«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերու համատեղ կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ի Լոնտոնի ժամով 17:00-ին կայացուցին իրենց երկրորդ առցանց լսարանը: Այս անգամ քննարկման թեման էր Լիբանանի Հայօճախի Ներկայ Ընկերատնտեսական Ճգնաժամը. Առողջապահական, Ֆինանսական, Կենցաղային, Կրթական Բարդութիւններ եւ Հետեւանքներ։ Բանախօսը՝ Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանը։
Աշխարհի տարբեր երկրներէն շուրջ 65 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը մեծ սիրով վարեց՝ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կենդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:
Ինչպէս նախորդին, այս անգամ եւս կազմակերպող երեք թերթերուն անունով քննարկման մասնակիցներուն ողջունեց եւ իրենց մասնակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։
Հիմնական բանախօս Հաուըրտ Գրակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Պրն. Սերոբ Օհանեան իր ներածական խօսքին մէջ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց կեդրոնի աշխատանքներուն մասին։ Ան նշեց, թէ ինչպէ՞ս Լիբանանի ընկերատնտեսական ծանր վիճակը ազդած է լիբանանահայ համայնքին եւ անհատներուն վրայ։ Անոր խօսքով՝ այս իրավիճակը հանգեցուցած է այն բանին, որ շատ ընտանիքներ անգործ մնացած են, հետեւաբար՝ որոշակի օգնութեան կարիքը ունին։ Գարակէօզեան Կեդրոն կը դիմեն բժշկական օգնութիւն ստանալու ակնկալիքով։ Օհանեանը, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի հարցին որպէս պատասխան, նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայ գաղթականներու խնդիրներուն մասին։
«2011 թուականէն, երբ սուրիական հարցը սկսաւ, մենք արդէն սկսանք տեսնել սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք փախան Լիբանան։ Սուրիահայերու ուսեալ խաւը կամ նիւթապէս աւելի ապահով ընտանիքները, որոնք կարողացան իրենց գումարներով հասնիլ Լիբանան, աւելի ուշ գաղթեցին Լիբանանէն դուրս դէպի Գանատա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա։ Իսկ տարեցները մնացին Լիբանան։ Մենք այսօր ունինք 300 սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք մինչ օրս կարիքաւոր չէին, բայց 2020 թուականին դարձան կարիքաւոր։ Գիտէք, մարդիկ տարիքով որքան յառաջանան, առողջապահական խնդիրները կ՛աւելնան։ Մարդիկ խնամքի կարօտ են մանաւանդ, երբ իրենց հարազատները, երեխաները հեռու կը գտնուին։ Վիճակը բարդ է նաեւ դպրոցներուն մէջ։ Շատ երեխաներ ֆինանսական խնդիրներէ ելլելով դուրս կը մնան հայկական վարժարաններէ նաեւ՝ համալսարանական ուսումէ»,- մանրամասնեց Սերոբ Օհանեան:
Լիբանանահայութեան քանի՞ տոկոսը կարիքաւոր է ու գլխաւոր խնդիրը այսօր ի՞նչ է։ Բարեսիրական կազմակերպութիւնները ի՞նչ բանի մէջ կը յաջողին եւ ո՞ւր չեն կրնար լուծել հայ համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները։ Այս հարցերուն ի պատասխան պարոն Օհանեանը ներկայացուց իրենց ամենօրեայ վիճակագրութիւնը։ «Մենք ամեն օր մեր Կեդրոնին մէջ կ՛ընդունինք 250 հիւանդ, որոնց 125-ը հայ են։ 125-էն 30-ը նոր անհատներ են։ Օրական 25-30 նոր հայ մարդ կ՛ընդունինք, որոնք բժշկական խնամքի կարիք ունին։ Ժամանակին այս մարդիկը անհատական բժիշկի մօտ կ՛երթային, բայց այսօր ընկերային ու ֆինանսական ճգնաժամին պատճառով իրենք չեն կրնան երթալ սուղ արժող բուժումի։ Օրական 5-7 անհատ կ՛ընդունինք, որոնց վիճակը բարդացած է ու հիւանդանոցի կարիքը կայ։ Այստեղ է, որ կապ կը հաստատենք տարբեր ընկերային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք գումար կը հաւաքեն տուեալ մարդուն համար»,- շեշտեց բանախօսը։ Բացի բժշկական ու առողջապահական խնդիրներէն, լիբանանահայերը այս պահուն նաեւ ունին կենցաղային նիւթական օժանդակութեան, տան վարձքը վճարելու, հոսանք, ջուր եւայլն, որն յառաջացած է աշխատանքի բացակայութեան պատճառով։ «Այս օրերուն սկսանք տեսնել նաեւ ընտանիքներ, որոնք կը գտնուին հոգեպէս ոչ լաւ վիճակի մէջ։ Այս պատճառով ստիպուած եղանք մեր կեդրոնին մէջ բանալ համապատասխան բաժանմունք, որոնք կը զբաղին հոգեբանական հարցերով ու օգնութիւն կը ցուցաբերեն այդ անհատներուն»,- ընդգծեց Սերոբ Օհանեան։
Գարակէօզեան կեդրոնին մէջ նաեւ ստեղծուած է երեխաներու հոգեբանական աջակցութեան բաժանմունք, որուն մասնագէտները հայ երեխաներուն կ՛օգնեն հարթել ճնշուած իրավիճակները, հոգեբանական խնդիրները, որոնք մեծ մասամբ ի յայտ եկած են Քորոնավիրուսային համավարակի պատճառով տանը մնալէն։
Պարոն Սերոբ Օհանեանի տեղեկացումով՝ Լիբանանի բարեսիրական կազմակերպութիւնները այս պահուն ունին մօտաւոր 8000 հայ ընտանիքներու տուեալ, որոնք մշտապէս կը ստանան ընկերային աջակցութիւն։ Լիբանանահայ համայնքը այսօր 50-60 հազար կը կազմէ։ Քննարկման մասնակիցները թեմային վերաբերեալ տարբեր հարցումներ շարունակեցին ուղղել բանախօսին, որոնք Դոկտ․ Անդրանիկ Տագէսեանը սիրով համադրեց ու ներկայացուց։ Հարցումներուն հիմնական մասը կը վերաբերէր լիբանանահայութեան խնդիրներուն, անոնց տրուող աջակցութեան, բարեսիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ այս իրավիճակէն ելքեruը ինք ինչպէ՞ս կը տեսնէ, Սերոբ Օհանեան պատասխանեց՝ ակնյայտ է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անկարող է շարունակել օգտակար ըլլալ լիբանանցիին բժշկական, ընկերային հարցերը հոգալու համար։ «Լիբանանի մէջ բարձր տոկոս կազմէ անգործութիւնը։ Լիբանանի դրամանիշը արժեզրկուած է։ Ասոր հետեւանքով, մենք կը տեսնենք հայ ընտանիքներ, որոնք օր ըստ օրէ կարիքաւոր կը դառնան, երեխաները դպրոց չեն կրնար երթալ, ուսանողները՝ համալսարաններ։ Այս իրավիճակը իր հերթին արտագաղթի նոր ալիք կրնայ է բարձրացնել ու հիմնականին մէջ արտագաղթ դէպի Հայաստան»,- մանրամասնեց բանախօսը։
Պարոն Օհանեան նշեց, որ որպէս Սփիւռքի մէջ գործող հայկական բարեսիրական ընկերութիւններ, իրենք պէտք է միասնական աշխատին, որպէսզի հայութեանը տրուող օժանդակութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ։ Այս բանին համար անհրաժեշտ է նաեւ ֆինանսական մեծ միջոցներ։ «Հայկական կազմակերպութիւնները առանձին չեն կրնան ֆինանսական օժանդակութիւնները ներգրաւել։ Այդ պատճառով մենք պէտք է միասնական ըլլանք ու թակենք միջազգային կազմակերպութիւններու դռները»,- ըսաւ ան։ Նշենք, որ Գարակէօզեան հաստատութեան տարեկան պիւտճէն 700 հազար տոլար է եւ այս ամբողջ աշխատանքը ժամանակին կը կատարուէր այդ գումարի շրջագիծէն ներս։ Պրն. Օհանեանի աշխատանքով այդ պիւտճէին վրայ եկաւ աւելնալու միջազգային կազմակերպութիւններէ եկող տարեկան շուրջ 900 հազար տոլարի յատկացումներ:
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնելով Սերոբ Օհանեանին հետաքրքրական եւ բովանդակալից քննարկման ու զեկոյցին համար, մի քանի կարեւոր շեշտադրում կատարեց թեմային վերաբերեալ։ Պարոն Յակոբեան նախ նշեց, որ ինքը այնքան «ազնիւ» չէ, ինչպէս Սերոբ Օհանեանը իր ընտրած բառերուն մէջ ու ինք կը կարծէ, որ միասնականութեան կամ համախմբուածութեան դժուար է հասնիլ։ Սեւակ Յակոբեան յիշեցուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն ընթացքին լիբանանահայ համայնքը այսքան ծանր կացութեան մէջ չէ եղած։ «Յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ, որ լիբանանահայ համայնքը այսքան վատ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ»։ Ասոր պատասխաններէն մէկը հետեւեալն էր ըստ Յակոբեանին։ 1975-ին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին, հայկական համայնքը կ՛ապրէր իր ոսկեդարը։ Այդ ժամանակ համայնքը, թէ որպէս անհատներ եւ թէ՛ որպէս կազմակերպութիւններ տնտեսական որոշակի հիմք ունէին, դէպի երկիր դրամի մուտք ալ կար որոնք եկան հաւասարակշռելու այդ օրերու իրավիճակը։ Անշուշտ, պատերազմը նօսրացուց համայնքին թիւը նաեւ որակազրկեց զայն։ Երիտասարդը, ուսում կամ դրամ ունեցողը արտագաղթեց ու մնաց այն, ինչ որ մնաց։ Այսօրուայ պայմանները տարբեր են։ Մեր տեսանկիւնէն այսօրուայ իրավիճակը պիտի համեմատաբար երկար տեւէ ու երթալով աւելի վատթարանայ»,- ըսաւ Սեւակ Յակոբեանը, շեշտելով, որ այսօրուայ իրավիճակը ունի նաեւ քաղաքական ենթահող ուր քաղաքական պայքար կ՛ընթանայ, հետեւաբար շատ ալ նման չէ որոշ այլ երկիրներու վերջին տարիներուն դիմագրաւած զուտ տնտեսական տագնապին։
Անդրադառնալով «Գարակէօզեան հաստատութեան առաքելութեան, որուն մասին մանրամասն խօսած Պրն. Օհանեան, Սեւակ Յակոբեան նախ զարմանք ու հիացմունք արտայայտեց, որ այդքան մեծ աշխատանք հնարաւոր եղած է տարիներ շարունակ իրականացնել ընդամէնը 700 հազար ամ. տոլար պիւտճէյով, մինչ Սփիւռքի մէջ կը գործեն շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնց տարեկան պիւտճէն կը հասնի տասնեակ միլոն տոլարի, որուն արդիւնքը նոյնքան օրինակելի եւ նպատակայարմար չէ։ Վերջապէս Պրն. Յակոբեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնին իր տարած կարեւոր աշխատանքին համար: Ինչպէս նաեւ ան երախտագիտութիւն յայտնեց օրուայ զրուցավար Դոկտ. Տագէսեանին եւ բոլոր մասնակիցներուն:
Նշենք, որ սոյն առցանց լսարանին մետիա գործընկերներն էին Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը, «ՌԱԿ Մամուլ» լրատուական կայքն ու «Արմէնփրես» լրատուական պետական գործակալութիւնը: