ հեռու, այս աթոմակայանը տարեկից է Ուքրանական Ջերնոպիլի աթոմակայանին որ 1986-ին մեքենական խանգարումի հետեւանքով, բազմահարիւր անձերու մահուան պատճառ դարձաւ, ապականելով իր գտնուած շրջանին կենսոլորտը:
Անշուշտ ապշեցուցիչ է պաշտօնական Քրեմլինի անտեսումը ազերիներու սպառնալիքին: Հայաստան կրտսեր դաշնակիցը չէ՞ ռուսական դաշնակցութեան: Հայաստանի հողին վրայ գոյութիւն չունի՞ն ռուսական երեք ռազմական խարիսխներ, ուր կայք հաստատած են 5էն 7,500 ռուս բանակայիններ:
Մոսկուայի լռութեան մէջ յստակօրէն կարելի է կարդալ ռուսիոյ անհանգստութիւնը վարչապետ Փաշինեանի վարչակարգին նկատմամբ: Եւ եթէ որեւէ հայ անհատ, Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ չէր համոզուած Ռուսիոյ ունեցած հակակրանքով Երեւանի այժմու ղեկավարութեան նկատմամբ, Մարկարիթա Սիմոնեանին խօսքերը կենդանի վկայութիւն մըն են: Զինուորական հարցերու ռուս մասնագէտ Սէրկէյ Վալչենքօ վերլուծելով հայ-ազերի «օդային պատերազմը» կը շեշտէ թէ երկու կողմերն ալ յաւակնութիւններ կ’ընեն թշնամի տրոններ վար առած ըլլալու: Ան կը յիշեցնէ իր ընթերցողներուն թէ հայկական ուժերը գործածած են X-55 տիպի տրոններ, որոնք արտադրուած են Հայաստանի մէջ, ռուսական կողմի յատկացուցած նախագիծերու հիման վրայ: Վալչենքօ կը հաստատէ թէ հայ բանակը վար առած է ազերիներու ամէնէն արդիական տրոնը: Ազրպէյճանական օդուժի պարծանք հանդիսացող հերմէս 900 տրոնը, իսրայէլեան բանակը 2012էն ի վեր կ’օգտագործէ: Իսրայէլ 12 հատ վաճառած է Պաքուին, իւրաքանչիւրը ՝ 30 միլիոն տոլարի: Այս տրոնին ծանրութիւնը շուրջ մէկ թոն կը կշռէ եւ կրնայ 300 քիլօ յարձակողական զինամթերք կրել: Շուրջ ութը ժամ կրնայ մնալ օդին մէջ: Հայկական բանակի հակաօդային ուժերը, յաջող կերպով խորտակեցին այս տրոններէն առաջինը: Այնուհետեւ ազերի ուժերու հրաժարեցան նոր տրոններ հանել օդին մէջ, վախնալով թէ միեւնոյն ճակատագիրին կրնան հանդիպիլ:
Հերմես 900 տրոնը
Մարկարիթա Սիմոնեան թէեւ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ անհատ, ո՛չ պաշտօնական հանգամանքով, սակայն իր խօսքին մէջ բացայայտ է Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան հանդէպ ռուս քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներուն վերապահութիւնն ու հիասթափութիւնը: Սիմոնեան հարց կուտայ թէ Հայաստան ինչո՞ւ կը յապաղի Խրիմը իբրեւ Ռուսաստանի մաս կազմող միաւոր մը ճանչնալ:
RT-ի գլխաւոր խմբագիրը անդրադարձած է հայ-ազերի զինեալ բախումներուն, տրուած ըլլալով որ ընկերային համացանցին վրայ, իր հայ հետեւորդները իրեն հարց տուած են թէ ինչո՞ւ Մոսկուան Հայաստանի կողքին չէ: Ան կը գանգատի թէ հակառակ Ռուսիոյ կողմէ ընձեռնուած բոլոր օժանդակութիւններուն, Երեւան չէ ճանչցած Խրիմը՝ իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը: Ան նաեւ կը բողոքէ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան դէմ, յիշեցնելով թէ ան, իբրեւ յայտնի քաղաքական գործիչ, բարեկամ մըն է Ռուսիոյ: Ներկայ ղեկավարութիւնը արհամարհեց այս հանգամանքը, կ’ըսէ ան:
Մարկարիթա Սիմոնեան Նախագահ Փութինի կողքին
Առանց ծամծմելու իր բառերը Սիմոնեան կը խարանէ ներկայ իշխանութիւնները, այպանելով զանոնք ոչ կառավարական կազմակերպութիւններով (NGO) խճողած ըլլալով Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմը: Այս կազմակերպութիւնները Մարկարիթա Սիմոնեանի գնահատումով Հիւսիսային Կովկասի մէջ հակառուս գործունէութիւններու ընդլայման կը ծառայեն:
Ակնարկելով Երեւանի ներկայ իշխանութեանց, Սիմոնեան կը պախարակէ զանոնք, որովհետեւ ըստ իրեն, իրաւ հայերը, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, անոնք են՝ որոնք ներկայ իշխանութեան կողքին կը մնան իսկ ռուսահայերը նուազ հայ կը նկատուին: «Եւ այսօր, երբ սահմանին վրայ կռիւներ ծայր տուած են, երբ ձեր վարչաձեւին գոյութիւնը դարձած է խնդրոյ առարկայ, երբ աշխարհի բովանդակ հայութիւնը կը տեսնէ ստուերը դաշոյնը իրենց ձեռքերուն սեւազգեստ այդ ենիչերիներուն որոնք մեր նախահայրերը խողխողեցին, հիմա, այս պահուն կը յիշէ՞ք թէ Ռուսիան անգամ մը եւս փրկելու է ձեզ», կ’ըսէ ան: Եզրակացնելով կը յայտարարէ Սիմոնեան «Ռուսիան պիտի ընէ այս, որովհետեւ Ռուսիան ազնուահոգի է եւ առատաձեռն: Բոլոր անոնք որոնք այս պահուն կը ներկայացնեն պաշտօնական Երեւանը՝ պոռոտախօս քաղաքական գործիչներ են, որոնք խզուած են Հայ ժողովուրդէն»:
Անգամ մը եւս կ’արժէ յիշեցնել թէ այս յայտարարութիւնը թերեւս Մարկարիթա Սիմոնեանին անձնական կարծիքը կը կազմէ, սակայն հոն պէտք է տեսնել, շատ յստակօրէն, Քրեմլինի տրամադրութիւնը Փաշինեանի վարչակարգին նկատմամբ:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նիւ Եորք