«Մարդկութեան քաղաքական խնդիրը եղած է միացնել երեք գործօններ՝ տնտեսական արդիւնաւէտութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ անհատական ազատութիւն»:
Ճոն Մեյնարտ Քայնիզ, 20-րդ դարու բրիտանացի մեծ տնտեսագէտ
Լիբանանի Կառավարութեան Տնտեսական Ծրագիրը
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի կառավարութիւնը հաստատեց տնտեսական քաղաքականութեան իր ծրագիրը: Նպատակն է երկիրը դուրս հանել տնտեսական վատ պայմաններէն: Այս առաջին անգամն է երկար տարիներէ ի վեր, որ Լիբանանի կառավարութիւն մը կը դնէ տնտեսական զարգացումի ծրագիր: Այս առաջին դրական կէտն է: Երկրորդ դրական կէտն է աշխատանք տանիլ արտերկրէն վերադարձնելու համար Հոկտեմբեր 2019-ի բողոքի շարժումէն առաջ եւ ետք երկրէն դուրս հանուած դրամագլուխը: Երրորդ կէտն է պետական կարգ մը ծառայութիւններու մասնակի սեփականաշնորհումը: Այս քայլը պետութեան պիտի ապահովէ եկամուտ, կարենալ ոտքի պահելու համար ընդհանուր կառոյցը: Չորրորդ կէտն է դրամատնային համակարգի վերադասաւորում, դրամատուներու դրամագլուխը մեծցնելու եւ պարզ քաղաքացիին ի պահ դրած գումարը պաշտպանելու համար: Հինգերորդ կէտն է փտածութեան վերջ դնելը եւ զայն պետական քաղաքականութեան վերածելը: Այս կէտերուն վրայ հիմնուելով, կառավարութիւնը դիմեց Միջազգային Արժոյթի Ֆոնտին, 10 միլիառ ԱՄն տոլարի պարտք վերցնելու համար: Պիտի տեսնենք Ֆոնտին պայմանները այդ պարտքը տալու համար:
Հարցումը այն է, որ կառավարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ գործադրել այս առնուած որոշումները եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ դէմ դնել Արեւմուտքի կողմէ պարտադրուած տնտեսական ճնշումի քաղաքականութեան: Գալիք օրերը բաւական պիտի յստակացնեն այս երկու հարցումներուն պատասխանները:
Ռ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական Քաղաքականութիւնը
Պատմութեան ամէն դարաշրջան ունեցած է իրեն յատուկ քաղաքական ու տնտեսական համակարգը: Քուրմերու իշխանութիւն, թագաւորական անսահման միապետութիւն, սահմանադրական միապետութիւն, աւատապետական համակարգ, ռամկավարութիւն, ընկերվարութիւն եւ պատմութիւնը կը շարունակուի իր նոր համակարգերով: Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր տնտեսական համակարգը, հիմնուած ժողովուրդի ընկերային զարգացումի մակարդակին եւ իշխող դասակարգի մտաւոր եւ քաղաքական զարգացումի մակարդակին վրայ: Տնտեսական ամենամեծ փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ ԺԹ.դարու 30-ականներէն սկսեալ, երբ ճարտարարուեստը սկսաւ օգտագործել շոգիով աշխատող մեքենաներ արտադրութեան մէջ: Գործարար դասակարգը սկսաւ շահագործել բանուորը եւ զայն աշխատցնել երկար ժամեր չնչին աշխատավարձով: Այս դասակարգը բողոքեց եւ որովհետեւ իշխող դասակարգը արագ չի շարժեցաւ իր քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար, ընկերվարական շարժումը փորձեց գոցել այդ բացը: Գերմանացի Մարքս եւ Էնկըլզ դրին փիլիսոփայական հիմերը ընկերային արդարութեան հասնելու համար: 1848-էն սկսեալ Եւրոպայի մէջ սկսաւ յեղափոխական շարժում մը ընկերային արդարութիւն ապահովելու համար բանուոր դասակարգին: Հազարաւոր զոհերու հաշւոյն վերջապէս բանուոր դասակարգը կրցաւ ստանալ կարգ մը իրաւունքներ՝ աշխատանքի ժամերը նուազեցնել 8 կամ 9 ժամի, վճարուիլ աւելորդ աշխատանքի համար, բարելաւել առողջապահական պայմանները գործարաններուն մէջ, փոքրիկներու աշխատանքը արգիլել եւ այլ իրաւունքներ:
Երկու համաշխարհային պատերազմներու հիմնական պատճառը տնտեսական էր: Գերպետութիւններ իրարու հետ չի կրցան համաձայնիլ արտադրուած ապրանքի հում նիւթի ապահովումի եւ վաճառքի շուկաներու արդար բաժանումին մէջ: Արդիւնքը եղաւ երկու կործանիչ պատերազմներ, միլիոնաւոր զոհերով ու միլիառաւոր տոլարի վնասով: Եւրոպացի եւ ամերիկացի տնտեսագէտներ սկսան լրջօրէն մտածել տնտեսական համակարգի մը հաստատման մասին, խուսափելու համար 1929 թուականի տնտեսական մեծ անկումէն ու կրկնուող տնտեսական տագնապներուն վերջ դնելու համար: Բրիտանացի տնտեսագէտ Ճոն Մեյնարտ Քայնիզ գտաւ լուծումը ու զայն հրապարակեց իր նշանաւոր թուղթին մէջ: Քայնիզեան տնտեսութիւնը կը հիմնուէր ստեղծարար գործարարութեան քաջալերման, մաքսի դրութեան հաստատման պաշտպանելու համար տեղական արտադրութիւնը, պետութեան հսկիչ համակարգի ստեղծման, տուրքի հաւասարակշռութեան, ընկերային արդարութեան եւ մարդու անհատական ազատութեան վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը բարիք բերաւ մանաւանդ Եւրոպային եւ ԱՄՆ-ին ու տեւեց մինչեւ 20-րդ դարու 80-ական թուականները, երբ գլուխ ցցեց Համաշխարհայնացումը, հիմնուած բաց սահմաններու, դրամագլուխի եւ մարդուժի ազատ փոխանցման վրայ, որ հիմնաքարն էր նոր ազատական համակարգին: Տուժեցին տեղական ճարտարարուեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը: Ժխտական արդիւնքը սկսանք քաղել 21-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ: Լիբանանի տնտեսական անկումի ամենամեծ պատճառն էր նոր ազատական տնտեսական համակարգը, որ կործանեց երկրի փոքր ճարտարարուեստի ընկերութիւններն ու գիւղատնտեսութիւնը եւ երկիրը մտցուց պարտքի անվերջ հոլովոյթին մէջ:
Հայ իրականութեան մէջ միակ քաղաքական կազմակեպութիւնը, որ տնտեսական համակարգը դրաւ երկրորդ կարեւորութեան մակարդակի վրայ Արմենական կուսակցութիւնն էր: Արմենականները իրենց ծրագրին մէջ հաստատեցին, թէ նախ երկիրը պէտք է ազատագրուէր եւ միայն անկէ ետք է որ պիտի մտածուէր, թէ որ տնտեսական համակարգն է յարմար մեր ժողովուրդին համար: Այդ գաղափարախօսութիւնը փաստեց իր ճշմարտացիութիւնը մեր պատմութեան հոլովոյթին մէջ:
20-րդ դարու սկիզբը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հաստատեց իր տնտեսական քաղաքականութիւնը հիմնուելով իշխանութեան հասած ղեկավարներու ընտրութեան վրայ: Ղեկավարը հաշուետու է ու պատասխանատու առնուելիք բոլոր տնտեսական եւ քաղաքական որոշումներուն: Օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են: Ամէն քաղաքացի ունի խօսքի, խիղճի, ընկերակցութեան եւ շարժումի ազատութիւն:
Անհատական սեփականութեան իրաւունքը, անձնական նախաձեռնութիւնը, ազատ մրցակցութիւնը, պետական համակարգի միջամտութիւն չարաշահումի կասեցման համար օրէնքով նախատեսուած պայմաններով, կը կազմեն Ռ.Ա.Կ.-ի տնտեսական քաղաքականութեան հիմերը: Ուրեմն, ինչպէս կը նկատենք, Ռ.Ա.Կ.-ը Քայնիզեան տնտեսական վարդապետութեան հաւատացող մըն է: Այդ վարդապետութիւնը փաստեց իր հաւասարակշռուած ու խոհեմ ըլլալը: Ռ.Ա.Կ.-ը է նաեւ ազգային ու ոչ-դասակարգային կուսակցութիւն: Այս պատճառով է որ կուսակցութեան շուրջ համախմբուած են միշտ հայ ժողովուրդի մտաւորականներ եւ գիտակից ու դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերու հաւատացող մարդիկ: Ռ.Ա.Կ. շատ տուժեց նոր ազատական համակարգի պայմաններէն: Հայաստանի մէջ 1991-էն, մանաւանդ 2000-էն մինչեւ հիմա գործող սակաւապետական (oligarchic) համակարգը բնաւ կապ չունի Ռ.Ա.Կ.-ի տնտեսական հաւատամքին հետ: Պատգամաւորական ժողովները եւ արխիւները կը փաստեն այդ գաղափարը: Կուսակցութիւնը միշտ եղած է հայ մարդը բարձրացնող, մինչ այդ սակաւապետութիւնը կործանեց հայ մարդուն տնտեսական ու քաղաքական ազատութիւնը, մատներու վրայ համրուող դասակարգի մը անդամներու հաշւոյն: Յուսանք որ մօտ ապագային Հայաստան կը բռնէ հաւասարակշռուած տնտեսական քաղաքականութեան ճամբան իր բարեբեր արդիւնքներով:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը