Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Դաս, Դաս Եւ Դասեր…

Դպրոցէն մեզի առցանց թելադրուած դասերը չեն ասոնք, չէ՛, երբեք, այլ
«մարդկութեան գլխուն եկած աս պատուհասէն մեր քաղելիք դասերը…»։

Բոլորը մեր ուշադրութեան կը յանձնեն մեր չանդրադարձած այս արժէքաւոր դասերը, մեծահոգաբար մտածելով որ մեր մտային ու հոգեւոր պատրաստուածութիւնը հաւանաբար բաւարար չէ՛, անոնց պէս, տուեալ իրողութիւնները դիտելով, քննելով ու վերլուծելով այս եզրայանգում – դասերուն հասնելու համար…

Պէտք է խոստովանիլ. Չօգտուեցա՞նք մէկ ամիսէ ի վեր լրատուամիջոցները խուժած այս հեղեղէն։

Չէինք գիտեր մենք, օրինակ, եւ նոր անդրադարձանք որ անկարո՛ղ ենք եւ մահը որքա՜ն մօտ է «եղեր»…

Չեմ գիտեր, շատ անգո՞ւթ պիտի ըլլամ, եթէ, -երանի ձեզի- ըսեմ բոլոր անոնց, որոնք նո՛ր հասկցան այս անժամանակ, մարդու ծնունդին հետ սկիզբ առնող եւ հետը ապրող մահուան պարզ եւ անվիճելի իրականութիւնը…

Ե՞րբ հեռացած էր մահը որ մօտեցած ըլլայ… մեզմէ ո՞վ կրնայ վստահիլ որ յաջորդ վայրկեանին շունչ պիտի առնէ….

Բայց ճի՛շդ է, դիտելով գիտնալը բան մըն է, սրտակցելով հասկնալն ու գիտակցիլը ուրիշ բան, աս բոլորէն վերջ ընդունիլը, կամ չընդունիլը, լրիւ-լրիւ տարբեր բաներ են։

Այո՛, այլ բան է ֆէյսպուքի էջի մը վրայ դրուած մահազդին տակ RIP (հանգիստ ննջէ) գրել, եւ այլ բան է գիշերը գաղտնաբար շնչելը քննածդ, խնամածդ ու փայփայածդ հարազատ մը խաղաղօրէն, հողին յանձնել։

Այլ բան է իրօ՛ք ընդունիլ որ նիւթական թէ հոգեւոր, բոլոր նուիրումովդ անզօր ես եւ ժամանակն է այլեւս…

Այլ բան է մէկ վայրկեան առաջ, վաղուան ընելիքներուն մասին խօսած պահուդ, յանկարծ, առանց հրաժեշտի, հարազատ մը չգտնել։

Այլ բան է կորսնցուցածիդ հոտը զգալ, եւ անոր այլեւս չեղող ձայնն ու ծիծաղը լսել։

Այլ բան է նահատակ զինուորի մը դագաղը դրօշակով փաթթել եւ անոր հարազատներուն առաջարկել չտխրիլ։

Այլ բան է, շատ յաճախ, մտածել որ անժամանակ մահացած մեր մանուկները կը մեծնա՞ն հո՜ն, թէ՞ մեր գիտցածին պէս պիտի վերագտնենք զանոնք, օր մը, երբ միանանք…..

Մահուան մօտիկութիւնը չգիտակցող, դաս տուողներ, ի՛նչ ըսեմ. երանի՜ ձեզի, եթէ այս բոլորը չէք ապրած ու զգացած դուք….

Մահուան վերաբերող այլ իրականութիւն մըն ալ մեզի հրամցուեցաւ այս օրերուն,- որ կրնանք հանգիստ ըլլալ, քանի որ տարեցներն ու մնայուն հիւանդութիւններ ունեցողներն են, որոնք առաւելաբար ենթարկուած են վարակուելու։

Այսինքն խնդիր չէ՞, տարեցները կամ հիւանդները թող մեռնի՞ն, կարեւորը երիտասարդները եւ առողջները շարունակեն ապրիլ։

Որո՞ւն կրնան օգտել այսպէս մտածող անսիրտ երիտասարդներն ու տմարդ առողջները։

Այսպէս պիտի մտածէի՞ն այս «բարի» յուսատուները, եթէ իրենք ալ «անկարեւոր մարդոց» ցուցակներուն մէջ ըլլային կամ թէկուզ անոնց մէջ հարազատ մը ունենային…

Կը կասկածիմ եւ կը ցաւիմ- ա՞ս ենք մենք։

Մենք կ’ըսեմ, քանի որ մեզի տրուած կարեւոր դասերէն էր նաեւ այն, որ բոլո՛րս հաւասար ենք։

Բոլորս մեղաւոր ենք Երկիր- մոլորակին եւ բնութեան հանդէպ մեր գործած մեղքերուն համար, եւ ըստ երեւոյթին բնութեան դառն ու արդարացի վրէժն է այս վիճակը, որուն մէջ յայտնուած ենք բոլորս՝ հաւասարապէս, ինչպէս «բացատրուեցաւ» մեզի…

Բնութենապաշտ բարեկամնե՛ր,

Հաւատացէք, որ շատերուս սիրտը կը ցաւի՛, երբ կը տեսնենք ովկիանոսի կէտերուն որովայնէն ելած կամ ծովային կրիաներուն վիզին շուրջ փաթթուած, բնութիւնը հաւատարմօրէն չպաշտպանող մարդոց կողմէն անփութօրէն հոն նետուած կերպընկալի (plastic) կամ նայլընի քանակը։

Մենք ալ կը մտահոգուինք, երբ կը տեղեկանանք որ 2050-ին, եթէ մինչեւ այդ ապրինք, ծովային կենդանական կեանքը լրժօրէն վտանգուած պիտի ըլլայ, օրինակ, եւ օր մը, անշուշտ՝ ուշացած, պիտի անդրադառնանք որ խմելիք ջուր չունինք եւ շնչելիք օդ։

Այո՛, մեղաւոր ենք բոլորս հաւասարապէս եւ դաժա՛ն են մեր ըրածները մայր բնութեան նկատմամբ։

Շատ արդարացի.

Հապա մարդկութեան, մե՛ր հանդէպ մեր ըրածները՞։

Բոլորս մանրամասնօրէն տեղեկացուեցանք ո՛չ մէկ ատեն մեր չհետաքրքրուած, տարեկան հարբուխի, թոքաբորբի, շաքարախտի, քաղցկեղի, էյտծի, սրտի կաթուածի, վթարներու եւ այլ պատճառներով մահացողներու մեծ թիւերով, որոնց մասին, անշո՛ւշտ, այս զգուշացումներուն եւ պաշտօնական տեղեկանքներուն 0.01%-ը չէինք տեսած։

Բայց մենք ի՛նչ մեղք ունինք անոնց հանդէպ,- կրնանք մտածել ու անցնիլ։

Այո՛, միշտ ալ կարելի է անցնիլ… բայց չմտածելով. անտարբեր։

Անօթութենէն մահացող տարեկան միլիոնաւոր թիւ հաշուող մանուկներու այս մոլորակին վրայ, մեր «աւելորդ» իւղերը հալեցնելու համար, կտոր մը կաշիի վրայ հեւալով քրտինք չե՞նք թափեր։

Հեռաւոր Արեւելքի մէջ անչափահաս աղջնակները, անգթօրէն  որպէս սեռային ստրուկ չե՞ն ծախուիր։

Աշխարհի ոսկիի արտահանումին շուրջ  90%-ը Ափրիկէի մէջ կատարուելով հանդերձ, ցամաքամասին մեծամասնութիւնը սովէն չի՞ տառապիր։

Նոյն Ափրիկէէն ելած ադամանդներու քանակը ամբողջ ցամաքամասի սովի խնդիրը լուծելու չի՞ բաւէր։

Հանրայայտ starbucks-ին «յատուկ» սուրճին սրճահատիկը քաղող հողագործը, այդտեղէն գաւաթ մը սուրճի գինին համազօր գումարի մը համար օրերով չաշխատի՞ր։

Աշխարհահռչակ ընկերութիւններու գող ղեկավարներուն կենսագրականները, մեզի որպէս «կամքի եւ յաջողութեան ուղիներ» չե՞ն ներկայացուիր։

Նոյն այդ ղեկավարներու/ մարդոց շահերուն համար, նորաձեւութեան ենթադրական համաստեղութեան մէջ, Barbie – կնոջ անսխալական օրինաչափութիւններուն ձգտող կանայք, բոլոր կանայք այլեւս իրար չե՞ն նմանիր։

Դեղնորակ կնոջ «աւելի գեղեցիկ» ըլլալուն համար, Ասիոյ մէջ տարեկան հարիւր հազարաւոր կանայք, հետեւողականօրէն մաշկը ճերմկցնող օճառներ եւ քսուկներ չե՞ն գործածեր։

Եւ դեռ աւելին ու աւելին….

Բոլորս հաւասարապէս մեղաւոր չե՞նք նաեւ այս մեղքերուն դիմաց. ասոնք ալ «ժահր»եր չե՞ն։

Մեզի մեր «ձեռքերը լուալ» սորվեցնող բազո՛ւմ տեսերիզներուն կէսին, քառորդի՜ն չափ, աս երեւոյթները բացայայտող տեսերիզներ ալ չէի՞ն, չե՞ն կրնար ըլլալ։

Ահա ամենացաւալին.

Սորվեցանք, անկասկած, ինչպէս մեր ձեռքերը ճիշդ ձեւով լուանք ու «մաքուր» մնանք, բայց միւս, առաջարկուած տեսերիզները, նոյնիսկ եթէ՜ ըլլան եւ զանոնք դիտենք, ի՞նչ պիտի փոխուի։

Այսպէ՛ս, տունը մնացինք ու կը մնանք ապահով, բայց դժգոհ. օրական «կենդանի ձայն»ով համերգ եւ նոյնիսկ՝ համերգներ կ’առաջարկուին մեզի. դժգոհ ենք։ Համերգներ կան, որոնց շատերս այս «ժահրէն» առաջ ու վերջ, երեւի չկարենայինքներկայ ըլլալ…

Այո՛, շնորհակալ ըլլալովս հանդերձ, զարմացած եմ այս գեղեցիկ երեւոյթը տագնապի մը հետ կապելու իրողութենէն.

Այսօր, ճիշդ է, ապահով մնալու համար միլիոններ տունը նստած են, բայց ասկէ առաջ չկայի՞ն մարդիկ, շատ եւ դարձեալ միլիոնաւո՛ր մարդիկ, տարեցներ, թոշակառուներ, հիւանդներ, որոնք ոչ թէ առողջ մնալու համար, այլ պարզապէս տունէն ելլելու, համերգը կատարուող քաղաքը ճամբորդելու, եւ նոյնիսկ նոյն քաղաքին մէջ՝ համերգին տոմսը գնելու անկարող են…

Որքա՜ն գնահատելի նախաձեռնութիւն պիտի ըլլար տեսնել այս մեծ երգիչներն ու երաժշտահանները, դատարկ դահլիճներուն, բակերուն ու պարտէզներուն մէջ երգող ու նուագող երգչախումբերն ու նուագախումբերը, երբեմն, թէկուզ տարին անգամ մը եւ ոչ ամէն օր, նման գեղեցիկ սիրայօժար նախաձեռնութեամբ  մը այդ մարդոց ալ անդրադարձած ըլլային…

Այնուամէնայնիւ դժգոհ ենք։

Համացանցին մեզի նուիրած բոլո՜ր բարքերը անտեսելով՝ դժգոհ ենք։ Ճիշդ է, նոյն այս բարքերուն պատճառով է որ նաեւ շփոթի մատնուած ենք, մեզի ներկայացուած հակասական գիտելիքներու թոհ ու բոհին մէջ, բոլորս մոլորած կը մտածենք, կ’ենթադրենք, կը համոզուինք, չենք համոզուիր, բայց դժգոհ ենք… հապա ի՞նչ պիտի ընէինք, եթէ ապրէինք այն ժամանակաշրջանին, երբ մարդիկ երկնքին մէջ, տեղ մը, կուտակուած գիշատիչ թռչուններու գոյութենէն կ’ենթադրէին եւ ոչ՝ կը գիտնային մեռելներու առկայութիւնը….

Դժգոհ ենք եւ շատերը կը պատկերացնեն որ տունը մնալու այս ապահով օրերը անցնելէն ետք, մարդիկ ինչպէս վերստի՜ն, կարօտով դուրս պիտի վազեն։

Կը հարցնեմ. ինչո՞ւ։

Ինչո՞ւ այդքան դժուար է տունը մնալ. ինչո՞ւ անզօր ենք, մեր տան մէջ մնալու եւ մեր ներսի աղմուկն ու լռութիւնը լսելու։ Մերը չէ՞ հոն ամէն ինչ։ Մեր պատերը չե՞ն անոնք՝ նիւթական թէ հոգեւոր։

Շուարած ենք, առանց դպրոցներուն, առանց մեր դասատուներուն
անփոխարինելի թելադրութիւններուն, անոնց հաստատած կարգ- կանոնին, օրէնքներուն եւ հեղինակութեան….

Հեռուէն երեւցող, առանց պտոյտներու, առանց մօլերու, ակումբներու, խաղավայրերու եւ աւազաններու, զգոյշ ու վերապահօրէն անցուելիք ամրան ուրուագիծը, մղձաւանջ մը կը թուի ըլլալ….

Անզօր ենք տունը մնալու.

Անզօր, քանի որ, այսօրուան մեզի առաջարկուած լուսաւոր, պերճ ու շռայլ, բայց կեղծ ու անցողիկ դուրսին դիմաց, ուրեմն, զօրութիւն մըն է մենք մեզի հետ մնալը։

Այո՛, դժուար է տունը մնալ ու հայելիին նայիլ, ո՛չ թէ դուրսին համապատասխան չափանիշերով շպարուելու, այլ մենք մե՛զ դիտելու. դիտելու եւ տեսնելու…

Եւ…փոխուա՞ծ է հարցումը արդեօք.

Ինչո՞ւ կը վազենք, ի՞նչ կը փնտռենք, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Ո՞րքան գիտցած ենք, փաստօրէն, մեր կեանքին կամ միւս կեանքերուն մասին…

Զգալը, աւելի ճիշդ՝ կարենալ զգալը չէ՞, ուրեմն, էականը. մեզի տրուածն ու վիճակուածը, մէջը գտնուած մեր պահը մինչե՜ւ վերջ զգալ, փշաքաղուիլ, դողալ ու լալ. ամենասկիզբէն, բոլորիս ամենալաւ ըրած բանը ընել։

Չե՞նք կարօտցած իրօ՛ք զգալը։

Մեզմէ քանինե՞րը կը յիշեն այս զգացումը. անկեղծօրէն զգալը։

Մեր «յաջողութիւն» անուանած, ո՛չ միայն մեզի, այլեւ ուրիշներո՛ւն ալ իբր թէ մխիթարող այդ բաները….

Չե՞նք յոգնած իսկութեան մէջ մերը չեղող այս բաներէն…

Ժամանակը չէ՞ այլեւս վերադառնանք մենք մեզի….

 

Յ.Գ. Նկարը ռուս գեղանկարիչ Ալեքսէյ Սունտուքովի «Հերթը» կտաւն է։

Top of Form

Bottom of Form

 

ՍԵՒԱՆ ՍէՄէՐՃԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին