Պսակաձեւ Ժահր եւ Պսակադրութիւն . . .
Պսակաձեւ ժահրը որ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ՝ մարդկութեան գլխուն բերաւ շատ մը անպատեհութիւններ եւ փորձանքներ, որոնց գերագոյնն ու ցաւալին եղաւ մահը։
Անպատեհութիւն՝ որովհետեւ մարդիկ գործէ դադրեցան եւ ակամայ տնային կալանքի ենթարկուեցան։ Անպատեհութիւն՝ որովհետեւ դպրոցական աշակերտներ ստիպողաբար տունը մնացին եւ իրենց դասերուն հետեւեցան առցանց։ Անպատեհութիւն՝ որովհետեւ եկեղեցիները փակեցին իրենց դռները եւ ամէն տեսակի արարողութիւնները առկախուեցան հաւատացեալներուն համար։
Նոյնիսկ յուղարկաւորութիւններուն յատուկ` աւանդական եկեղեցւոյ կարգը ջնջուեցաւ եւ մարդիկ գոհացան իրենց մեռելներուն գերեզմանի թաղման կարգով միայն, այդ ալ անմիջական պարագաներու ներկայութեան՝ որոնց թիւր տասը պէտք չէ անցնի։ Այս բոլորը կատարուեցան՝ անսալով պետական թելադրութիւններու եւ հրահանգներու։
Վերոյիշեալ անպատեհութիւններէն է նաեւ եկեղեցւոյ պսակադրութեան արարողութիւնը։ Հիմա խօսինք օրինակներով։ Այս դէպքը վերջերս պատահած է Սան ֆրանսիսքոյի St. Ignatius եկեղեցւոյ մէջ։
Ուրեմն Փէրիս Խաչի եւ Էմիլի Մանաշի մէկ տարիէ ի վեր նշանուած են եւ կ՛ուզեն ամուսնանալ։ Սակայն անսալով մեծ թիւով տեղ մը չհաւաքուելու պետական հրահանգին, եկեղեցին կ՛արտօնէ ներկայութիւնը պսակուող ամոլին անմիջական պարագաներուն միայն, թիւով տասը հրաւիրեալներ։
Բայց եկուր տես որ եկեղեցին լեցուն էր՝ ոչ թէ հրաւիրեալներով, այլ եկեղեցւոյ անդամներու պատկերներով (տես նկարը), որոնք փակցուած էին նստարաններուն վրայ . . . Հոս պէտք է աւելցնել որ եկեղեցին՝ ընդառաջելով պսակուողներու խնդրանքին, առցանց սփռած է (live streaming) պսակադրութեան արարողութիւնը որպէսզի միւս հրաւիրեալները հեռատեսիլով կարենան հետեւիլ եւ բաւարարութիւն ստանալ։
Վերոյիշեալ նկարը զետեղուած է դիմատետրի (Facebook)-ի վրայ եւ շուտով դարձած է հանրութեան սեփականութիւնը, որովհետեւ հազուագիւտ դէպք մըն է եղածը։
Ոստիկանի մը Ինքնակոչ Առաքելութիւնը . . .
Այս դէպքը պատահած է Օհայօ նահանգի Կրին քաղաքին մէջ։ Ինչպէս գիտենք Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ վարժարանները փակուած են եւ աշակերտները իրենց ուսումը կը շարունակեն առցանց։
Վերոյիշեալ պատճառով ալ շրջանաւարտից հանդէսներ տեղի պիտի չունենան, յուսախաբութեան մատնելով վերջին դասարանի աշակերտները, որոնք անհամբեր եւ անձկութեամբ կը սպասէին այդ բախտորոշ օրուան։
Ուրեմն խնդրոյ առարկայ վարժարանին դպրոցական ոստիկանը (resource officer) Թատ Հարթ (տես նկարը) սովորութիւն դարձուցած է՝ վերջին տասներկու տարիներուն ընթացքին, մէկ առ մէկ ողջունել եւ շնորհաւորել շրջանաւարտ եղող աշակերտները, երբ անոնք շարքի կեցած՝ կը պատրաստուին բեմ բարձրանալու եւ իրենց վկայականը ստանալու։
Այս տարի սակայն՝ երբ ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը ջնջուած է մեզի ծանօթ պատճառաւ, Ի՞նչ պէտք է ընէ ոստիկան Հարթը՝ որ իր ստեղծած բարի սովորութիւնը շարունակէ։
Ան որոշած է եւ կիրարկած մէկ առ մէկ երթալ 317 շրջանաւարտ աշակերտներուն բնակարանները եւ անձամբ շնորհաւորելով զանոնք յաջողութիւն մաղթել անոնց, իրենց ապագայի ուսումնական ծրագիրներուն նկատմամբ . . .
Ան իր այս արտասովոր ծրագիրը կ՛ուզէ վերջացնել մինչեւ Մայիս ամսուան 28-ը որ կը զուգադիպի առկախուած շրջանաւարտից հանդէսի օրուան։ Ան ըսած է որ կ՛ուզէ «յոյսի նշոյլ» մը բերել աշակերտներուն, որոնք տասներկու տարիէ ի վեր կը սպասէին այդ օրուան։ Իսկ աշակերտներն ալ արտայայտուած են թէ այս ժեսթով անոնք մեծապէս զգացուած են՝ քանի գիտեն որ իրենցմով հտաքրքրուողներ կան…:
Յուսանք որ գիտնականներ եւ գիտաշխատողներ շուտով այս ժահրին պատուաստը կը գտնեն եւ մարդիկ կը ձերբազատուին տնային այս անհանդուրժելի կալանքէն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը