Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կաթողիկոսարանիս «Ուխտի Օր»ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ համայն մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար Անթիլիասի «Ուխտի Օր»ը իւրայատուկ ու յատկանշական է, որովհետեւ Կաթողիկոսարանիս «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր Տաճարին անուանակոչութեան տօնն է։ Նշելի է, որ այդ ամբողջ շաբաթը կը կոչուի նաեւ Ուխտի Շաբաթ, այսինքն եկեղեցական արարողութիւններով հարուստ, մանաւանդ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագներով նուիրուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակին։ Սոյն Կիրակին, որ Մեծ Պահոց Քառասնօրեայ Պահեցողութեան Կիրակիներու շարքին վեցերորդն է, Գալստեան Կիրակի կամ Տիրոջ Գալուստի Կիրակի կը կոչուի։ Պատարագի ընթացքին Մայր Տաճարի մուտքին կը կազմուի շքեղ թափօր, բարձր հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Սեղբեստրոսի եւ Ս. Նիկողայոսի Աջերով եւ այլ Սուրբերու մասունքներով, մասնակցութեամբ Միաբան Հայրերու եւ ներկայութեամբ Քահանայ Հայրերով եւ հաւատացեալ ժողովուրդով։ Ամբողջ Կաթողիկոսարանիս շրջափակը դառնալով հաւատացեալ ժողովուրդը կը ստանայ Ս. Աջին եւ այլ Սուրբերու մասունքներու օրհնութիւնները։

            Այս աջերը, որոնք ոսկեզօծ կամ արծաթապատ են, շատ մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Անոնց մէջ կը գտնուին յիշեալ սուրբերէն մասունքներ. այս պատճառով ալ Ս. Խաչէն եւ Ս. Աւետարանէն ետք, ամէնէն մեծ սրբութիւնները կը ներկայացնեն մեր եկեղեցւոյ համար։ Ասոնց մէջէն արդար եւ իրաւ կ’ըլլայ, երբ առանձնացնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, որ իր հաւատացեալ ժողովուրդին նման բաւական տագնապալից ու տառապալից կեանք մը ապրած է։ Ան կը խորհրդանշէ Կաթողիկոսական իշխանութեան շարունակութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ մեր օրերը։  Որպէս աւանդութիւն, աւելի քան 90 տարիներ ետք, այժմ կը գտնուի Ս. Աթոռոյս Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեան տակ։

            Ուխտի տօնախմբութիւնը Անթիլիասի մէջ հաստատուեցաւ 22 Մարտ 1931 թուականին, երբ աքսորական Կիլիկեան Աթոռը կայք հաստատեց Անթիլիասի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երանաշնորհ Հայրապետներէն՝ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան եւ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսները հաստատեցին Ուխտի Օրը։

            Նշեալ տարիէն սկսեալ մինչեւ օրս, արդէն մեր ժողովուրդը ջերմեռանդութեամբ եւ առաւել եռանդով կը մասնակցի այս հոգեպարար եւ զմայլելի տօնախմբութեան՝ իր պահեցողութեամբ ու աղօթքներով։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներէն անմասն չմնալու համար, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց բնակարաններէն քալելով եւ երբեմն ալ ոտաբոպիկ, կ’ուղղուին Սուրբին անուամբ կառուցուած Մայր Տաճարը, Կաթողիկոսարանիս շրջափակին մէջ, Անթիլիաս, ճամբու ընթացքին մրմնջելով աղօթքներ ու Սուրբին նուիրուած շարականներ երգելով…։ Մեր ժողովուրդը մեծ հաւատք կ’ընծայէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի զօրութեան ու անոր բարեխօսութեան։ Այսպէս, ամէն տարի բազմաթիւ մամիկներ ու կիներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, դպրոցականներ եւ սկաուտներ, Ուխտի Տօնին կը մասնակցին։ Երէց սերունդի կողքին, վերջերս քաջալերելի երեւոյթ դարձած է երիտասարդներու մասնակցութիւնը հսկումէն ետք մինչեւ առաւօտ գիշերել Մայր Տաճարին մէջ իբրեւ ուխտաւոր, աղօթքով ու սաղմոսասացութեամբ։

            Մեծահանդէս հանդիսաւոր թափօրի ընթացքին, Վեհափառ Հայրը Սուրբին Աջին օրհնութիւնը կը բաշխէ հաւատացեալ ներկաներուն, Սուրբին Աջով կը կատարուի հանդիսաւոր ջրօրհնէք, ապա Ս. Պատարագի աւարտին, աջերը կը դրուին խորանին կեդրոնը, որպէսզի հաւատացեալները մինչեւ ուշ գիշեր գան, խոնարհին անոնց, ապա հայցելով անոնց հրաշագործ զօրութիւնն ու օրհնութիւնը։ Այսպէս, կը յիշուի թէ բազմաթիւ հաւատացեալներ ձերբազատուած են իրենց հիւանդութիւններէն, երբ անոնք աղօթած են Սուրբին ու հաւատքով խոնարհած, համբուրած Սուրբ Աջը։ Պէտք է ըսել, թէ ո՛չ միայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարածքին վրայ գտնուող մեր ժողովուրդը կ’օգտուի այս սրտառուչ առիթէն, այլ ընդհակառակը, մենք կ’ունենանք նաեւ օտար երկրամասերէ՝ հեռաւոր Ամերիկաներէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Ծայրագոյն եւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն ու մինչեւ Հայաստանէն հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը, օտար համայնքի պատկանող անհատներ, որոնք Ս. Լուսաւորչի Աջը համբուրելով կը վերանորոգեն իրենց Հայկական ու Քրիստոնէական ամուր ու աննկուն հաւատքը։

            13 տարիներ առաջ, 2007 թուականին, պատմական օրեր արձանագրուեցան Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռի կեանքէն ներս։ Ս. Աթոռոյս Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գեղեցիկ մտայղացումով, Կաթողիկոսարանիս Մայր Տաճարին հիւսիսային կողմը Երրորդութեան խորանին վրայ զետեղուեցաւ Մեր Հաւատոյ Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս միւռոնով օծեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վիմակերտ սրբատուփը՝ ի մխիթարութիւն հաւատացեալներուն։

Այս տարի, դժբախտաբար, «Corona» ժահրի ահաւոր ու սարսափելի հետեւանքներուն պատճառով, մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի չկարողանան ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ հոգեպարար արարողութեան, սակայն, ինչպէս իմացանք եւ գիտենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի թելադրութեամբ եւ որոշումով, մեր ժողովուրդի զաւակները, նոյն օրը, յետմիջօրէին պիտի ունենան առիթը առանձնաբար եւ իրենց ընտանիքի անդամներով այցելելու եւ մօտենալու Ս. Խորանին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջին օրհնութիւնը ստանալու, ինչպէս նաեւ առիթը պիտի ունենանք արդի ժամանակներու լսա-տեսողական միջոցները օգտագործելով եւ դիտելով, անգամ մը եւս վերանորոգելու մեր ուխտը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին հանդէպ եւ անոր բարեխօսութիւնը հայցելով՝ որ բոլոր տեսակի չարիքներն ու հիւանդութիւնները վանէ՛ մեզմէ եւ Իր Օրհնութիւնն ու Ս. Աջը երկարէ մեր վրայէն։ 

Հետեւաբար, եկէք մենք եւս նորոգենք մեր հայրերուն մեզի կտակած անխախտ ուխտն ու հաւատքը, հաւատարիմ մնալով ու աշակերտելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, ջահակիրը հանդիսանալով մեր ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդի նուիրական առաքելութեան եւ հաղորդուելով մեր ազգային ու հոգեւոր սրբութիւններուն հետ՝ կառչելով մեր աւանդութիւններուն։

 

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին