Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի  2019-2020 Տարեշրջանի Միացեալ Վկայականաց Բաշխում

Կեանքը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

 

«Պիտի մոռնա՜նք մենք զմեզ, մեր վիշտն ու վէրքն ահագին,

Եւ աշխատինք ունկնդրել տակաւ զարնելն իր սրտին

Եւ մենք ու ան իրարու քիչ առ քիչ ուժ տանք ու կեանք…»

 Վահան Թէքէեան

 

            2020 թուականը պիտի դիմաւորէինք մեծ յոյսերով եւ բազմապիսի նոր ակնկալիքներով, սակայն ակամայ վրայ հասաւ «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրը, որ կայծակային արագութեամբ անդամալուծեց աշխարհը, խառնաշփոթ վիճակի հասցնելով համայն ժողովուրդը: Աւելին, Լիբանանեան գետնի վրայ աւելցաւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը, որ ազդեց նաեւ կրթական ոլորտին վրայ: Երկրին մէջ գործող վարժարանները, ներառեալ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը քայլ պահելու համար տեղի ունեցած վիճակին, ապահովելու համար անոր աշակերտներուն ուսման հեզասահ ընթացքը ապահով եւ տնային առողջ միջավայրին մէջ, անցաւ առցանց դասաւանդման հարթակին: Ուստի վերոնշեալ բանաստեղծին խօսքերը ապացոյց են տարուող անխոնջ աշխատանքներուն:

Հովանաւորութեամբ վարժարանիս հոգաբարձութեան, ներկայութեամբ ԹՄՄ հիմնադիրներու Մարմինի եւ Վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետի եւ անդամներու, վարժարանիս ուսուցչակազմին եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներուն, Հինգշաբթի 9 Յուլիս 2020, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի  ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, որ նաեւ առցանց սփռուեցաւ վարժարանիս դիմատետրի էջին վրայ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանիս քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Տիպան, ուր ան անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող անկայուն վիճակին, ուր վարժարանը իր բոլոր ջանքերը ի գին դնելով աշակերտներուն կրթական ընթացքը շարունակական պահելով, անցաւ առցանց ուսուցման, օգտագործելով արդի արհեստավարժութեան նորագոյն ծրագիրները: Ապա խօսքը աւելցնելով ըսաւ. «կը հաւատանք որ իւրաքանչիւր դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել աննկուն կամքով, համբերութեամբ ու յարատեւ աշխատանքով: Վահան Թէքէեան Վարժարանը մնալով հոգեմտաւոր կրթադաստիարակչութեամբ վառ ու շէնշող օճախ, յարատեւօրէն դաստիարակած ու ջամբած է ազգային արժէքներով տոգորուած հարուստ հունձք, որոնք մեծապէս սատարած են հայապահպանման գործին՝ սփիւռքի տարածքին: Հետեւաբար, հայրենիքի կերտման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին ուսումն ու կրթութիւնը, որոնք պարզապէս սորվելու եւ ամբարելու համար չեն, այլ` մեր կեանքի զարգացման համար այն վերածելու ներդրումի եւ հետեւողական  հաստատական բարգաւաճման:

            Հակառակ երկրի բոլոր դժուարին պայմաններուն, մեր Ծաղիկ դասարանի փոքրիկներուն արդար իրաւունքն էր բեմ բարձրանալով ստանալ իրենց կեանքի առաջին վկայականը։ Մեր ալ առաջնահերթութիւնն էր ստեղծել անոնց ապահով միջավայր մը։ Հետեւաբար, յարգելով «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութեան բոլոր պայմանները, մեր փոքրիկները իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ ժամանեցին դպրոց։ Անոնք բարձրանալով վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին բեմը, իրենց անմեղ առոգանութեամբ իւրաքանչիւրը փոխանցեց իր մտորումը վարժարանիս նկատմամբ. մասնաւորելով «Քորոնա» ժահրի պատճառով տան մէջ ինքնամեկուսացման ընթացքին կատարած զանազան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ տնային պայմաններուն մէջ ձեռք բերած նոր հմտութիւններուն:  Ապա, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում ձեռամբ հոգաբարձութեան անդամ Տիկ. Անի Պոտրումեանի, ներկայութեամբ Տնօրէնուհիին եւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ․ Վերա Հաննային:

            Վերոնշեալ արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ընթացաւարտ Նախակրթարան  Զ. Դասարանի եւ շրջանաւարտ Միջն. Գ. Դասարանի աշակերտներու հպարտ քայլարշաւը ոգեւորիչ երաժշտութեան ներքոյ, որմէ ետք, յանուն Զ. դասարանի աշակերտներուն Արաբերէն լեզուով ուղերձը ներկայացուց ընթացաւարտ՝ Ալէքս Գոճայեան, իսկ Միջն. Գ. դասարանի հրաժեշտի խօսքը Հայերէն լեզուով փոխանցեց շրջանաւարտ՝  Տէյվիտ Գէորգ: «Մեր երախտագիտութեան վառ ապրումները կը յայտնենք ձեզ, ձեր ծով զոհողութեանց համար: Դուք եղա՛ք աղը երկրին, եւ գիտութեամբ հարստացուցիք մեր միտքերը: Դուք եղաք տգիտութեան խաւարին մէջ լուսաւորող այն կանթեղը, որ ընդմիշտ խրախուսեց ու քաջալերեց մեզ:» երախտագիտութեան սրտի խօսքերով արտայայտուեցան անոնք:

            Տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Կալինա Նաճարեան իր կրթական խօսքի սկզբնաւորութեան հակիրճ գիծերուն մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրի պատճառով յառաջացած մտահոգութիւնը բոլորին մօտ, ի մասնաւորի մեր աշակերտներուն, որոնց դպրոցական վերջին 3 ամիսներուն մեծապէս ազդուեցան այս համաշխարհային ճգնաժամէն: Սակայն շատ բան սորվեցանք այս դժուար փորձառութենէն, այս վերջին արտասովոր մարտահրաւէրէն: Ապա շարունակելով խօսքը, ան արժեւորեց վարժարանիս 69 տարիներու ունեցած դերն ու վաստակը մասնաւորապէս Լիբանանահայ կեանքէն ներս յոյս յայտնելով, որ անցնող տարեշրջանին անցնելով առցանց դասաւանդման, ունենալով որոշ դժուարութիւններ, սակայն դիմագրաւելով զանոնք կարողացաւ շարունակել եւ աւարտին հասցնել կրթական տարեշրջանը: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց համայն թէքէեանցիներուն այս հաստատութիւնը հզօր պահելու, պատրաստելու համար ինքնավստահ, պահանջատէր ու գիտակից հայ անհատներ: Տնօրէնուհին իր խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան ու կը շարունակեն կանգնիլ վարժարանիս բարգաւաճման ի մասնաւորի Լիբանանի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին իրենց հայրական մեծ սիրոյ եւ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան անսահման գուրգուրանքին եւ կատարած իշխանական նուիրատւութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շրջանցել վարժարանիս դիմագրաւած տնտեսական

տագնապը: Ապա իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն քաջալերանքի խօսքեր յղելով բոլորին, որոնք անցնող ամիսներուն ընկերատնտեսական եւ կրթական դժուարին պայմաններուն, կարողութիւնը ունեցան վառ ու բարձր պահել վարժարանիս 69 ամեայ ջահը եւ հիմնադիրներուն սուրբ նպատակի ծառայելու յանձնառութիւնը: «Առ այդ, մենք՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներս՝ աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, պաշտօնէութիւն, շրջանաւարտներ, պատասխանատուներ եւ բարեկամներ, համագործակցաբար պիտի շարունակենք յաղթական մեր երթը» եզրափակեց ան, ցանկութիւն յայտնելով որ ինչ ալ ըլլան կեանքի պայմանները, սիրեն մեր զոյգ հայրենիքները, հպարտ ըլլան հայութեամբ, առաջնահերթ նկատելով ծառայել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին, նուաճեն բարձունքներ, սակայն մնան հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, որպէսզի մեր նահատակներուն կտակը հասնի իր աւարտին: Ինչպէս նաեւ երբեք չմոռնան սիրելի ուսուցիչները, որոնք դպրոցական դասին հետ զուգահեռ կեանքի դասեր տուած են ու պատրաստած բարոյական բարձր արժէքներով օժտուած տիպար անհատներ եւ իբրեւ հայրենասէր Թէքէեանցիներ՝ նպաստ բերեն իրենց դպրոցին ու հայրենիքին:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը Հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի, Տնօրէնուհիին եւ զոյգ կարգերու դաստիարակներուն՝ Օրդ. Սիլվա Մահտեսեանի (դաստիարակ Նախ Զ. Դասարանի) եւ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանի (դաստիարակ Միջն. Գ. դասարանի), ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

            Լուսաշող ապագայ կը մաղթենք մեր շրջանաւարտներուն: Բարի երթ ու յարատեւ վերելք Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին որ շուտով պիտի տօնէ իր 70 փառապանծ տարեդարձը:

Վարձքը կատար բոլորին:

 

 

Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին