Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Նինա Ճիտէճեան Լիբանանի Պատմութեան Ժառանգորդը

Էտկար Դաւիթեան, Մէյ Մաքարէմ

L’OrientLe Jour’’, 11 Ապրիլ 2020

 

Նինան այս աշխարհէն անաղմուկ մեկնեցաւ 95 տարեկան հասակին:

Ան հիմնադիր անդամներէն էր Պաալպէքի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախագահը 1991-ի Այնճարի փառատօնի յանձնախումբին:

Պատմութիւնը արձանագրող, շուրջ 16 գիրքերու եւ L’Orient-Le Jour  թերթին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Նինա Ճիտէճեան կը խոստովանէր որ ինք 100% հայ է եւ ամբողջական լիբանանցի : Համեստ ու քնքոյշ բնաւորութեան ետին՝ ան ունէր ծանր աշխատանք տանելու հսկայական կորով: մշակութային իր խորունկ գիտելիքներուն եւ ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ ան կրցաւ պատմութեան ծալքերը բանալ ու հնագիտական գիտելիքներ ամբարել եւ զանոնք պատմութեան մատչելի գիրքերու վերածել, հրամցնելով երիտասարդ կամ հասուն տարիքի մարդոց, ըլլան անոնք մասնագէտ կամ սիրող:

1968-ին անգլերէնով լոյս տեսնած առաջին գիրքը՝ «Պիպլոս. դարերու ընդմէջէն» երախայրիքն էր այն  երկար շարքին, որ պիտի նուիրուէր Տիւրոսի (Սուր), Սիտոնի (Սայտա), Պէյրութի եւ Թրիփոլիի հնագիտութեան: Պատմաբանի իր գրիչը կը հոսէր ժամանակին հետ համաքայլ, հայրենիքին ձգելով պատմական ժառանգութիւն մը: Ան կը թելադրէր որ իւրաքանչիւր Լիբանանցի պէտք է  լաւ գիտնայ ու գնահատէ իր երկրին պատմութիւնը, երկիր մը, որ հարուստ է իր մշակոյթով ու պատմութեամբ: Դրամով չէ որ կը հարստանանք, այլ մեր անցեալի փառաւոր պատմութեամբ:

 

Նինա Ճիտէճեան Մեզի Կը Ձգէ Յիշատակը Լիբանանի … Ժառանգութեան

Մէյ Մաքարէմ

 

Նինա Ճիտէճեան իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրած է հայրենիքին: Ան մեծ դէմք մըն է Լիբանանի անցեալի պատմութիւնը յայտնաբերող, որ իր բազմավաստակ աշխատանքին արդիւնքը փոխանցեց հազարաւոր ընթերցողներու:

Պատմաբան եւ հնագէտ Նինա Ճիտէճեան հեղինակ է 16-է աւելի գիրքերու. ան հմտութեամբ ու անաչառութեամբ ուսումնասիրած է հայրենիքին պատմութիւնը: Լիբանանի կառավարութիւնը հայրենիքին մատուցած անոր անգնահատելի ծառայութիւններուն համար զայն 1974-ին պարգեւատրեց «Chevalier», իսկ 2002-ին՝ «Commandeur de l’ordre national du Cedre» շքանշանով: Ան 1999-ին արժանացաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսէն: Սակայն Նինային համար շքանշաններն ու պատուոգիրերը երկրորդական էին: Անոր համար հայրենիքին ու հողին նուիրածութիւնը առաջնահերթ էր, ու ան կը թելադրէր որ «բոլորս աշխատինք նոյն ուղղութեամբ՝ պահպանելու համար մեր պատկանելիութիւնը հայրենիքին ու հողին»:

Նինա կ’ամուսնանայ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանին հետ, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին վիրաբուժական բաժինի առաջատար դէմքերէն մին էր: Անոնք կ’ունենան աղջիկ զաւակ մը՝ Տընիզը: Նինա շրջան մը կը թեթեւցնէ իր աշխատանքները, ամբողջութեամբ նուիրուելով դստեր խնամքին ու ուսումին: Երբ Տընիզ համալսարանական կը դառնայ, Նինա կը շարունակէ իր կիսատ ձգած ուսումնառութիւնը AUB-ի մէջ, ուրկէ 1965-ին կը վկայուի Նախնեաց պատմութեան եւ հնագիտութեան բաժանմունքէն ստանալով Մագիստրոս աստիճան, որպէս թէզ պաշտպանելով «Պիպլոսը առաջին հազարամեակին» նիւթը, որ հետագային լոյս կը տեսնէ Տար էլ Մաշրէք տպարանէն: Անոր կը յաջորդեն Տիւրոս, Սիտոն, Պէյրութ եւ Թրիփոլի քաղաքներու պատմութեան գիրքերը:

Հետեւելով պատմութեան ոտնահետքերուն՝ պատմութեան դասական գիրքերու ընթերցումով եւ Լիբանան այցելած քարոզիչներէ քաղուած տեղեկութիւններով, Ճիտէճեան մանրամասնօրէն կը վերականգնէ իւրաքանչիւր քաղաքի պատմութիւնը: Ան կը գործակցէր Լիբանան այցելող հնագէտներու հետ, որոնք հետաքրքրուած էին այս երկրին հին պատմութեամբ: Պիպլոս քաղաքին մէջ մարդիկ ջրհոր փորած ատեննին արձանիկներ եւ բրածոյ առարկաներ կը գտնէին: Ֆրանսացի հնագէտ մը՝ Էռնեստ Ռընան, Պիպլոսի մէջ հնագիտական պեղումներու ընթացքին, պարտէզի մը մէջ կը գտնէ արեւանման ոսկեզօծ ափսէ մը, որուն վրայ փորագրուած էր դիմանկարը Պա’ալաթ Ժէպալ չաստուածուհիին, որ դարեր շարունակ քաղաքի պաշտպանութեան չաստուածը եղած էր:

Նինա Ճիտէճեանի հնագիտական հետաքրքրութիւնները զինք յաճախ անակնկալ յայտնագործումներու դիմաց կը դնեն: Ան կ’իմանայ, որ մեմլուքներու դարաշրջանէն 30 հատորանի մագաղաթեայ ոսկեզօծ շրջագիծերով ընդօրինակուած Քուրան մը եղած է, որ այդ շրջանի մեմլուք էմիր Այթմիշ ալ Պաժասի կողմէ նուէր տրուած է «մատրասէի» (իսլամական կրօնական դպրոց) մը, որ կը գտնուէր Թրիփոլիի միջնադարեան դռներէն՝ Պապ ալ Ուազիրի մօտերը: Նինա կ’ափսոսայ, որ անյայտ կը մնայ այդ «մատրասէին անունն ու վայրը: Շնորհիւ իր պրպտումներուն Նինա Ուաշինկթըն D.C.-ի Սմիթսոնիըն հաստատութեան մէջ կը գտնէ նոյն Քուրանէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ նոյնէն նմոյշներ Ուոլթըրզ արուեստի թանգարանին եւ Փարիզի Հանրի Վէվըրի հաւաքածոյին մէջ: Նահր էլ Քելպի կամուրջին նորոգութեան ատեն, Նինա Ճիտէճեան կը յայտնաբերէ էմիր Այթմիշի որմնանկարը, քանդակուած գետափի նշանաւոր մէկ պատին վրայ:

Պատմաբանի իր երկարամեայ կեանքին ընթացքին Նինա հետեւողական ու յարատեւող էր իր պրպտումներուն եւ գործերուն մէջ. անոր բոլոր իրագործումները անգնահատելի են:

Ան կը պատմէ նաեւ Մակեդոնիոյ Կղէոպատրա Թէա անունով թագուհիի մը մասին, որ կ’ամուսնանայ երեք սելեւկեան թագաւորներու հետ եւ կը սպաննէ անոնցմէ մէկը: Ան կ’ունենայ ութ զաւակներ, կը փորձէ զանոնք ալ սպաննել, որպէսզի միահեծան իշխէ այսօրուան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի տարածքներուն վրայ: Իր երեսնամեայ իշխանութեան շրջանէն, թագուհին ձգած է շատ արձանագրութիւններ՝ անմահացնելով իր իշխանութեան ժամանակաշրջանը:

Նինա Ճիտէճեան կը գրէ որ Ճիւփիթըրի տաճարը կանգնած էր ինը հսկայական սիւներու վրայ, որոնք դեռ գոյութիւն ունէին երբ իրլանտացի հնագէտ Ռոպերթ Հուտ (1707-1715) այցելած է Պաալպէք: 1759-ի երկրաշարժին, սիւներէն երեքը կը փլին ու այսօր միայն սիւներէն վեցը կանգուն կը մնան:

Նինա Ճիտէճեան կ’ըսէ որ հնագիտութիւնը անգնահատելի եւ լայնածաւալ ասպարէզ մըն է պատմական անսպառ տեղեկութիւններու եւ հայրենական ժառանգութեան: Մենք ամէն գնով պէտք է պահպանենք զայն այսօրուան ու վաղուան համար, մեզի ու գալիք սերունդներուն  համար: Թէեւ Նինան վերջին քանի մը օրերուն մեզմէ բաժնուեցաւ անդարձօրէն, բայց մենք միշտ պիտի յիշենք դէմքին ժպիտը, կատակասիրութիւնը եւ յաւերժական լաւատեսութիւնը:

 

100% Հայը Եւ Ամբողջական Լիբանանցին

Էտկար Դաւիթեան

 

Ան չսպասեց Պսակաձեւ ժահրին: Ինքզինք արդէն մեկուսացուցած էր իր տան մէջ: երկարատեւ աշխատանք եւ պրպտումներ գրադարաններու մէջ՝ նոր գլուխ-գործոցի մը համար: Ան 95 տարեկանին փակեց աչքերը իր անկողինին մէջ, այնպիսի ժամանակ մը, երբ ամբողջ աշխարհը ցնցումի մէջ է տարօրինակ հիւանդութեան մը պատճառով: Նինա հեռացաւ այս աշխարհէն՝ խաղաղութեամբ, ինչպէս որ ապրած էր իր ամբողջ կեանքը: Սենեակին մէջ փակ դաշնամուր մը, ճաշասեղան մը՝ ծանրաբեռնուած փոշեծածկ գիրքերով ու փաստաթուղթերով: Այս մեծ տիկինը, որ ամբողջ կեանքը նուիրած էր գիրքերու, հնագիտութեան եւ պատմութեան, ջերմօրէն կ’ընդունէր իր այցելուները ձիթենիներով շրջապատուած իր Եարզէի գեղեցիկ բնակարանին մէջ, Պաապտա:

Աւելի քան 16 հատորներ վկան են անոր յիսնամեայ տքնաջան աշխատանքին արդիւնքին. գիրքեր պատմութեան եւ պեղումներու մասին, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանան երկրին փառաւոր անցեալը:

Նինա Ճիտէճեան ծնած է Պոսթոն, Մասաչուսէց: Իր խոնարհութեամբ, պարզութեամբ, վայելչութեամբ ու անկեղծութեամբ նշանաւոր անձ մըն էր: Հմտութեամբ ու խորաթափանցութեամբ, ան իր գործերը կատարելութեան հասցուցած էր: Ան պարզ ու հասկնալի լեզուով Լիբանանի քաղաքներուն հին ու փառաւոր պատմութիւնը ներկայացուց լայն հասարակութեան:

Ահա թէ ինչ կ’ըսէ Նինա Ճիտէնեան ինքն իր մասին:

«1969 թուականին AUB համալսարանը զիս ուղարկեց շրջապտոյտի մը դէպի Սան Ֆրանսիսքօ եւ Նիւ Եորք՝ դասախօսութիւններ տալու Լիբանանի պատմական քաղաքներ՝ Պիպլոսի եւ Տիւրոսի մասին: Նիւ Եորքի մէջ, դասախօսութեան ներկայ էր այդ ժամանակուայ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան քարտուղար Ու-Թանկը:

երբեք չդադրեցուցի աշխատանքս. կը հրատարակէի գիրք գիրքի ետեւէ. ոմանք թարգմանուեցան ֆրանսերէնի, աղջկաս՝ Տենիզին եւ այլ բարեկամներու՝ Այտա Օսէյլիի եւ Ռուզէլին Էտտէի կողմէ: Վերջին գիրքս հրատարակուեցաւ 2007-ին Եուքի Փրեսի կողմէ, «A Young Person’s Guide to ancient Lebanon» (Հնադարեայ Լիբանանի մասին երիտասարդի մը ուղեցոյցը), որ յետոյ թարգմանուեցաւ արաբերէնի: Ես գիտնականի ճամբով կ’ընթանամ, պատմաբան մըն եմ որ կու տայ պատմութեան բոլոր աղբիւրները, կ’արձանագրէ կատարուածները եւ զանոնք բնաւ չի մեկնաբաներ: Իմ պրպտումներս կ’ընեմ, ամբողջովին առանձնացած եմ անցեալին մէջ: Պէտք է ըսեմ որ նոյնպէս հետաքրքրուած էի հայոց հնադարեայ պատմութեամբ. կը սիրէի գրել Տիգրան Բ. Մեծի մասին: Միակ գիրքս, որ պատմութեան չի վերաբերիր, ամուսնոյս կենսագրութիւնն է որ գրած եմ անոր մահէն ետք: Հակառակ գիտութեան մերօրեայ մեծ յառաջդիմութեան, համակարգիչ չեմ գործածեր եւ գիրքերս կը մեքենագրեմ ձեռքովս, որպէսզի չըսուի, թէ մեքենական աշխարհին մաս կը կազմեմ: Կը սիրեմ առանձնութիւնը, լռութիւնը, դասական երաժշտութիւնը եւ հին յունական գրականութիւնը»:

Նինա կը յորդորէր Լիբանանցիները որ սորվին իրենց երկրին անցեալի փառաւոր պատմութիւնը: Միակ բանը որ կը յարատեւէ կեանքին մէջ, դրամը չէ, այլ շրջապատին յարգանքը, ըլլալ ճշմարիտ, համեստ, խոնարհ, պայծառամիտ եւ ոչ թէ խաբեբայ ու յոխորտացող:

Խաղաղութիւ՜ն այս մեծ կնոջ հոգւոյն, որ քաջութեամբ արձանագրեց իր տողերը, կտակելով մեզի բարի խրատներ, որ այնքան կարեւոր են մեր կեանքին համար:

 

Թարգմանեց եւ համադրեց`

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին