Երէկ Մարտի 8՝ Կանանց Միջազգային Օր: Այսօր Մարտի 9՝ Լիբանանի եւ կարգ մը երկիրներու մէջ՝ Ուսուցչաց Տօն:
Հայաստանի մէջ՝ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադիր նախարարի, իր ատենի ջանքերով հաստատուած՝ Կանանց Միամսեակի մեկնարկ:
Մարտի 8-ն տօն է, որ կը նշուի միջազգայնօրէն: Ան իր հետ կը բերէ միայն համապատասխան դրական լիցքեր, խինդ, գարնանային թարմութիւն եւ ժպիտ: Այս օրը նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ տղամարդոց իրենց սէրն ու յարգանքը արտայայտելու իրենց կեանքին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող կանանց:
Երախտագիտութեան օր է այսօր մարդկային հաւաքականութեան լաւագոյն կէսին՝ կանանց, որոնք տղամարդոց հետ համահաւասար կը ծառայեն մարդկութեան` կիսելով մարդկային կեանքի բոլոր ծանրութիւններն ու դժուարութիւնները:
Այստեղ կարեւոր է նշել, որ մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին սկսելով հայկական դիցաբանութենէն մինչեւ մերօրեայ կինը, անոնք տղամարդոց կողքին կանգնած՝ կերտած են մեր պատմութիւնը: Ծնած են հերոսներ ու դաստիարակած զանոնք: Եղած են սերունդներու առաջին ուսուցչուհիները՝ հայոց այբուբենը առաջինը սորվեցնողը մեզի: Անոնք, ոչ միայն ոգեւորած եւ տաք շունչ հաղորդած են հայրենիքի սահմանները պաշտպանող մեր տղոց, այլեւ զէնքը ձեռքին հաւասար կռուած են թշնամիին դէմ՝ շատ յաճախ գերազանցելով իսկ տղամարդը:
Փառք ու պատիւ բոլոր այն կանանց, որոնք իրենց կեանքը չեն խնայած յանուն մեր ժողովուրդին խաղաղ արարման:
Այսօր ալ կանայք կը շարունակեն իրենց ներդրումը մարդկային քաղաքակրթութեան աւելի եւս զարգացման գործին մէջ: Անոնք ամէն տեղ արժանաւորապէս ղեկավար պաշտօններու վրայ են՝ իրենց սկզբունքայնութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ՝ տղամարդոց հետ հաւասար կերտելով մարդկային նորօրեայ պատմութիւնը:
Շնորհաւոր ձեր տօնը սիրելի կանայք:
Դուք այն էակներն էք, որոնք հաւասարապէս կը բաժնէք մեր ընտանիքներուն՝ մարդկային հասարակութեան այդ կենսական բջիջին հոգատարութիւնը:
Վերջապէս, ի զուր չէ, որ ըսուած է. «Կին. մեծ բառ է: Անոր մէջ կան, դստեր՝ անաղարտութիւնը՝, ընկերուհիի՝ անձնազոհութիւնը, մօր՝ սխրագործութիւնը, ուսուցչուհիի՝ վեհ առաքելութիւնը:
Փառք ու պատիւ ձեզի սիրելի կանայք: