Ծնած է Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ: Ուսած է նախ Վենետիկ, Ս. Ղազարի վանքը, 1905-1907: Յետոյ Պոլիս, ֆրանսական Ֆրեր Մարիսթներու վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1912-ին: Տարի մըն ալ յաճախած է թրքական Սուլթանիէ վարժարանը, իսկ 1913-1914, մտած է Պոլսոյ իրաւագիտական համալսարանը:Հրանդ Պէյ Մալոյեան (29 Նոյեմբեր 1896, Մուշ – 24 Յուլիս 1978, Դամասկոս), տեղակալի եւ ապա հարիւրապետ՝ ֆրանսական բանակին մէջ, Սուրիոյ ոստիկան զօրաց հրամանատար, զինուորական եւ քաղաքական գործօն անդամ, զանազան մեծ շքանշաններու դափնեկիր:
1914-ին զինուորագրուելով սպայի ուսում ստանալէ ետք կը ղրկուի Սուէզի ճակատը եւ գերի կ’իյնայ անգլիացիներու ձեռքը: Ռազմագերութենէ ազատուելէ ետք, 1918-ին, տեղակալի, ապա հարիւրապետի աստիճանով ծառայած է ֆրանսական բանակին մէջ, Կիլիկիա՝ նախ իբր թարգման, յետոյ իբր սպայ հայ ոստիկան-զինուորներու:
Մասնակցած է քեմալական զօրքին դէմ մղուող կռիւներուն: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1922-ին պաշտօնավարած է Սուրիական ոստիկան-զինուորներու միաւորներուն մէջ։ Իր ծառայութիւններուն համար գնահատուելով ունեցած է յաջորդական բարձրացումներ եւ հասած է վաշտապետի աստիճանի (Ամիտ): 1945-49 թուականներուն վարած է Սուրիոյ ոստիկան զօրաց հրամանատարի պատասխանատու պաշտօնը:
1950-ին՝ իր խնդրանքով, հանգստեան կոչուած է: Արժանացած է Սուրիական, Լիբանանեան եւ Եգիպտական շքանշաններու: Ստացած է նաեւ ֆրանսական Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշան (Officier de la legion d’honneur):
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը