Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Վահան Թոթովենց

Վահան Թոթովենց (1 Սեպտեմբեր 1889, Խարբերդ – 18 Յուլիս 1938), հայ դասական գրող, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ: Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքը ծնած, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ուսանած եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուած Թոթովենց այն հազուագիւտ հայ գրողներէն է, որու ստեղծագործութիւններուն մէջ համադրուած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութեան տարրերը։ Բազմաթիւ այլ մտաւորականներու բախտակից Թոթովենց 1938-ին ստալինեան մաքրագործումներու զոհերէն է։

Վահան Թոթովենց բուն անունով՝ Արսէն Մարմարեան, ծնած է Խարբերդ գաւառի Մեզրէ քաղաքը, որ Մամուրէթ-էլ-Ազիզի կուսակալութեան կեդրոնն էր։ Վահանի հայրը Ակնի մեծահարուստ Թոթովայենց գերդաստանէն էր, որոնք ԺԸ. դարուն ուրիշ հայ ընտանիքներու հետ տեղափոխուած էին Մեզրէ։ Թոթովենցի ընտանիքը ունեցած է երկյարկանի տուն մը Մեզրէէն Խարբերդ տանող մայրուղիին վրայ, որ նշանաւոր էր որպէս հեռու երկիրներէն եկող-անցնող քարաւաններու միակ անցուղին ու իջեւանատեղին։ Քաղաքի Կեդրոնական վարժարանին մէջ աշակերտած է Ռուբէն Զարդարեանի։ Տակաւին պատանի՝ 1908-ին, կ’երթայ Պոլիս, յետոյ կ’անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը ստանայ համալսարանական ուսում Ուիսքոնսընի համալսարանին մէջ։

1915-ին կամաւոր գրուելով կը մեկնի Անդրկովկաս՝ պատերազմի։ Կռուած է Վանի եւ Էրզրումի մէջ։ Ան զօրավար Անդրանիկի մտերիմներէն էր, անոր թիկնապահ-թարգմանիչը: Յովհաննէս Թումանեանի հետ հասարակական լայն գործունէութիւն տարած է, օգնած՝ գաղթականներուն։

1917-1918 թուականներուն Թիֆլիս է, ուր կը գրէ ու կը հրատարակէ պատմուածքներ, կը ստանձնէ խմբագրական պատասխանատուութիւններ։ Կը խմբագրէ զօրավար Անդրանիկի հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթը, կը մասնակցի Անդրկովկասի մշակութային կեանքին։ Պատերազմէն ետք Վ. Թոթովենց կը մեկնի Ամերիկա, ուր կ’ապրէին իր հարազատները:

1920 Մայիսին Թոթովենց Կովկասէն կը մեկնի Կ. Պոլիս։ Քանի մը ետք, կ՚անցնի Միացեալ Նահանգներ։ 1922-ին կը վերադառնայ Պոլիս է, իսկ տարուան վերջաւորութեան կը հաստատուի Հայաստան։ Հոն կը զբաղի առաւելաբար գրականութեամբ։ Կը գրէ պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր՝ մեծ մասը կէս ինքնակենսագրական բնոյթի։ Գրած է նաեւ թատերգութիւններ, ըրած է թարգմանութիւններ։ 1922-ին վերադարձած է հայրենիք եւ նուիրուած խորհրդահայ մշակոյթին: Խմբագրած է «Շեշտ» երգիծական պարբերականը (1923):

1925-էն 1932, Երեւանի համալսարանը դասախօսած է անգլերէն եւ օտար գրականութիւններ։ 1934-ին Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի խորհրդային գրողներու Ա. համագումարին։

1935-էն ետք ստալինեան բռնարարքներուն եւ հալածանքներուն ենթակայ, այլ գրագէտներու հետ, կը բանտարկուի (1936) եւ կը գնդակահարուի 1938-ին։

Արդար կացուցուած է յետ մահու (1954):

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին