Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

«Պահանջատիրութիւնը Մեր Ժողովուրդին Համար Լոզունք Չէ, Այլ Ամենօրեայ Տագնապ, Ապրում Ու Ձգտում Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 24-ի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր զանգերը ղօղանջեց 24 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն՝ նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-ամեակը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։

 

Յընթացս Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Խորան բարձրացաւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը։ Ան ըսաւ, որ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող թուական մըն է, միաժամանակ ան իր մէջ կը բովանդակէ ու կը մարմնացնէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կամքն ու անխորտակելի հաւատքը. «ահա թէ ինչո՛ւ սովորական օր մը չէ այս օրը՝ խորհուրդ մըն է մեր կեանքը իմաստաւորող, պատգամ մըն է մեր կեանքին ուղղութիւն ու նպատակ տուող»։

 

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Ապրիլ 24-ի խորհուրդով շաղախուած է իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու գոյութեան պայքարը եւ աւելցուց, որ «հայ դատը հայ ժողովուրդի՛ դատն է։ Քո՛ւ դատդ է, ժողովո՛ւրդ հայոց, եւ հետեւաբար հայ դատը մե՛նք պիտի շարունակենք համահայկական մաշտապով, համահայկական գործակցութեամբ, համահայկական կամքով եւ վճռակամութեամբ»։

Իր պատգամի ընթացքին, Հայրապետը բազմիցս յորդորեց ըլլալ իրապաշտ ու կազմակերպ՝ մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, որոնք ցաւոք սրտի հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւներու տնտեսական ու քաղաքական շահերու վրայ։ «Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, դժբախտաբար, թուղթի վրայ մնացած է, իսկ ազգերու իրաւունքները եւ Աստուածատուր արդարութիւնը մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուին»։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ դատին այժմէականացման եւ իրաւական հիմքերով քաղաքականացման հրամայականին եւ շեշտեց դերակատարութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքին՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մօտեցումներով. «Մենք մէ՛կ դատ ունինք. այդ դատը Հայաստանի՛ դատն է, մեր ազգի՛ն դատն է, մեր եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հայո՛ւն դատն է։ Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, վերանորոգ հոգիով եւ հաւատքով պէտք է շարունակենք մեր դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներէն ներս՝ ընդարձակելով մեր բարեկամներու շրջանակը, ծաւալելով մեր քաղաքադիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ միշտ շեշտը դնելով քաղաղաքան եւ իրաւական տարածքներուն վրայ»։

Շարունակելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդծեց պահանջատիրական պայքարի ոգիին ու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը. ան ըսաւ. «Մենք իրաւազրկուած ժողովուրդ ենք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս իրաւազրուած է, իր պատմական հողերէն, կալուածներէն դուրս դրուած է։ Սա պատմութեան էջերուն չի պատկանիր միայն։ Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լոզունք չէ՛՝ այլ ամենօրեայ տագնապ, ապրում եւ ձգտում է»։ Ան յիշեցուց, որ անկարելի է պահանջատիրութիւնը պատմութեան էջերուն յանձնել՝ մանաւանդ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր արարքը՝ իւրացնելով ազգապատկան մեր կառոյցներները, փոխելով անոնց նկարագիրը ու ոչնչացնել փորձելով ամէն տեսակ հայկական հետք, ու հարց տուաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նման միջազգային մշակութային հարստութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւններու լռութեան պատճառը՝ ի տես մշակութային ցեղասպանութեան։

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերանորոգելու պահանջատիրական հաւատքը, կամքը վճռակամութիւնն ու յանձնարութիւնը, եւ այդ ոգիով շարունակելու պայքարը, հաւաքական պայքարը հայութեան՝ ի խնդրի մեր անիրաւուած ու բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու կառոյցներուն ներկայացուցիչներ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին կանգնեցուած Սփիւռքի մէջ առաջին յուշարձան՝ Սրբոց Նահատակաց մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին