Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Աղօթքով Սկսինք Պահեցողութեան «Պահեցողութիւնը Աղօթք Է, Ապաշխարհութիւն Է, Իրար Օգնել Է» Ըսաւ Անանիա Ծ․ Վրդ․ Գուճանեան

Oրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ պահեցողութիւնը աղօթքով սկսելու նպատակով, երէկ՝ երկուշաբթի, 24 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի, խոկումի եւ խորհրդածութեան հոգեպարար պահ մը։

Աղօթքի սկզբնաւորութեան թեմի կրօնական ժողովի ատենապետ արժանաշնորհ Տ․ Սարգիս աւ. քհնյ. Սարգիսեան հաւատացեալ ժողովուրդին ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւն մը առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի թեմէն ներս եւ այսօրուան աղօթքով բացումը կը կատարենք քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանին։ Ան նկատել տուաւ, որ պահեցողութիւնը եւ աղօթքը զիրար կ՛ամբողջացնեն, որովհետեւ երկուքը մեր հոգիները կը մաքրեն, չարը կը հեռացնեն եւ բոլորս որպէս մէկ ամբողջութիւն հաւաքուած ենք եւ կը հաւատանք, որ այս աղօթքը իր տեղը եւ դերը պիտի ունենայ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ հոգեշնորհ Տ․ Անանիա ծ. վրդ Գուճանեան։ Ան յայտնեց, որ ըստ Աստուածաշունչին, պահեցողութիւնը սուգի եւ ցաւի շրջան մըն է, ինքնազրկանք կամ ինքն իրեն տրուած կամաւոր պատիժ, որը կ՛իրագործուէր որոշ ժամանակ ուտելու եւ խմելու ատեն, ինչպէս նաեւ հաճոյքէն ամբողջովին հրաժարելով, հետեւաբար կրօնական նպատակով ինքն իրեն որեւէ զրկանք պարտադրելը պահեցողութիւն է։ Հայր սուրբը յայտնեց, որ աղօթքը անբաժան եղած է պահքէն աւելցնելով, որ երբ մարդիկ պահեցողութիւն կ՛ընեն միաժամանակ կը կիրարկեն նաեւ աղօթքը։ Ան ըսաւ, որ պահքը հետզհետէ աւելի կիրարկելի դարձաւ իբրեւ ապաշխարանքի նշան եւ արտայայտութիւն, որուն ամենաբացայայտ օրինակը կու գայ նինուէացիներէն, որոնք հաւատալով Աստուծոյ պատգամին պահեցողութիւն յայտարարեցին եւ բոլորը քուրձ հագան։

Շարունակելով իր խօսքը հայր սուրբը ըսաւ, որ պահքի ներկայ ձեւին, այսինքն՝ համադամ կերակուրներէն եւ մսեղէնէն հրաժարելու սովորութեան առաջին անգամ կը հանդիպինք Դանիէլի մարգարէական գիրքին մէջ աւելցնելով, որ Աստուածաշունչի հին եւ նոր կտակարաններէն մեզ աւանդուած հրահանգներու եւ տրուած օրինակներուն լոյսին տակ մեզի համար անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչպէս կրնանք պահքի օրէնքը անտեսել կամ բացայայտօրէն անոր դէմ պայքարիլ յատկապէս այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց հաւատքին եւ գործին ամբողջ շէնքը կ՛ուզեն կառուցել լոկ Աստուածաշունչի տուեալներուն վրայ նկատել տալով, որ մեծ պահքը որպէս հիմք ունի Քրիստոսի 40 օրերու ծոմապահութիւնը անապատին մէջ եւ որովհետեւ մարդկային սովորական բնութիւնը գրեթէ անկարող է տոկալ 40 օրերու ծոմապահութիւնը, ուստի եկեղեցին տնօրինած է կատարել 40 օրերու պահեցողութիւն՝ օրական միայն մէկ անգամ ուտելով։ «Այս կոչուած է մեծ պահք, որուն գլխաւոր նպատակը հաւատացեալին նախապատրաստելն էր, որպէսզի աւագ շաբթուան ընթացքին արժանապէս մօտենայ Ս. հաղորդութեան եւ աւելի մեծ ուրախութեամբ տօնէ Ս. Զատիկը» հաստատեց հայր սուրբը աւելցնելով, որ մենք պահքի ժամանակ պէտք է գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ ամէն ինչի համար ինչպէս նաեւ համբերող ըլլանք եւ բարիք գործենք։

Եզրափակելով իր խօսքը Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ըսաւ. «Պահեցողութեան ժամանակ առաջին հերթին կարեւորը մեր միտքերն են, զանոնք ազատել ուրիշի մասին մտածելէն, ուրիշին կեանքով զբաղելէն, անոր պահեցողութիւնը դատելէն, ուրիշի կեանքը քննարկելէն։ Պահեցողութիւնը աղօթք է, ապաշխարութիւն է, իրար օգնել է» եւ աղօթեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Աստուած բոլորին միտքի հանգստութիւն տայ, համբերութիւն տայ, որպէսզի կարենանք քառասնօրեայ պահքը ճիշդ կերպով կատարել։

Աւարտին բոլորը միասին երգեցին ապաշխարութեան շարականը, «Տէր ողորմեայ»-ն եւ աղօթեցին տէրունական աղօթքը։ Այնուհետեւ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք եւ նախաճաշ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին