Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Յիշենք եւ Ստեղծագործական Նորանոր Յաջողութիւններ Մաղթենք՝ Այժմ Ամերիկայի Մէջ Ստեղծագործող, Լիբանանահայ Թատրոնի Վարպետներէն՝ Գրիգոր Սաթամեանին

* Դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ եւ թատերագէտ Գ. Սաթամեան, իր թատերական առաջին քայլերը կ’առնէ Պերճ Ֆազլեանի ղեկավարած՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին մէջ, դերեր ստանձնելով թատերախումբի հիմնադրութեան օրէն(1959) մինչեւ 1975։ Դառնալով նաեւ նոյն խումբի բեմադրիչներէն մէկը։

* Գ. Սաթամեան բեմադրած է 75 է աւելի թատերախաղեր, բեմ բարձրացած է 80 է աւելի կերպարներով, նաեւ կատարած է 20 է աւելի փիէսներու թարգմանութիւն։

1964 ին, Սաթամեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը աւարտելէ ետք (BA), կը մեկնի Անգլիա եւ կը մասնագիտանայ London School of Film Technique դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ կը մասնագիտանայ Անգլիոյ Bristol Old Vic Theatre School ի մէջ ու կը վկայուի որպէս դերասան-բեմադրիչ։

* 1968 ին կը վերադառնայ Պէյրութ, կը ստանձնէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը, միեւնոյն ատեն կը պաշտօնավարէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս որպէս թատրոնի դասախօս։ Նոյն շրջանին կը հիմնէ նաեւ, ՀԵԸ ի «Վ. Փափազեան։» թատերախումբի «Թատերական Դպրոց» ը ու կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ ի վարժարաններուն մէջ։

* 1967-1975 թթ. Պէյրութի ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբով բեմադրած է՝
«Ստախօսը», «Բազում Աղմուկ Վասն Ոչինչի», «Կասկածը Կնոջ Մտքին Մէջ», «Տիկնոջ Հանգուցեալ Մայրը», «Մթին Կատակերգութիւն», «Փոխվրէժ», «Մեծապատիւ Մուրացկանները», «Վարժապետին Աղջիկը», «Ստահակի Մը Օրագիրը», «Սիրանօ Տը Պերժըրաք», եւ այլ գործեր։

* 1972 ին, Սաթամեան ՀԵԸ ի «Վ. Փափազեան» թատերախումբը շրջապտոյտի կը տանի Հայաստան։ Խումբը այլ տարիներուն ելոյթներով հանդէս կու գայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Վալսի, Մարսէյլի, կիպրոսի եւ այլ բեմերու վրայ։

* 1976 ին Սաթամեան վերջնականօրէն կը մեկնի Ամերիկա, կ’աշխատի Օֆ Պրոտուէյի մէջ որպէս բեմադրիչ։

* 1977 ին կը միանայ ՀԲԸՄ ի անձնակազմին, հանդիսանալով միութեան Գեղարուեստական Տնօրէնը, որմէ ետք կը հիմնէ զանազան թատերախումբեր Տիթրոյթի, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ։

* Սաթամեան 40 տարուայ ընթացքին Ամերիկայի մէջ բեմադրած է 55 թատերախաղեր, 3 օփերաներ, 5 stand-up comedies եւ այլ գործեր։

* Ունի պարգեւատրումներ՝

2011 ին կը ստանայ Armenian Diaspora Ministry’s William Saroyan մետալը։

Նոյն տարին (2011), կը պարգեւատրուի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ «Ոսկի» մետալ ով։

նոյն տարիներուն կը ստանայ Լոս Անճելըսի City Council Chambers ի շքանշանը։

2018 ին, ՀԲԸՄ ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը կը պատուէ զինք իր 40 տարուայ թատերական գործունէութեան համար։

* Գ. Սաթամեան նկարահանուած է շատ մը ֆիլմերու մէջ։ Իր մասին բազմաթիւ գնահատական կարծիքներ կան հայ թէ օտար մամուլին մէջ։

* Գրիգոր Սաթամեան, Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի եւ Վարուժան խտըշեանի կողքին, իր գնահատելի աշխատանքը տարած է ի նպաստ լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին։

* Վ. Խտըշեանի եւ Գ. Սաթամեանի Լոնտոնէն վերադառնալէն ետք, լիբանանահայ թատերական շարժումը անկիւնադարձ մը ունեցաւ, եւ սկսան բեմ բարձրանալ բոլորովին նոր ոճի եւ որակի թատերախաղեր։

Վարձքդ կատար սիրելի բեմի վարպետ Գրիգոր Սաթամեան, քեզի կը մաղթենք նորանոր բեմադրութիւններ։

Յարգանքներս,

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին