Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Լուսանցքի վրայ. Լենինի Ծննդեան 150-ամեակը եւ Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկին Փակուիլը

Փոքրաթիւ խումբ մը համայնավարներ Ապրիլի 22ին, այցելեցին Կարմիր Հրապարակի սրտին վրայ հանգչող Լենինի դանբարանը, ուր ծաղիկներ զետեղելով իր շիրիմին՝ նշեցին իր ծննդեան 150րդ տարեդարձը: Հակառակ Մոսկուայի մէջ շրջակայութեան դէմ առնուած միջոցառումներուն, այս խումբը` առաջնորդութեամբ Ռուսական դաշնակցութեան համայնավար կուսակցութեան երկարամեայ նախագահ Կեննատի Ժուքանովի, ոստիկանութեան կողմէ ոչ մէկ արգելքի հանդիպած է: Խումբին անդամները երբ կարմիր դրօշակները իրենց ձեռին ճօճելով կը տողանցէին Կարմիր Հրապարակին վրայ, հետաքրքիր անցորդները հարց տուին ոստիկաններուն թէ անոնք չէի՞ն խախտեր մէկուսացման նկատմամբ կիրարկուած օրէնքը. «Քաղաքապետութենէն յատուկ արտօնութիւն ապահովուած է» եղաւ կարճ պատասխանը:

            Խօսելով ձիւնածածկ եւ գրեթէ ամայացած կարմիր հրապարակին վրայ, Լենինի Կրանիթեայ դամբարանին կից, Ժուքանով ըսաւ թէ Քորոնա ժահրը եւ զայն չէզոքացնելու իշխանութեանց պայքարը ոչինչ է՝ բաղդատած 1960ին Մոսկուայի մէջ ծանր տուած ծաղկախտի (small pox) համաճարակին, երբ պետութիւնը մէկ հարուածով անէացուց զայն: Ան սուր կերպով քննադատեց երկրին ներկայ ղեկավարութիւնը ըսելով, «Այսօր, ահա երեք ամիսներէ ի վեր, չեն կրնար պարզ դիմակներ (mask) արտադրել»: Կարգ մը լրատու գործակալութիւններու համաձայն Ռուսիոյ որոշ շրջաններուն մէջ բժշկական սարքաւորումներու պակասը կը տիրէ, մինչ նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ Մոսկուա բժշկական սարքաւորումներ առաքեց դէպի Իտալիա, Սերպիա եւ Միացեալ նահանգներ:

Եւրոպայի ամենաբազմամարդ մայրաքաղաքը՝ 12.5 միլիոն բնակչութիւն համրող Մոսկուան, Քորոնա ժահրին մեծագոյն հարուածը կրած է բովանդակ երկրին տարածքին վրայ: Միայն Ապրիլ 22ին, 2548 նոր վարակեալներ արձանագրուեցան:

            Ռուսիոյ այլ մեծ քաղաքներուն մէջ եւս, ինչպէս Սէնթ Փեթերսպուրկ, Լենինի ծննդեան 150 ամեակը նշուած է: Շատ մը յայտնի անձնաւորութիւններ որոնց կարգին գեր-ազգայնական քաղաքական գործիչ եւ Տումայի երկարամեայ անդամ (Հայ ժողովուրդի հաւատարիմ դաշնակից) Վլատիմիր Ժիրինովսքի քննադատեց կարմիր հրապարակի Լենինի շիրիմին վրայ ծաղկեփունջեր զետեղող անձերը, պահանջելով անոնց կալանաւորումը՝ շրջակայութեան դէմ հաստատուած արգելքը խախտած ըլլալու մեղադրանքով: Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսիան լքեց համայնավար վարչաձեւը՝ (հաստատուած Լենինի կողմէ) 1991ին, Սովետ Միութեան անփառունակ փլուզումին հետեւանքով: Այսուհանդերձ Լենինի դամբարանը զբօսաշրջիկներու եւ տեղացի համայնավարներու համար ժողովրդական վայր մըն է այցելելու: Լենինը մահացաւ 1924-ի Յունուար 21ին, ուղեղային կաթուածի հետեւանքով: Իր նախասիրութիւնն էր թաղուիլ իր ծննդավայր Սէնթ Փեթերսպուրկi մէջ, իր հարազատ մօրը կողքին:

            Միեւնոյն օրը արդարեւ, չարագուշակ եւ անյարմար զուգադիպութեամբ մը, Մոսկուայէն 3458 քիլոմեթր հեռու՝ Միջերկրական ափին, Պէյրութի արեւմտեան մասի անցեալի ամենէն ցանկալի շրջանին մէջ, փառաշուք Պրիսթոլ պանդոկը յայտարարեց թէ վերջնականապէս կը դադրէր գոյութիւն ունենալէ: Ան զոհը դարձաւ Լիբանանի տնտեսական թնճուկ-տագնապին որուն վրայ եկած էր աւելնալու Քորոնա ժահրի բարդութիւնը: Արեւմտեան Պէյրութը շէնցնող պանդոկներու հոյլին կը պատկանէր Պրիսթոլ՝ 50էն 70ական թուականներուն իր մերձակայքը գտնուող Ալքազար եւ քիչ մը անդին՝ ծովեզերքին վրայ իշխանավայել կանգնած Սեն Ժորժ պանդոկներու կողքին:

            Լիբանանի երբեմնի ամենէն շքեղ եւ խորհրդանշական պանդոկներէն մէկը՝ Պրիսթոլ իր դռները վերջնականապէս պիտի փակէ ընթացիկ ամսուան վերջաւորութեան եօթանասուն տարուան գոյութենէ ետք: Նշեմ, որ հակառակ 15 տարիներու Լիբանանեան արիւնալի եւ կործանարար քաղաքացիական պատերազմին պանդոկը բաց պահած էր իր դռները:

Քանի մը օր առաջ, պանդոկի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Փասքալ Սելուան Թապէթ անձամբ յայտարարեց, թէ երկրին տնտեսական սուր տագնապը եւ Քորոնա ժահրի ստեղծած դժուար կացութիւնը պատճառ հանդիսացած էին այս դժուար որոշումին: Պրիսթոլ պանդոկը  որ կը պատկանէր Լիբանանի ամենէն հարուստ ընտանիքներէն՝ Տումէթ ընտանիքին, հիւրընկալած է աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ: Պանդոկը նշանաւոր դարձած էր իր պարասրահով, փակ լողաւազանով եւ Լիբանանի առաջին սառցադաշտով: Ոճը՝ միաձուլումն էր արեւելեան եւ արդիական ճարտարապետութեան: Տակաւին 2013 թուականին պանդոկը երկու տարուան ծաւալուն վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ այն հեռանկարներով թէ Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը թափ պիտի առնէ: Դժբախտաբար սակայն պանդոկին 120 պաշտօնեաները շուտով պիտի միանան Լիբանանի գործազուրկերու օրէ օր աճող բանակին:

            Անցեալ ամիս Լիբանանի պանդոկներու սեփականատերերու սենտիքայի նախագահը յայտարարեց, որ  պանդոկներուն միայն 10էն 15ը լեցուն են: Լիբանանի միջազգային օդակայանին փակումը՝ զբօսաշրջութիւնը սառեցուցած է եւ ճաշարաններու, ինչպէս նաեւ գիշերային զբօսավայրերու գոց ըլլալը երկրին հիւրընկալութեան ճարտարարուեստին մահացու հարուած մը հասցուցին՝ ի պատասխան Քորոնա ժահրին:

            Պրիսթոլ պանդոկը անբաժան մէկ մասն է Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան եւ ժամադրավայրը քաղաքական աւագանիին, հիւրընկալելով շքեղ հարսանիքներ եւ ընկերային այլ ձեռնարկներ: Պանդոկը նաեւ կը գտնուի դիմացը այն շէնքին ուր իսրայէլացի գործակալներ 1973-ին սպաննեցին պաղեստինցի երեք պատասխանատու ղեկավարներ, որուն իբրեւ հետեւանք օրուան կառավարութիւնը հրաժարեցաւ:

            «Պրիսթոլ պանդոկը խորհրդանիշ կալուածներէն մէկն է Պէյրութի: Եթէ երբեք անոր սեփականատէրերը հաւատք չունենային Լիբանանի նկատմամբ, անոնք քանի մը տարիներ առաջ մեծածախս վերանորոգումներու պիտի չձեռնարկէին,» յայտարարեց Պրն. Թապէթ:

            Պրիսթոլ պանդոկը յայտնի էր, ինչպէս ըսի, իր պարասրահներով: 1951ին բացաւ իր դռները եւ յաջորդող տարիներուն ընդունեց նշանաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին Իրանի շահը եւ իշխանուհի Սուրայան, Մոնաքոյի Ալպերթ իշխանը: Առաւել ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտալլա Պըն Ապտիւլ Ազիզը եւ Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքը իջեւանած են հոն: Արաբական աշխարհի ամենատաղանդաշատ եւ սիրուած ժողովրդային բանաստեղծ Նիզար Քապպանին յաճախ այցելած է Պրիսթոլ պանդոկը որ աւաղ՝ գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրի:

            Պանդոկին վերջնական փակման յայտարարութիւնը կատարուեցաւ  Ապրիլ 22-ին:

Խորապէս ցաւալի իրողութիւն է տեսնել գեղեցիկ այս կառոյցը կմախքացած կերպարանքին մէջ: Այո, ոչ շատ հեռու դէպի երկինք ալացող Four Season արդիական պանդոկը կանգնած է, ափսոս սակայն ան անհրապուրիչ է՝ երիտասարդ բայց անհաղորդական:

            Դիտելով Սեն Ժորժի մռայլ ներկայութիւնը՝ միայն տրամաբանական մէկ բացատրութիւն կարելի է բանաձեւել, այս տողերը գրողիս կարծիքով. Սեն Ժորժ պանդոկը զոհն է ընչաքաղցութեան եւ փառասիրութեան: Աւելին, այնքան ատեն երբ կանգնած է հոն՝ անշարժացած սակայն իր հարուստ պատմութեամբ, Պրիսթոլ պանդոկը իր ամայացած ներկայութեամբ կու գայ մարմնաւորել ինչ որ հիմնականօրէն սխալ է սիրելի մեր Լիբանանին մէջ, կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս: Պրիսթոլը կը հեռանայ շուկայէն՝ սակայն շատերուն համար անոր հետ կապուած բարի յիշատակները կը մնան առյաւէտ:

Նոր տող:

Նիւ Եորք

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին