Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայ Պատմանկարչութեան Հիմնադիրը. Վարդգէս Սուրէնեանց-160

Իրապէս հպարտանալու իրաւունք ունինք հայերս… Չնայած յաճախ ինքնաքննադատօրէն կ’ըսենք, թէ շատ կը պարծե-նանք, կամ իւրաքանչիւր տաղանդաւոր անձի ետին հայու արիւն կամ հայութեան հետ կապ մը կը փնտռենք, սակայն իրողութիւնն այն է, որ՝ այո՛,հազարաւոր տաղանդաւոր ան-հատներ զտարիւն կամ կիսով չափ հայ եղած են(եւ տակա-ւին որքան անյայտ մնացած են): Իսկ արդեօ՞ք հպարտանա-լիք չէ որ քանակապէս այսքան նուազ ազգէ մը, տարբեր եր-կիրներու մէջ, բազու՜մ հանճարներ ու տաղանդաւոր անձեր ծնած են, եւ դեռ կը ծնին. ո՛չ միայն մէկ ասպարէզի մէջ, մէկ ուղղութեամբ, այլ տարաբնոյթ բնագաւառներու, ասպարէզ-ներու մէջ, յաճախ՝ բազմատաղանդ: 

Եթէ փորձենք թուել անոնց անունները, նախ բազմաթիւ էջեր պիտի լեցուին, նաեւ շեղած պիտի ըլլանք մեր այսօրուան բուն նիւթէն:

Այսօր պիտի խօսինք հայազգի բազմատաղանդ հանճարներէն մէկուն՝ հռչակաւոր նկարիչի մը մասին, որ հայ պատմանկարչութեան հիմնադիր-հայրն է, որ խորա-պէս գիտակցելով իր ազգին, իր ժողովուրդին ցաւը, եւ որ պատմական անցքերն ու իրողութիւնները կտաւներու վերածելով՝ պատմութիւնը սերունդներուն փոխան-ցելու միտքը յղացաւ:

Գեղանկարիչ մը, որու վրձինած՝ գոյներու եւ ձեւի կատարեալ նրբութեամբ հրամցուած կտաւները պարզապէս կը գերեն գեղեցիկը գնահատող դիտողները: Եզակի արուեստագէտներէն մին, որ հայ կերպարուեստի դարաւոր մշակոյթը համաշխար-հային արուեստի մակարդակին հասցուց, նաեւ զգալիօրէն նպաստեց գծանկար-չութեան եւ գրքարուեստի զարգացումին:

Վարդգէս Սուրէնեանց -նկարիչ ու ՀԱՅ մը, որ իր կտաւներուն մէջ մանրամասնօ-րէն ներկայացուց հայոց պատմութեան կարեւոր անցքերը (իր ժամանակակից նշանաւոր նկարիչներէն ո՛չ ոք «պատմական նկարներ» ստեղծած է), բուն կերպար-ներուն հետ վարպետօրէն միահիւսելով նաեւ հայ մանրանկարչութեան գեղեցիկ զարդեր,ճարտարապետութեան ժանեկազարդ քանդակներ եւ որմնանկարներ, ազգային տարազներ՝ մէկ կտաւի վրայ միաժամանակ ներկայացնելով հայկական արուեստի քանի մը ճիւղերու բարձրակարգ եւ նրբակերտ տարրերը:

Ինքնայատուկ նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանց ծնած է 27 Փետրուար (հին տոմարով՝ 10 Մարտ), 1860-ին՝ Յակոբ քահանայ Սուրէնեանցի յարկին տակ,Վրաստանի Սամցըխէ-Ջաւախք նահանգի Ախալցխա շրջանին մէջ:

Տակաւին պզտիկ տարիքէն ան նկարել սկսաւ: Օր մը պզտիկը, իր քահանայ հօրը եւ ընտանիքին բարեկամի մը հետ Պախչիսարայ այցելեց: Ճանապարհին ան՝ հրա-պուրուելով խանական պալատի եւ շատրուանի գեղեցկութեամբ, քանի մը մա-տիտէ գծանկարներ ըրաւ, որոնք չվրիպեցան ընտանիքի բարեկամին աչքէն: Վեր-ջինս՝ անմիջապէս նկատելով ապագայ մեծ տաղանդին սաղմերը փոքրիկին մէջ, գո-վեց անոր, եւ վերջը ներկեր նուիրեց: Այս դէպքը Վարդգէսին դէպի նկարչութեան աշխարհ առաջնորդելու առիթը հանդիսացաւ:

Իսկ ընտանեկան այդ բարեկամը ոչ այլ ոք էր, քան հանրաճանաչ, տաղանդաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին: Հետագային Սուրէնեանցը Պախչիսարայ պատկերող իր ստեղծագործութիւնները նուիրեց Այվազովսքիին:

1868թ. ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Սիմֆէրոփոլ, ապա Մոսկուա:Հայրը կարգուած էր իբրեւ տեղական թեմի աւագ քահանայ եւ կրօնի պատմութեան ուսուցիչ Լա-զարեան ճեմարանին մէջ,ուր եւ Վարդգէսը նախնական կրթութիւնը ստացաւ: Այ-նուհետեւ ուսումը շարունակեց Մոսկուայի մեծ հեղինակութիւն վայելող՝ Գեղանկարչութեան, Քանդակագործութեան եւ Ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժինէն ներս, ապա՝ Միւնխէնի Գեղարուեստի Կայսերական Ակադեմիայի ճարտարապետութեան, եւ վերջապէս՝ գեղանկարչութեան բաժիններու մէջ:

Սուրէնեանցը, գիտարշաւի մը մաս կազմելով, այցելեց Պարսկաստան՝ Թաւրիզ, Թեհրան, Մազանդարեան, Շիրազ եւ Սպահան քաղաքներ, եւ այդ տպաւորութիւն-ներու ներքոյ արեւելեան թեմաներով կտաւներ ստեղծեց՝ «Հարեմին Մէջ», «Ֆիրտուսին Իր «Շահ-Նամէ» Պոէմը Կը Կարդայ Շահ Մահմուտ Ղազնեւիին», «Սալոմէ» եւ այլն: Ան ճամբորդեց նաեւ Իտալիա (Սբ. Ղազար կղզիին վրայ, Մխիթարեան-ներու մատենադարանին մէջ ուսումնասիրեց հայ գրչարուեստը եւ մանրանկար-չութիւնը), Ֆրանսա եւ Իսպանիա, որոնց տպաւորութիւններու ներքոյ ստեղծեց գեղարուեստական հոյակապ գործեր: Այցելեց նաեւ Անի (այդ շրջանին ստեղծած ա-նոր կտաւներու վայրն անյայտ է), Սեւան եւ Հայաստանի այլ վայրեր, ծանօթացաւ պատմական յուշարձաններուն, Էջմիածինի մատենադարանին մէջ՝ հայկական նկարազարդ ձեռագիրներուն:

Սուրէնեանց գեղանկարչութիւն եւ արուեստի պատմութիւն դասաւանդեց Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուր Մայր Տաճարի որմնանկարներն ու ման-րանկարները ընդօրինակեց: 

Ակադեմական բարձր կրթութիւն ստացած, հայկական եւ համաշխարհային մշա-կոյթներուն խորութեամբ տիրապետող նկարիչը,ժամանակի նշանաւոր մտաւորա-կաններէն էր,որ բնաւ չկորսնցուց իր ստեղծագործութեան ազգային նկարագիրը եւ իր իւրայատկութեամբ ու տաղանդով հարստացուց հայ կերպարուեստը: Ան ստեղծեց իր ժամանակի հայ ազգային գեղարուեստական-գաղափարական մտածելակերպն արտացոլող կտաւներ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած հայկական կոտորածները պատկերող գործերու շարք, դիմանկարներ եւ բնանկարներ: Նաեւ ստեղծեց հայկական առաջին պատմական բնանկարը՝ «Սբ. Հռիփսիմէ Եկեղեցին»: 

Սուրէնեանց մուտք գործեց կերպարուեստի գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Ան նաեւ գիր-քեր նկարազարդող, քանդակագործ, ճարտարապետ, արուեստներու հմուտ տե-սաբան,լաւագոյն գծապատկերներ ընողն ու բեմանկարիչն էր՝ արեւելահայ կեր-պարուեստի մէջ, ըլլալով նաեւ՝ լեզուաբան, յօդուածագիր, թարգմանիչ, հասարա-կական գործիչ։ Հայկական թերթերու եւ ամսագրերու մէջ հրապարակած յօդուածաշարքերով Սուրէնեանց հանդէս եկաւ նաեւ իբրեւ պատմաբան եւ ազգագրագէտ: 1883թ., Թիֆլիսի «Մեղու Հայաստանի» թերթին մէջ հրապարակեց առաջին տեսա-կան յօդուածը` «Քանի Մը Խօսք Հայկական Ճարտարապետութեան Մասին»: Ան նկարազարդեց բազմաթիւ գիրքեր՝ հայկական ժողովրդական հեքիաթներ, ռուս եւ արեւմտաեւրոպական կարգ մը գրողներու ստեղծագործութիւնները։ Սանքթ Փիթերսպուրկի Մարիինեան եւ Մոսկուայի գեղարուեստական թատրոններուն մէջ ձեւաւորեց շատ պիեսներու բեմադրութիւններ:

1892-1917թթ., նկարիչը մասնակից եղաւ Մոսկուայի, Սանքթ Փիթերսպուրկի, Թիֆ-լիսի (ուր Անդրկովկասի Արդիւնաբերական ցուցահանդէսին ոսկեայ մետալի արժանացաւ) եւ Պաքուի հասարակական ու մշակութային կեանքին, նաեւ տարբեր վայրերու մէջ՝ նկարիչներու մոսկովեան, Լէոնարտօ տա Վինչիի, Փերետվիժնիքներու Ընկերութեան 22-րդ, Քուինճիի Անուան Ընկերութիւններու ցուցահանդէսնե-րուն՝ երբեմն նոյն տարուան մէջ քանի մը ցուցահանդէսներու մասնակցելով:(Բազ-մաթիւ են անոր գործերու յետմահու կազմակերպուած ցուցահանդէսները): Սուրէնեանցի «Սալոմէ» կտաւը ցուցադրուեցաւ Միւնխէնի Գեղարուեստի Ակադեմի-այի 100-ամեակին նուիրուած եւ Վենետիկի Գեղարուեստի Համաշխարհային եր-կամեայ ցուցահանդէսներուն:

Ան մտերիմ էր Նիկողայոս Ադոնցի, Ա. Սպենդիարեանի, Ա. Ծատուրեանի, Պետրոս Ադամեանի (որուն քանի մը անգամ մատիտանկարեց), ինչպէս նաեւ ռուս նշանա-ւոր նկարիչներ Իլիա Ռէբինի, Ա. Կոլովի, քանդակագործ Ա. Մաթվէեւի եւ ուրիշներու հետ:

Սուրէնեանցը ծանօթ էր նաեւ Անթոն Փաւլովիչ Չեխովին. վերջինս անգամ մը դիմեց նկարիչին. «Յարգելի՛ Վարդգէս Աքոփովիչ, համոզուած եմ, որ միայն Դուք պէտք է պատկերազարդէք (իմ) «Ճայը» ներկայացումը: Ինձ համար շատ կարեւոր է»: Ճակատագրական առաջարկ մը, երբ Սուրէնեանցի ձեւաւորումը փրկեց առաջին անգամ ձախողած բեմադրութիւնը, եւ երկու հանճարներու համատեղ աշխատանքը իրապէս մեծ յաջողութիւն բերաւ ներկայացումին: Չեխովը բարձր գնահատեց հայ նկարիչին գործը, իսկ Սուրէնեանցը քանի մը կտաւ նուիրեց ռուս հռչակաւոր գրողին:

1905-15թթ. Սուրէնեանցը կ’ապրէր Սանքթ Փիթերսպուրկ, բայց ցնցուած հայոց Մեծ Եղեռնի լուրերէն՝ գնաց նախ Թիֆլիս, ապա Էջմիածին, ուր ստեղծեց հայ գաղթա-կաններու բազմաթիւ դիմանկարներ եւ մասնակցեցաւ բարեգործական նպատակ-ներով կազմակերպուած նուիրաբերութիւններուն:

1915-ին, Սուրէնեանցի, Ա. Քալանթարեանի, Ն. Ադոնցի, Տ. Տէր-Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ Փիթերսպուրկի մէջ հիմնուեցաւ Գեղեցիկ Արուեստներու Հայկական Ընկերութիւնը, իսկ 1916-ին, Թիֆլիսի մէջ՝ իր, Ե. Թադեւոսեանի, Մ. Սարեանի եւ Փ. Թէրլէմէզեանի հետ՝ Հայ Արուեստագէտներու Միութիւնը: 1916թ. Մոսկուայի մէջ լոյս տեսաւ «Հայաստանի Պոէզիան» (ռուս.) ժողովածուն` Վ. Բրիւսովի խմբագրութեամբ, Սուրէնեանցի եւ Մ. Սարեանի նկարազարդումներով:

Յետագային նկարիչը գնաց Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան Եալթա քաղաքը` հայկական եկեղեցին որմնանկարներով նկարազարդելու նպատակով: Մա-սամբ նկարազարդեց եկեղեցւոյ պատերը, խորանը, գմբէթը, բայց ծանր հիւանդու-թեան պատճառով կէս մնաց գործը եւ ան դէպի յաւերժութիւն մեկնեցաւ 6 Ապրիլ 1921-ին, 61 տարեկան հասակին մէջ:Անոր գերեզմանը կը գտնուի Եալթայի հայ-կական եկեղեցւոյ բակը:2009թ. Սուրէնեանցի Ախալցխայի տան պատին տեղադրուեցաւ անոր խորաքանդակը (քանդակագործ` Լեւոն Գրիգորեան):

Տասը լեզուներու տիրապետող, լայնախոհ մտքի տէր, իմացութեան գիտական խո-րութիւն ունեցող, բնածին բազմատաղանդ եւ բազմակողմանի զարգացած Սուրէն-եանց ուսումնասիրեց տարբեր ազգերու գրականութիւնն ու արուեստը. ան պարս-կերէնով կ’արտասանէր Հաֆէզ եւ Օմար Խայեամ, թարգմանութիւններ կ’ընէր անգ-լերէն գեղարուեստական գրակութեան հանճարներ Ուիլիըմ Շէյքսփիրէն (շատ գոր-ծերու շարքին նաեւ «Ռիչըրտ Երկրորդ», զոր ղրկեց դերասան Պետրոս Ադամեա-նին),Կէօթէի, Հայնէի բանաստեղծութիւններէն, Օսքար Ուայլտի եւ այլ հեղինակնե-րու գործերէն, հանդէս կու գար իտալերէն զեկոյցներով, գերմաներէնով գիրքերու յառաջաբաններ կը գրէր, ծաղրանկարներով հանդէս կու գար «Թռչող Թերթիկներ» երգիծական թերթին մէջ:

Օտար երկրի մէջ հաստատուած ըլլալը, տարբեր ժողովուրդներու, անոնց պատ-մութիւններու եւ մշակոյթներու հետ շփուիլը իր անդրադարձը ունեցաւ նկարիչի ստեղծագործութիւններու վրայ, սակայն ան՝ իր ամբողջ էութեամբ հարազատ ու կապուած մնաց հայ մշակոյթին, իր հայրենիքին, իր ազգի պատմութեան՝ «Արուեստը ազգութիւն չի գիտեր, բայց իւրաքանչիւր ազգ իր արուեստը ունի» սկզբունքով, եւ խորա-պէս մտահոգուած ըլլալով անոր հոգսերով: «Աշխարհի ամէն կողմը ցրուած են զօրեղ նկարիչներ, որոնցմէ ամէն մէկն իր գտնուած երկրին մէջ անուն հանած եւ հռչակուած է հայ-րենիքէն դուրս. զորօրինակ Շահին, որ Փարիզ կը գտնուի, Մախոխեան՝ Պեռլին եւ շատ ու-րիշներ:Եւ ամէն անգամ,երբ իրար կը պատահէինք, միշտ լուրջ կերպով կը ցաւակցէինք որ այդ կերպ անջատուած ենք իրարմէ եւ չենք կազմէր ամփոփ ընկերութիւն մը: Այդ գանգատը ես անձամբ հանգուցեալ Յովհաննէս աղա Այվազովսքիիէն եւս լսած եմ»,-գրած է նկարիչը:

Սուրէնեանցի հօրը քահանայ ըլլալը, անշուշտ, իր մեծ ազդե-ցութիւնը ունեցած է նկարիչի կողմէն կրօնական թեմաներով բազմաթիւ կտաւներ ստեղծելու ուղղութեամբ. «Անիի Աղջկանց Վանքի Աւերակները», «Տիրամայրը Մանկան Հետ» (2 տարբե-րակներ), «Թափորի Ելքը Էջմիածնի Մայր Տաճարէն»,«Անի.Կա-նանց Ելքը Եկեղեցիէն»,«Հռիփսիմէի Վանքը»,«Երկրպագութիւն» եւ այլն: Ան նոր մօտեցումներով ստեղծեց Տիրամօր եւ Յիսուս Քրիստոսի իրապաշտական կերպարները: Սրբապատկերներ, որոնք նոր խօսք էին հայ հոգեւոր միջավայրի համար: Անոր «Աստուածամայրը Գահին Վրայ» նկարը կը գտնուի Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ: 

«Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսի Դիմանկարը»: Յայտնի է, որ Մկրտիչ Ա-ը ջանասիրաբար կը պաշտպանէր հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը,նիւթապէս կ’օգնէր 1895 թ. Արեւմտեան Հայաստանէն Արեւելեան Հայաստան ապաստանած հայ փախստականներուն: 1909թ.ան քաջաբար կը պայքարէր կայսր Նիկոլայ Բ-ի՝ հայկական եկեղեցիի եւ դպրոցական միջոցներու բռնագրաւման հրամանագիրին դէմ: Սուրէնեանցը պատկերած է այն պահը, երբ Խրիմեան Հայրիկը գորգին կը նետէ նամակը՝ իբրեւ կայսեր հրա-մանագիրին չհնազանդելու ապացոյց մը:

Հայ գեղանկարչութեան մէջ Վարդգէս Սուրէնեանցը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատկերող առաջին արուեստագէտը եղաւ: Ան բազում կտաւներ ստեղծեց այդ թեմայով, ատոնց մէջ ներկայացնե-լով հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը, տխուր ներկան, անոր ընդվզումը, տառապանքն ու հաւատը՝ պայծառ ապա-գայի նկատմամբ։ Հայ ժողովուրդի ողբերգական դրուագնե-րէն մէկը կը ներկայացնէ «Ոտնահարուած Սրբութիւն» (1895) կտաւը, որ ցոյց կու տայ թուրք հրոսակներու կատա-րած բարբարոսութիւնը՝ հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի նկատմամբ: 

Կտաւը բողոք մըն է հնադարեան հայկական մշակոյթի ոչնչացման դէմ. ան կ’արտայայտէ հայ ժողովուրդի հանդէպ կատարուած ոտնձգութիւնները, ազգի ցաւն ու դաժան հարուածները առաջինը իր վրայ ընդունող հոգեւորականի կերպարը, մշակութային արժէքներու յօշոտումը:

 

Հանճարեղ նկարիչի վրձնած իւրաքանչիւր մանրուք մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ այն գազանաբարոյ արարքը, զոր կատարուած է տաճարէն ներս:

«Ջարդէն Յետոյ» (1897)՝ 1894-1896թթ. հայերու կոտորածէն դրուագ մը, խորապէս յուզող, հոգեբանական լարուածութիւն եւ սարսուռ յառաջացնող կտաւ մը:

Այս երկու կտաւները, կարծէք, աշխարհին ուղղուած նկա-րիչին ճիչն ու բողոքն է, նաեւ հազարաւոր անմեղ զոհերու ցասումը՝ ընդդէմ անարդարութեան:

Այս եւ նմանատիպ այլ աշխատանքներու մէջ ցայտուն կեր-պով դրսեւորուած է Սուրէնեանց հանճարը. գաղափարակա-նի, գեղանկարչականի, հոգեբանականի եւ պատմական դրուագի համատեղումն ու կատարեալ ներդաշնակումը՝ մէկ ստեղծագործութեան մէջ:

Նկարիչը յաճախ անդրադարձաւ նաեւ հնադարեան պատմա-կան իրադարձութիւններուն, առասպելներուն, հին հայկական ժողովրդական լեգենդներուն։

Մեծ է այդ թեմաներով ստեղծած կտաւներու շարքը, սակայն անդրադառնանք անոնցէ երկու ամենայայտնիներուն:

Օտարերկրեայ զաւթիչներու դէմ բողոքի փայլուն դրսեւորում մըն է «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի Դիակի Մօտ» (1899թ.) գոր-ծը, ուր պատկերուած է այն պահը, երբ Շամիրամ, նստած իր սիրելիին քով՝ յուսահատութեան եւ շփոթութեան ծանր միտ-քերու մէջ խորասուզուած է: Սուրէնեանցի հերոսուհին իր մէջ կը խտացնէ չարի, իշխողի, նուաճողի եւ դաժանի յատկա-նիշները, ոչ մէկ արգելքի առջեւ կանգ առնող՝ իր սիրոյն հա-մար պայքարող կնոջ տեսակը: Բայց ան միաժամանակ գեղեցիկ, հպարտ, վիրաւորուած եւ դժբախտ կնոջ խորհրդանիշ մըն է։

«Զապէլ Թագուհին Կը Վերադառնայ Իր Գահին» (1909թ.) կտաւին մէջ, ի տարբերութիւն նենգամիտ Շամիրամի, նկարիչը ստեղծած է գեղադէմ եւ նուրբ, բարի կնոջ մը կերպարը, որ նաեւ իր հայրենիքի ու ժողովուրդի համար մարտնչող, համարձակ թագուհի մըն է: Կիլիկիոյ Զապէլ թագուհին, որ  4 տարեկանին ժա-ռանգած էր հօրը՝ Լեւոն 2-րդ Մեծագործի գա-հը, իր տոհմին՝ Ռուբինեաններու վերջին ներկայացուցիչն էր: Իսկ իր ծնած զաւակներն արդէն նոր՝ Հեթումեան տոհմի ներկայացուցիչներ էին: Ան սիրուած եւ մեծ անուն շահած էր իր վարած քաղաքական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութեան շնորհիւ: Մահացած է 37 տարեկանին: 

Վարդգէս Սուրէնեանցի այս երկու բարձրարժէք կտաւները կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ:

 

* * *

Վարդգէս Սուրէնեանցի Մասին

Ի.ՌԷԲԻՆԻր իւրայատկութեամբ զիս զարմացուց պ. Սուրէնեանցի նկարը, այն ծնունդ առնող նոր դպրոցի մը վառ տիպար է… Թիֆլիսի համարկարելի չէ գտնել տեղական դպրոցի աւելի լաւ հիմնադիր, քան Սուրէնեանցն է:

Մ.ՍԱՐԵԱՆ-Վարդգէս Սուրէնեանցի արուեստը հայ ժողովրդական հոգեւոր կուլտուրայի գոհարներէն է: Հազուագիւտ բարոյական արժանիքներով օժտուած էր Սուրէնեանցը նաեւ որպէս մարդ, որպէս քաղաքացի եւ որպէս հասարակական գործիչ:Բարձր կուլտուրայով կատարուած անոր լաւագոյն գործերու մէջ ուժեղ կը տրոփէ Հայաստանի սիրտը, որու համար Վարդգէս Սուրէնեանցը կ’ապրի այնքան, որքան կ’ապրի հայ ժողովուրդը:

Վ.ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԵրաժշտութեան մէջ` Կոմիտաս, գրականութեան մէջ Թումանեան ունեցող ժողովուրդը կերպարուեստի մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց ունեցաւժամանակով Կոմիտասի եւ Թումանեանի տարեկիցը, գործով` նոյն ժողովրդանուէր միսիայի երախտա-ւոր մշակը:

Հ.ԻԳԻԹԵԱՆ…Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւններըզուսպ, լուռ ռէքվիէմ է, ռէքվիէմ ժողովուրդի, որ շատ դառնութիւն ու տառապանքներ կրած, բայց ծունկի չէ եկած, անձնա-տուր չէ եղած: Ռէքվիէմ, որու ուժը ոչ թէ զանգերու ղօղանջներու մէջ է, այլ անբարբառ խոր վիշտով առլեցուն մեղեդիի մէջ, սակայն այդ լուռ բողոքն աւելի ուժեղ է բոլոր բառերէն: Կը բողոքէ հողը,կը բողոքէ հնամենի կուլտուրան,կը բողոքեն մեռեալները:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին