Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Նամակ Ամերիկայէն  – 5 – Յարալէզներու Համանուագ. Վիրաւոր Նիւ Եորքը

«Տէ՜ր, բարութիւնը’դ այսօ’ր, իմաստութիւնըդ հիմա»

Պէտք է ղրկես աշխարհի՝ այս հիւլէին տանջակոծ.»

Վահան Թէքէեան

«Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ» քերթուածէն

 

            Գարնանային մռայլ օրերը, անծկութեամբ առլցուն, Նիւ Եորքի պողոտաները գունագեղ կակաչներով զարդարուած, ճոխ վաճառատուներուն եւ փոքր անհատական խանութներուն դռները ամրօրէն կղպուած, կէս ամայացած ճամբաները մուրացկաններով, տնազուրկներով եւ գինովներով ողողուած. այսպէս է Նիւ Եորքը այսօր՝ այնպէս ինչպէս էր երէկ – հակասութիւններով եւ հակապատկերներով համեմուած:

Կ’ըսուի թէ մեծահարուստները, քորոնա ժահրի վաղորդայնին ամենէն ապահով եւ հանգստաւէտ պայմաններու տակ փախուստ տուին դէպի իրենց թագստոցները որոնց հասցէները հասկանալիօրէն անստոյգ են: Բոլոր անոնք, հաւանաբար մէկ ու կէս միլիոն անձինք, որոնք ամէն օր մերձակայ նահանգներու արուարձաններէն կու գային Նիւ Եորք ապրուստ վաստակելու, ապաստան գտան իրենց ընտանեկան երդիքին տակ: Մնացին շուրջ 7.5 միլիոն Նիւ Եորքցիներ, շփոթած՝ լսելու քաղաքապետին եւ կառավարիչին ամէնօրեայ ազդարարութիւնները, չշրջակայելու, հանրային փոխադրական միջոցներ չգործածելու, ընկերային հաւաքոյթներու չմասնակցելու: Աշխոյժ եւ յարատեւ վազքի մէջ եղող Նիւ Եորքցիին համար այս բոլորը ճնշող եւ անհանդուրժելի իրականութիւն դարձան: Երբ քորոնա ժահրին հետեւանքով օրական հազար Նիւ Եորքցիներու մահուան գոյժը սկսաւ  յայտարարուիլ օրեր անվերջ, Նիւ Եորքի բնակչութիւնը զգաստացաւ եւ իր մորթին վրայ զգաց տխուր լրջութիւնը ծանր տարողութեան:

            Արեւը երկնակամարէն չհեռացած արդէն, մուրացկաններ եւ գինովներ կը սկսին իրենց առօրեայ տողանցքը, մուրալէն աւելի՝ յանդիմանական եւ բարձրաղաղակ օժանդակութիւն պահանջելով սակաւաթիւ անցորդներէ: Նիւ Եորքը իր շքեղութիւնն ու պերճութիւնը յանձնած է անոնց: Ոստիկանութիւնը, որուն շարքերը նօսրացան 25 առ հարիւրով քորոնա ժահրին պատճառաւ, կը փորձէ իր ներկայութիւնը պարտադրել ապահովութիւն երաշխաւորելու Նիւ Եորքցիին: Նիւ Եորքի ազատամիտ քաղաքապետ Տի Պլազիոն օրական մէկ միլիոն ուտելիք կը հասցնէ բոլոր անոնց, որոնք անկարող են կերակուր գնելու: Ուպըրի 40 հազար շարժավարներուն վստահուած է այս առաքելութիւնը:

            Տատամսոտ եւ վարանոտ քայլերով Նիւ Եորք քաղաքը ինքզինք վերակենդանացնելու փորձառական շրջանի մէջ կը գտնուի: Մրգավաճառներու շարժուն կրպակները սկսած են իրենց դիրքերը վերագրաւել բանուկ փողոցներու անկիւնները: Ուպըրները սկսած են զիրար հրմշտկել հոս ու հոն երեւցող յաճախորդները յափշտակելու համար: Սակայն երբեմնի շքեղ ճաշարաններուն կղպանքները չեն վերցուած, պրոտուէյի բեմերը մութ են տակաւին եւ շարժանկարի սրահները ամայի:

            Ինչ վերաբերի փոքր, անհատական վաճառատուներու՝ անոնց ապագան կը մնայ անստոյգ եւ մռայլ: Միացեալ նահանգներու մէջ գոյութիւն ունին անձնական փոքր ձեռնարկութիւններ՝ թիւով 30 միլիոն: Դժբախտ զուգադիպութեամբ մինչեւ Մայիս 1-ի տուեալներուն համաձայն, անգործներու թիւը հասած է՝ 30 միլիոնի: Կը նախատեսուի թէ 30 միլիոն անհատական փոքր ձեռնարկութիւններուն նուազագոյն 40 առ հարիւրը պիտի չվերաբանան իրենց դռները եթէ դաշնակցային կառավարութիւնը իր քսակը լայն չբանայ սատարելու այս ձեռնարկութիւններուն: Ցարդ 500 միլիառ ծախսուած է Ուաշինկթընի կողմէ, երկրին տնտեսական վիճակը աւելի վատ չդառնալու համար, առանց սակայն նշանակելի արդիւնքի:

            Անգործութիւնը, զրկելով աշխատաւորը կենսական եկամուտէ՝ երկրորդ հարուած մը եւս հասցուց՝ երբ ան կորսնցուց առողջապահական ապահովագրութիւնը: Հետեւաբար, այսօր 13 միլիոն ամերիկացի ընտանիքներ չունին ամենէն տարրական առողջապահական ապահովագրութիւն:

            Այսպէս կոչուած «Պայքար ահաբեկչութեան դէմ»  կարգախօսին տակ Ամերիկա ծախսած է 180 միլիառ տոլար, մինչ համաճարակներու դէմ պայքարելու համար՝ 2 միլիառ միայն: Հարուստ եւ բարգաւաճ այս երկրին մէջ, Ապրիլ ամսուան ընթացքին 31 միլիոն ընտանիքներ ձախողած են իրենց տան վարձքը վճարել: Առկայ է նաեւ խտրականութեան տգեղ իրականութիւնը՝ այս երկրին տնտեսական ընկերային կեանքէն ներս: Այս երեւոյթը յստակ կերպով դրսեւորուած է ներկայ համաճարակի օրերուն: Քորոնա ժահրէն մեռնողներուն 40 առ հարիւրը սեւեր են, մինչ անոնք Ամերիկայի բնակչութեան միայն 14 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:

            Վիրաւոր Նիւ Եորքը տնտեսական բազկերակն է Նոր Աշխարհին:

            Ինչպէս քաղաքապետը յայտարարեց, ցարդ Նիւ Եորք քաղաքին բացը եղած է 7.5 միլիառ տոլար: Տնտեսագէտներ կը նախատեսեն այս բացին մագլցումը 200 միլիառէն աւելի բարձր: Մայիս 5ի առաւօտեան, հեռուստատեսիլին առջեւ ելոյթ ունենալով քաղաքապետ Տի Պլազիօն The Daily News օրաթերթը ճոճելով, մատնանշեց առաջին էջին վրայ մեծատառ վերնագիրը. թէ նախագահ Թրամփ կը զլանայ տնտեսական աջակցութիւն հայթայթել Նիւ Եորքին եւ մարդաշատ այլ քաղաքներուն՝ որովհետեւ անոնք կապոյտին են – հասկանալ տեմոկրատ:

            Քաղաքապետն ու կառավարիչը (որոնց երակներուն մէջ իտալական արիւն կը հոսի – երկուքն ալ տիրական դերակատարներ դեմոկրատ կուսակցութեան կառոյցներէն ներս), առանց բառերը ծամծմելու բուռն քննադատութեան թիրախ ըրին նախագահ Թրամփը: «Գնա» մեռիր եկուր սիրեմ», ասացուածքով խծբծեցին Թրամփի անբարունակ պարծանքը թէ ինք բնիկ Նիւ Եորքցի է: Ի՜նչ հեգնանք եւ ի՜նչ հակասութիւն:

            Նիւ Եորքի պիւտճէին ուռճացող բացը տակաւ պիտի բարդացնէ թէ» նահանգին եւ թէ» քաղաքին վերականգնումի աշխատանքը: Ունեցողներու եւ չունեցողներու միջեւ խրամատը պիտի խորանայ: Հակառակ քաղաքապետին ծափահարելի ճիգերուն, երկրորդ խումբին կենսամակարդակը առաւել կերպով պիտի տուժէ: Անշուշտ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ բարձրացնել տուրքերը, որուն զոհը առաջին կարգին պիտի ըլլայ միջին դասակարգը:

            Քաղքենիները, մեզի ծանօթ երեւելի հարուստնե՞րը. անոնք այս պատուհասէն առաջ իսկ, նախագահ Թրամփի նման, լքած են եւ այժմ աւելի մեծ թափով կը լքեն իրենց քաղաքացիութիւնը, մնայուն բնակչութեան վայր որդեգրելով Ֆլորիտա նահանգը կամ հարաւային այլ նահանքներ՝ ուր տուրքերը շատ աւելի մատչելի են:

            Վիճակագրական տուեալներու վրայ հիմնուած, քանի մը օրեր առաջ պախարակելով Թրամփը՝ Նիւ Եորքին աջակցութիւն զլանալուն համար, կառավարիչ Քոմօ յիշեցուց անոր թէ Նիւ Եորք նահանգը 29 միլիառ տոլար աւելի վճարած է Ուաշինկթընին՝ քան օգտուած կարենալ հաւասարակշռելու համար նահանգին եւ քաղաքին պիւտճէն, Տի Պլազիօն եւ Քոմօն հարկադրուած պիտի ըլլան կրճատումներ կատարել, որոնց առաջին թիրախը պիտի հանդիսանայ հանրային սպասարկութիւնները:

            Անհանգիստ փորձառութիւն մըն է այս օրերուն քալել Նիւ Եորքի լքուած ճամբաներէն:

            Խոժոռադէմ մուրացկանը, ցնցոտիներով պարուրուած, ողորմութիւն կը պահանջէ անտարբեր անցորդներէն: Պատահի որ նախազգուշութեան համար ճամբան թերեւս կը շեղէս յանդիմանական լուտանքներ բարձրաղաղակ կը հետեւին քեզ. «Ինչո՞ւ կը հեռանաս»:

            Մայիս 4-ին, Նիւ Եորքի համար առաջ անգամ ըլլալով, նորելուկ երեւոյթ մը ահա: Օրական 24 ժամ բանող գետնուղիները պիտի դադրին ծառայելէ հանրութեան առաւօտեան ժամը 1-էն մինչեւ 5: Իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք աստիճանաբար վերաբանալու համար քաղաքը՝ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Նիւ Եորքի նահանգապետ Անտրու Քոմօն պահանջած էր կառքերուն (sub way cars) հականեխումը ամէն օր, շրջակայութեան դրուելէ առաջ: Այս նախաձեռնութեան անուղղակի զոհ գացին հազար հարիւր տնակներ, որոնք բնակութիւն հաստատած էին գետնուղիներուն մէջ: Ի միջի այլոց տեղին է նշել թէ հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի եւ բազմամարդ կեդրոններու մէջ հանրային փոխադրական միջոցները օրական 14 անգամ կը հականեխուին:

            Մարտ ամսուայ երկրորդ կէսէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով անցնող Կիրակին, (Մայիս 3) սովորական Կիրակիի մը խաբուսիկ երեւոյթը զգենած էր: Հանրային Park-երը առլցուն էին ցարդ իրենց յարկաբաժիններուն մէջ կալանաւորած Նիւ Եորքցիներով, իրենց երեխաներով եւ շուներով:  Կիսամերկ երիտասարդուհիներ մարզական զգեստներով կը չափչփէին ինքնաշարժներէ պարպուած պողոտաներն ու նեղլիկ փողոցները եւ քանի մը հատ ուտելիք վաճառող շրջուն կրպակներ՝ կէս գինով hot dog կը փորձէին վաճառել, որոնց եգիպտացի տէրերը ատենին լաւ եկամուտ կ’ապահովէին այս գործէն:

            Սակայն կեանքի բնականոն երեւոյթն ու կշռոյթը պիտի չվերադառնան անտարակոյս: Ամերիկացիք հաւանաբար օրական 250 միլիոն զովացուցիչ պիտի շարունակեն սպառել, ծախսելով տարեկան 50 միլիառ տոլար, այսուհանդերձ սովորական կեանքէն ներս  պիտի ըլլան բազմաթիւ յեղաշրջումներ: Կիրակի, Մայիս 10, Մայրերու Օր է: Բոլոր անոնք որոնք աւանդութեան հետեւելով ընտանիքով ճաշարան պիտի մէկտեղուէին յարգելու եւ պատուելու համար Մայրը, անոնց դռները գոց պիտի գտնեն անշուշտ:

            Յարալէզներու Համանուագը կը շարունակուի:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նիւ Եորք

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին