Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Կիլիկիոյ Հայրապետին Նուիրուած 117 Տարեկան Մաղթերգի Հեղինակին Ծոռը, Արդարօրէն Հպարտ Է… Ձօն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 25-Ամեայ Յոբելեանին Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող բոլոր հանդիսութիւն­ներուն աւարտին, ինչպէս նաեւ թեմերուն մէջ տեղի ունեցող այն հանդիսութիւններուն վերջաւորութեան, որոնց կը նախագահէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, միաբերան կ՛երգուի «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Պարզունակ երգ մը՝ որ իր զինուորական քայլերգի նմա­նող հար­ուածային կշռոյթով, հպար­տու­թեամբ կը փքացնէ երգողներուն եւ լսող­ներուն կուրծքն ու միան­գամայն կը հրճուեցնէ անոնց հոգիները խանդավառութեամբ, ամրա­պնդելով Կիլիկեան Սուրբ Աթո­ռին նուիրական առաքելութիւնը:

   _Գիտէի՞ք, այս երգին հեղինակը հօրս հօրեղբա՛յրն է, _ ըսաւ Արա Գասապ­եա­նը մի քանի տարիներ առաջ, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ կողքիս կանգ­նած, երբ Հայրապե­տական սուրբ պատարագի աւարտին, Վեհարանի աստիճաննե­րուն վրայ որոտած վե­րոյիշ­եալ մաղթերգը երգչա­խումբին եւ ներկայ ժողովուրդին միա­ցեալ կա­տար­մամբ: Վեհափա­ռը տամկացած աչօք կ՛օրհնէր շուրջը խռնուած հա­ւա­տացեալ ժողո­վուրդը, որ երգի բառերը սրտին ու հոգի­ին վրայ դաջած, կ՛աղօթէր իր Հայրապետին կե­նաց արեւ­շատութեան հա­մար:

  Արային խօսքին ձայնային ելեւէջներուն մէջ կար ո՛չ միայն զէյթունցի տղա­մար­դուն յատուկ խրոխտ ձայնանիշը, այլեւ նման երգի մը հեղինակային իրաւունքի հեռաւոր սեփա­կանատէրը ըլլալու արդար հպարտութիւնը, որ խորապէս տպաւորեց զիս: Ան բացատրեց, որ Գրիգոր Գասապեանը իր հօր հօրեղբայրն էր, բնիկ Զէյթունցի, եւ Զէյ­թունի Հայոց գլխաւոր դպրոցի բազմավաստակ տնօրէնը, իսկ անոր եղբօրոր­դին՝ նոյնպէս բազմավաստակ ուսուցիչ եւ մանկավարժ Տաճատ Գասապ­եանը, այս­ինքն իր հայրը, ծնած էր Հալէպ, արդէն Զէյթունէն աքսորական ընտանիքի երդիքին տակ: Զէյ­թունցի գերդաս­տանի շառաւիղ ընտանիք մը, որու իւրաքան­չիւր անդամին մէջ զգալի է «Զէյթունցի­ական ջիղ»ը:

Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց Կիլիկիոյ Գահուն համար Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը
Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց Կիլիկիոյ Գահուն համար Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը
Սահակ Բ. Կաթողիկոս՝ Հայրապետական նժոյգով

20-րդ դարասկիզբին, Կիլիկիոյ մէջ Շնորհալիներուգահի Հայրապետ կ՛ընտ­րուի Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը, 12 Հոկտեմբեր 1902 թուականին, իսկ օ­ծու­մը տե­ղի կ՛ունենայ 20 Ապրիլ 1903-ին: Հայրապետական օծման հանդիսաւոր ա­րա­­րո­ղու­թենէն ընդամէնը մի քանի ամիս­ներ ետք, Կիլիկեան ծագումով՝ խարբերդ­ցի այս խի­զախ հո­գե­ւորականը իր նժոյգին հեծած, Լեւոնի Բերդը դարերով իր ամպ­հովանին դար­ձու­ցած Սիսի պատմական Մայրավանքէն Հովուապետա­կան

 

 

այցելու­թ­եան  կը  ձեռ­նար­կէ,  հանդիպելու համար Մեծի  Տանն  Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսու­թեան բոլոր թեմե­րուն մէջ ապրող ժողովուրդը՝ Ատանայի, Հա­ճնոյ, Մարաշի, Հալէպի, Զէյ­թունի, Մա­լաթ­իոյ, Տիվ­րիկի, Կիւրինի, Եօզղատի, Գըրշէհիրի, պա­պե­նական Խար­­բերդի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ, ոգեւորելու համար իր բանաւոր հօ­տը:

Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Աբարդեանց Զէյթունի առաջնորդը

          Սահակ Վեհափառ Զէյթուն հասնելով, արծուեբոյն այս քա­ղաքի լեռնցի ժո­ղովուրդին կողմէ ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ՝ Տ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Աբարդեանցի: Զէյթունի մէջ անցուցած իր ութ օրե­րու ընթացքին, Հայոց Հայրապետը այցելութիւններ կու տայ ազգային հաստատութիւններու, որոնց շարքին Զէյթունի Հա­յոց գլխաւոր վարժարանը: Աշակերտութիւնը կանոնաւոր շքեր­թով կը դիմաւորէ Հայոց Հովուապետը որոտընդոստ ծա­­­փողջոյններով, իսկ վար­ժա­րանի տնօրէնի ողջոյնի խօս­քերէն ետք, Սահակ Կաթողիկոս կ՛օրհնէ աշակերտութ­իւ­նը, դպրոցի աստիճաններուն վրայ կանգնած: Հազիւ Հայրապե­տին խօսքն ու «Պահ­պանիչ» աղօթքը աւարտած, աշակեր­տու­թիւնը խանդավառութեամբ կ՛երգէ իր տնօ­րէնին՝ Գրիգոր Գասապեանին բառերով ու երաժշտութեամբ յօրինուած եր­գը՝ հայ­րա­պե­տական մաղթեր­գը, որուն առաջին կատարումն էր այդ, աւելի քան դար մը ա­ռաջ.                                                       

«Ի վեհ բարձանց սուրբ Սիոնի,

Թռիչս առեալ աղաւնի,

Ի Շնորհալւոյն բարձրեալ գահ,

Մի՛ մերձեսցի նմա մահ.

Հապօ՜ն եղբարք իմ Հայկազնեան,

Օ՛ն, մաղթեսցո՛ւք միաբան.

Պահեա՛, ո՛վ Տէր, անսասան

Զսուրբ Աթոռն Կիլիկեան.

Կեցցէ՛, կեցցէ՛ առյաւէտ

Տէր Տէր Սահակ Հայրապետ»:

            Սահակ Վեհափառ նախքան Կիլիկիոյ գահուն բազմիլը, Երուսաղէմի Սրբոց Յա­կոբեանց վանքի լուսարարապետի պաշտօնը վարած է: Ան հաւատարիմ իր կոչ­ման ու կա­տա­րած հոգեւորականի ուխտին, եւ ընդառաջելով ազատ ընտրութեամբ մեր ժո­­ղովուրդի դրսեւորած կամքին, Սիս գալով կը ստանձնէ Կաթողիկոսական ծանր լուծը, տեղական շատ վատ պայմաններու մէջ, որոնք արդէն շուտով վատթարագոյնի պիտի փոխակերպուէին Ատանայի կոտորածով եւ ապա՝ Հայոց Ցեղասպանութեամբ իր լրման հասած համամարդկային ողբերգութ­եամբ:

            Կիլիկեան հայութիւնը Պատգամաւորական ժողովի գումարմամբ եւ կատա­րած ընտրութեամբ ծանօթացեր էր արդէն իր ազգընտիր Հովուապետին, որ Երուսաղէ­մէն մինչեւ Կիլիկիա գալով, անձնուիրութեամբ փարած էր իր գործին: Ուստի, Զէյթունի վարժարանի տնօրէնը գրելով իր բանաստեղծութեան բառերը, Սիոնի վեհ բարձուն­քէն թռիչք առած «աղաւնի»ին՝ Սահակ Վե­հափառին կ՛ակնարկէ, որ գալով բարձրա­ցաւ Շնորհալիի գահուն, թող մահը բնա՛ւ չմերձենայ անոր: Ուստի կոչ կ՛ուղղէ ան Հայ­կազնեան ցեղիս բոլոր զաւակներուն, միասնաբար մաղթել, որ Տէրը անսասա՛ն պահէ Կիլիկեան Սուրբ Աթո­ռը, եւ առյաւէ՛տ ապրի Սահակ Հայրա­պետը:

         Այս անպաճոյճ, բայց ջերմ ու պարզ շունչով բառերուն տասնա­տողեայ յարակ­ցու­թիւնը, անձի մը կենսագ­րա­կանին խտացումը ըլլալէ բացի, Սուրբ Աթոռին պատ­մու­­թ­եան բարձրակէտերը կ՛ընդգծէ, գիսաւոր աստղի արծաթահոս լուսագրիչով. Շնոր­հա­լիներու գահը՝ իր փառաւոր անցեալով, Հայկազնեան ցեղը՝ իր տառապակոծ, մե­ռած ու վերյառնած ներկայով, արեւմտահայութեան ամրոց՝ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը, ու վեր­­ջապէս յոյսի նոր աղբիւր՝ Հայոց նորընտիր Հայրապետը…::

            Իրաւունք ունէր Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով՝ այս բանաստեղծ- տնօրէնով որուն քնարերգա­կան տողերը իրենց երաժշտութեամբ, միայն մէկ առի­թով պիտի չլսուէին, ո՛չ ալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի կարենար վերջ դնել անոր քայլերգային հնչեղութեան: Չկա՛յ Զէյթունի Հայոց դպրոցը. անիկա աւերուած է բար­բարոսին ձեռքով եւ վերջնական փլուզման ենթարկուած: Կոտորուած են անոր ա­շա­­կերտներէն շատերը, իսկ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրածները արդէն այսօր այս կեան­քին մէջ չեն: Չկա՛յ մանաւանդ հեղինակը՝ Գրիգոր Գասապեանը, բայց կա՛յ իր պարզունակ երգը, որ արդէն 117 տա­ր­իներէ ի վեր կ՛երգուի Մեծի Տանն Կիլիկ­իոյ գահին վրայ իրարու յաջորդած ութ Կաթողիկոսներու վեհաշուք ներկայութեան, մին­չեւ Սուրբ Աթոռոյս ազ­գը­նտիր Գահա­կալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

            Զէյթունցի տնօրէնին հեղինակած երգին վերջին տողը, անցեալ տասնամեակնե­րուն միշտ փոփոխու­թ­եան ենթարկուած է, Սահակ Կաթողիկոսի անուան փո­խարէն յարմարեցնելով Կիլիկիոյ գահին բարձրացած նոր կաթողիկոսին անունը: Դպրեվանքի ուսանողու­թեան մեր տարիներէն սկսեալ, նախ Երջանկա­յիշա­տակ Խորէն Ա. Վեհա­փա­ռին, ապա երբ Միա­բան դար­ձանք՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Վեհա­փա­ռին ա­նունը երգեցինք, իսկ այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հափառին անունը կ՛եր­գենք նոյն երգին ոստոստուն երաժշտութեամբ, միշտ միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ յառաջատեսիլ հայեացքով:

 

 

 

Մեզմէ առաջ եկող սե­րունդ­ները վստահաբար երգեցին Տ.Տ. Բաբգէն Ա, Տ.Տ. Պետրոս Ա, Տ.Տ. Գարեգին Ա. եւ Տ.Տ. Զարեհ Ա. անմահա­նուն   Կաթողիկոսներուն   անունը տեղադրելով վերջին տողին վրայ:

                Այո՛ Զէյթունցի էր այս բառերն ու երաժշտութ­իւնը յօրինողը. այո՛ Զէյթունի խրոխտ երկինքին տակ առաջին անգամ երգուեցաւ այս քայլերգը մատա­ղա­տի սե­րունդի անմեղ շրթներէն, հնչե՛ղ ձայնով: Բայց հեղինակն ու այդ օր սոյն երգին ունկն­դիր Սահակ Հայ­րապետն ու Զէյթունցիները մարգարէ չէին, կարենալ գուշակելու, որ 20-րդ դարու վերջալոյսին, Զէյթունցի ար­մատ­նե­րով Կաթողիկոս մը պիտի ընտրուէր եւ բազմէր Կիլիկիոյ գահին՝ Արամ Ա. Վեհափառը: Բազմաշնորհ հոգեւորական մը, որ Կաթողիկոսական 25 տարիներու իր փորձառութեամբ, 21-րդ դարու առաջին քառոր­դէն կը տեսնէ մինչեւ դարավերջ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին դիմագրաւելիք մարտահրա­ւէրները: Իւրայատուկ անձնաւորութիւն, որուն համար սոյն մաղթերգի տողերը աղօ­թական փոխասացութեամբ պէտք է արտասանել, քաջառողջ երկարակեցութեան խոր մաղթանօք, համայն ազգիս սրտայորդ ու սիրազեղ երգեցողութեամբ:

            Զէյթունցի տնօրէն Գրիգոր Գասապեանին մտքէն իսկ չէր անցեր, որ երգի առա­ջին կատարումի թուականին յաջորդող տասնամեակներուն, յատկապէս 1930 թուա­կա­­նէն ետք, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագիր Կաթողիկոսութիւնը իր նոր կայքը ու­նեցաւ Անթիլիասի գեղածիծաղ ծովափին, այս երգը բազմաթիւ մշակումներ պիտի ու­նենար, որոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը Զարեհ Վրդ. Ազնաւորեանին կողմէ յօրինուած:

            2000 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, երբ հոգեւորական ծառայութեամբ Միաց­եալ Նահանգներ կը գտնուէինք, պատիւն ունեցանք մաս կազմելու Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թողիկոսի Հովուա­պե­տական այցելութեան շքախումբին: Վեհափառ Հայրապետին Արեւմ­տեան թեմի տարբեր քա­ղաքները այցելելու ծիրէն ներս, Ֆրէզնոյի մէջ, տեղի Հա­­յոց Ս. Երրորդու­թիւն եկեղեցւոյ Հոգաբարձու­թիւնը անակնկալ մը մա­տուցեց Նորին Սրբու­թեան, երբ Հայոց Հայրապետը մուտք գոր­ծեց յիշեալ քաղաքի Համաժո­ղովնե­րու դահ­լի­ճը, «Գանատական Պղնձեայ Փողերախումբի Հա­մոյթը» նոր մշակումով եւ մեծ թափով հնչե­ցուց «Ի վեհ բարձանց»ը, Կիլիկիոյ արքաներու փառահեղ ընդունե­լութեամբ դիմաւորելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը՝ Հայոց առիւծասիրտ արքաներու եւ Կի­լիկեան Թագաւորութ­եան կենդանի յիշատակը եւ Հայոց պահանջատիրական պայ­քարի «Կարմիր կնիք»ը:

            Իրաւունք ունի՛ Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով, որ իր դուզնաքեայ բանիւք դեռ հարիւրամեակներ լարուած պիտի պահէ իր սիրոյ ու յարգանքի բանաս­տեղծական քնարը եւ երաժշտական համեստ նուագարանը, որպէսզի միշտ հիւսուի փառքը մեր Սուրբ Աթոռին եւ անոր Աթոռակալին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

 

Ծ. Խմբ.- Նշենք, որ  Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան սրբազան հօր վերի շահեկան յօդուածին մէջ նշուած Արան (շառաւիղը Զէյթունցի տնօրէն Գրիգոր Գասապեանին եւ որդին լիբանանահայ վաստակաշատ կրթական մշակ ողբ. ընկ. Տաճատ Գասապեանին) ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ժրաջան անդամն է այսօր եւ մեր ազնիւ գործընկերը:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը          

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին