Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ
«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերու համատեղ կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ի Լոնտոնի ժամով 17:00-ին անցկացրին կայացուցին իրենց միացեալ առաջին մամուլի լսարանը:
Թեման՝ «Թուրքիոյ Մէջ Ատելութեան Հարցեր. Հայկական Մտահոգութիւններ»:
Օրուայ զեկուցաբերը՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արա Գօչունեանն էր: Յարգելի զեկուցաբերը հանդէս եկաւ չափազանց հետաքրքիր զեկոյցով:
Մասնակիցները՝ աշխարհի տարբեր երկիրների հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնք մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ ատելութեան խնդիրներով: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 85 մասնակիցներէ կազմուած առցանց հարթակը վարեց՝ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Ներկաներուն ողջունեց Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը: Ան բարձր գնահատեց նման հանդիպումներու ու քննարկումներու կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մեծաթիւ մասնակցութեան համար:
Արա Գօչունեան նախ մատնանշելով ընկերային ցանցերու ներկայ ժամանակաշրջանի իրողութիւնները եւ անոնց լոյսին ներքեւ ներածական մը խօսեցաւ աշխարհի վրայ ատելութեան հարցերու, դրսեւորումներու կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ հայ իրականութեան՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան։ Արդարեւ, հայկական համայնքները աշխարհի բազում երկիրներու մէջ կ՚ապրին փոքրամասնութեան կարգավիճակով։ Երկրագունդի վրայ ատելութեան երեւոյթներու ապրած վերելքը չափազանց մտահոգիչ է, որովհետեւ կը սպառնայ համակեցութեան, համագոյակցութեան նախընթացներուն, ինչ որ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ բացարձակապէս բաղձալի չէ։ Այս խնդրի Թուրքիոյ դրսեւորումներուն շուրջ ալ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Արա Գօչունեան՝ մինչ այդ պատասխանելով առցանց լսարանի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն։
«Աշխարհի մէջ զանգուածներու վրայ ազդելու միջոցները յայտնի էին: Ինսթիթուցիոնալ միջոցներն էին անոնք: Յատուկ ուղղորդուած մետիաներ կային, որոնք զանգուածներուն ուղղութիւն կու տային: Այսօր իրավիճակը շատ փոխուած է, որովհետեւ նախկին ինսթիթուցիոնալ վիճակները թէեւ կան, սակայն այդքան ազդեցիկ չեն: Ամեն ինչ ընկերային ցանցերու վրայ տեղի կ՛ունենայ: Գործնական դրսեւորումները եւս այդ հարթակներուն վրայ տեղի կ՛ունենան: Շատ յաճախ մենք կը խօսինք, որ ընկերային ցանցերու միջավայրը ծայրայեղականութեան միջավայր կը ստեղծէ: Սա անշուշտ գործի բացասական կողմն է: Մենք այսօր, երբ կը խօսինք ատելութեան մասին, ապա պէտք է նշել, որ ան մեր ունեցած պատկերացումներէն դուրս չափումներ ալ ունի: Մենք պէտք չէ մոռանանք, որ համաշխարհայնացում ըսուած երեւոյթը, որուն մէջն ենք, միշտ ունի իր հակասութիւնները: Համաշխարհայնացումը մէկ կողմէն մեզի կը բերէ համահարթեցման երեւոյթներ, միւս կողմէ կը սկսի տեղական մշակոյթի կամ լեզուներու վերելքը: Այսինքն, մետալի միւս երեսին տուեալ պահուն վերելք ապրած արժէքներու հակապատկերն ալ որոշ չափով թափ կը ստանայ: Այս գործընթացին մէջ է, որ ընկերային ցանցերը այսքան զարգացան»,- մանրամասնեց Արա Գօչունեան:
Պրն. Գօչունեանի խօսքով՝ այսօր աշխարհի վրայ շատ աւելի հրատապ խնդիր է ընկերային անարդարութեան դրսեւորումները: «Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ լայն զանգուածներու եկամուտները, երբ կը նուազին, ընկերային ու հասարակական կեանքին մէջ ծայրայեղական դրսեւորումներ կ՛աճին»,- ըսաւ բանախօսը, ապա շարունակեց, ըսելով որ «ընկերային ցանցերուն վրայ ատելութեան խնդիրը հիմնականին մէջ ազգամիջեան կամ միջպետական խոր արմատներ չունի: Ան հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է կենցաղի, ապրելակերպի ու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ նախանձ յառաջացնող երեւոյթներու հետ, երբ մարդիկ ամեն օր ցոյց կու տան, թէ ի՞նչ ունին, ի՞նչ հնարաւորութիւններ ունին, ի՞նչ ճաշարաններ կը յաճախեն: Անոնք այս ամէնը կը նկարեն, կը հրապարակեն եւ այլն»:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան շեշտադրեց նման հարթակներու կարեւորութեանը, որ առիթը կու տայ բազմակարծութեան դրսեւորումի, ուր տարբեր ենթահողերէ եկող եւ մտահոգութիւններ ունեցող մասնակիցներ իրենց հարցերը կը կիսուին եւ գաղափարներ կը փոխանակեն: Զրուցավարը ապա առիթը տուաւ հարցադրումներու:
Տրուած հարցումներու լոյսին տակ, մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Արա Գօչունեան: Ան համբերութեամբ պատասխանեց առցանց լսարանի մասնակիցներու զանազան շահեկան հարցումներուն։ Ան յիշեցուց նաեւ վերջին շրջանին Պոլսահայ համայնքի օրակարգին վրայ եկած զանազան խնդիրները՝ եկեղեցիներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններէ սկսեալ մինչեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հասցէագրուած սպառնալիքներն ու ընկերային մետիայի «աստղ» Մուրատ Էօվիւչի գրառումները։ Լսարանի մասնակիցները հետաքրքրուած էին, թէ այս բոլորը մշտական վտանգի մը ազդանշաններն են, թէ ոչ զուգադիպած են այս շրջանին եւ «եղանակային» բնոյթ մը ունին։
Ի պատասխան Արա Գօչունեան յայտնեց, որ ատելութեան դրսեւորումները երբեք պէտք չէ ստորագնահատուին եւ անոնց դէմ միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ։ Յամենայնդէպս, ըստ իրեն, վերոյիշեալ բոլոր դէպքերու պարագային շատ կարեւոր էր իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Արդարեւ, ըստ զեկուցաբերին, պետութիւնը ամենաարագ ձեւով արձագանգած է այս խնդիրներուն եւ պատկան մարմիններու միջամտութիւններուն շնորհիւ արդէն համապատասխան դատական գործերը սկսած են։
Աշխարհի վրայ ահագնացող ատելութեան այս խնդիրները հայ իրականութեան տեսանկիւնէն ահազանգային նշանակութիւն ունին: Ըստ բանախօսին՝ եթէ այսօր տեղի ունեցող գործընթացները մեկնաբանենք Սփիւռքի տեսանկիւնէն, բաւական մտահոգիչ պատկեր կը ստանանք: «Հայ Սփիւռքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կ՛ապրի առհասարակ փոքրամասնութեան կարգավիճակով: Սփիւռքի առողջ գոյատեւման, լայն հասարակութիւններու հետ առողջ յարաբերութեան մէջ գտնուելու տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ նախապայման է համակեցութեան խնդիրը», – տեսակէտ յայտնեց Արա Գօչունեան:
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ օրուայ զեկուցավար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ստացած հարցումները ձեռնհասութեամբ համադրելով փոխանցեց զեկուցաբերին, որ լսարանի մասնակիցներուն հետաքրքիր հարցումներուն համապարփակօրէն պատասխանեց եւ այսպէս մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ հետաքրքրական քննարկում ծաւալեցաւ:
Նշենք, որ սոյն միատեղ կազմակերպուած առցանց լսարանին մետիա գործընկերներն էին ու պիտի շարունակեն մնալ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթն ու «ՌԱԿ Մամուլ» լրատուական կայքը:
Աւարտին, ոգեւորուած նման լսարան կազմելու ու տարատեսակ հարցեր քննարկելու կարեւորութեամբ, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, լսարանը կազմակերպող իր գործընկերներուն ու պաշտօնակիցներուն անունով յայտարարեց, որ այսօրուայ լսարանը վերջինը պիտի չըլլայ, այլ ընթացք պիտի տայ զանազան թեմաներու շուրջ նմանօրինակ լսարաններու երկար շարքի մը: Հետեւաբար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ամեն Չորեքշաբթի նոյն ժամերուն նման քննարկումներ կազմակերպել:
Նշենք, որ վերոյիշեալ երեք թերթերուն սոյն միատեղ կազմակերպած առցանց լսարանին մետիա գործընկերներն էին ու յառաջիկային ալ պիտի շարունակեն մնալ` Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթն ու «ՌԱԿ Մամուլ» լրատուական կայքը:
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ