Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Օդակայանի Բացումը Որոշ Ուրախութիւն Պարգեւեց

Մինչ լաւատեսութիւն ներշնչող քիչ լուրեր կան երկրին մէջ, Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի բացումին լուրը որոշ ուրախութիւն ներշնչեց Լիբանանցիներուն:

Արդարեւ, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայանը փակ էր սովորական թռիչքներու դիմաց ընթացիկ տարուայ 18 Մարտէն սկսեալ:

Հակառակ, որ օդակայանը իր դռները բացաւ իր կարողութիւններուն միայն տաս տոկոսը դնելով շրջանառութեան մէջ սակայն նոյնիսկ այս, որոշ յոյս ներշնչեց, որ զբօսաշրջիկներու վերադարձով Լիբանանի տնտեսութիւնը շունչ մը կ՛առնէ:

Առաջին ճամբորդները անշուշտ ընտանեկան միացումներու հետ կապուած ճամբորդութիւններ են, որոնց միջոցաւ մարդիկ չորս ամսուայ դադարէ ետք պիտի կարենան վերամիանալ իրենց ընտանեկան պարագաներուն:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին