Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Տիապ Պսակաձեւ Ժահրի Դէմ Պայքարի Կարգ Մը Միջոցառումներու Մասին Յայտարարեց. Վարակի Նոր Զոհ Լիբանանի Մէջ

Իտալիայէն, Հարաւային Քորէայէն, Իրանէն եւ Չինաստանէն եկող օդանաւային թռիչքները պիտի չարտօնուին յայտարարեց Լիբանանի Վարչապետ Հասսան Տիապ: Ան աւելցուց, որ նշուած երկիրներուն հետ ցամաքային թէ ծովային ճանապարհներն ալ պիտի փակուին: Տիապի յայտարարութիւնը եկաւ որպէս կառավարութեան կողմէ փորձ պայքարելու համար պսակաձեւ ժահրին սանձարձակ տարածումին դէմ, որ կը պատահի Լիբանանին մէջ:

Վարչապետը նաեւ ըսաւ, որ Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն, Մեծն Բրիտանիայէն Սպանիայէն եւ Գերմանիայէն եկող թռիչքներն ալ պիտի արգիլուին մօտ օրէն, չորս օրուայ առիթ տալով այդ երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն վերադառնալ Լիբանան եթէ կը ցանկան:

Նշենք, որ երէկ ճաշարաններու եւ սրճարաններու սենտիքան իր անդամ հաստատութիւնները որոշեց փակել ցնոր տնօրինում:

Մինչ այդ երէկ, պսակաձեւ ժահրով վարակուած երկրորդ հիւանդը մահացաւ:  Զոհը 55  տարեկան էր եւ կը կոչուէր՝ Մարուն Քարամ։ Այս բանին զուգահեռ 8 նոր վարակակիրներ եւս գրանցուեցան երէկ Լիբանանի մէջ պսակաձեւ ժահրի վարակ կրողներուն թիւը անցնելով 60ը:

Վատահամբաւ վարակին դէմ պայքարելու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ երկրի պատկան մարմիններ նպատակայարմար տեսան առժամապէս փակել Պէյրութի կեդրոնական թանգարանն ու մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր հանրային պարտէզները։

Այս մասին յայտարարութիւն ըրաւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար  Ապպաս  Մուրթատան, նշելով, որ իրենց որոշումը կարեւոր քայլ է,  պսակաձեւ ժահրին տարածումը արգիլելու համար։   

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան գլխաւոր կեդրոնատեղի համարուող Քազինօ  տիւ Լիպանը  նախորդ  գիշերուան ժամերէն սկսեալ փակեց իր դռները։

Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորեց «Քազինօ տիւ Լիպան»ի տնօրէն՝ Ռոլան Ալ Խուրին, որ նաեւ հաստատեց, որ այս որոշումը գործադրութեան դրած է երկրի նախագահէն հեռախօսազանգ ստանալէ ետք։

Ան նաեւ նշեց, որ Քազինօ տիւ Լիպանը կը համարուի երկրի զբօսաշրջութեան գլխաւոր կէտը եւ օրական կտրուածքով այնտեղ կը  յաճախեն  շուրջ 4000  անձեր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին